Երբ առաջին անգամ Յունաստան այցելեցի, տպաւորուած ըլլալով Հին Յունաստանի պատմութեամբ, այդ կայսրութեան փառքը կազմած մեծ մարդոց յետնորդները փնտռեցի, պատմահայր Հոմերոսի, փիլիսոփաներ Սոկրատի, Պղատոնի, Արիստոտելի, կամ՝ թատերագիրներ Էսքիլէսի, Եւրիբիտեսի ու Սոֆոկլեսի նման համաշխարհային մեծութիւններուն շառաւիղները տեսնել փորձեցի քաղաքացիներուն դէմքերը դիտելով, անոնց վարք ու բարքերուն ծանօթանալով, սակայն վերոհիշյալ մեծութիւններուն ամենայետին նշոյլն իսկ չգտայ ներկայ սերունդին մէջ: Ուրեմն ի՞նչ, այդ մեծերը հետք չե՞ն ձգած իրենց յաջորդներուն մէջ, ո՞ւր է յունական ծինը (գէնը), աղաւաղուա՞ծ, կորսուա՞ծ, ջնջուա՞ծ: Կարելի՞ բան է: Սակայն սա դիմացէն անցնող երիտասարդները, որոնք կը հպարտանան որ յոյն են, ի՞նչ ժառանգած են հիներէն. նոր մեծութիւններ չէ՞ ծնած մայր հողը: Կը նայիմ փողոցներէն հոսող մարդկային գետը. թեւանցուկ, ծիծաղող, շաղակարատող, համբուրուող, ուտող, խմող, անհոգ ու անտարբեր մարդիկ…
Օրեր շարունակ կը փնտռէի ու չէի գտներ հիներուն հետքերը, բացի փլատակ Աքրոփոլիսէն, թանգարաններուն մէջի արձաններէն, շուկան վաճառուող խեցեղէններէն, յուշանուէրներէն, որոնց վրայ դրուագներ նկարուած են հին յունական պատմութենէն առնուած: Գիտեմ, որ կան ակադեմականներ, գիտնականներ, գրողներ ու արուեստագէտներ, սակայն, չկայ անցեալի փառքը. այսքան միայն: Ափսոս. Հիասթափութիւնս մեծ էր:
Քաւութեան նոխազը դարձուցի Յունաստանը, սակայն տարբեր չեն միւս երկիրներն ու ժողովուրդներն ալ՝ Իտալիան, Անգլիան, Ֆրանսան եւ միւսները, ուր այցելած եմ, կամ կարդացած իրենց մասին, սակայն միեւնոյն հիասթափութիւնը ապրած:
Ասիկա օրինաչափութի՞ւն է, անցեալի փառքը պիտի կծկուի, դառնայ թանգարաններու ու պատմութեան գիրքերու եւ դասագիրքերու բնակիչ, տեղ տալու համար նորին, որ աննկարագրելի, հրաշքներու համազօր գիտական նուաճումներու անվերջանալի շարան մըն է, բայց հին փառքին արժանաւոր յաջորդը չէ:
Ճարտարագիտական նուաճումներրուն մասին միայն հիացմունք ու յարգանք ունինք, սակայն միւս ասպարէզները՝ գրականութիւն, գեղարուեստ, երաժշտութիւն… ահաւոր անկումի մէջ են, թէեւ նորարարութիւն կը կոչուին:
Ներկայ աշխարհին մէջ իտալական վերածնունդի մարմարեայ արձաննհերուն նման մէկ հատ արձան քանդակուեցա՞ւ, Շէյքսփիր մը կրկնուեցա՞ւ, Պէթհովէնի, Մոցարտի կամ Չայքովսկիի նման երաժիշտներ աշխարհ եկա՞ն, Տաւինչիի ու Միքելանճելոյի նկարներուն հաւասար նկարներ վրձինուեցա՞ն:
Չշարունակեմ, անցեալի մեծութիւնները անկրկնելի մնացին, որովհետեւ ներկայ դարը նիւթապաշտական- առարկայական դար եղաւ, ո՛չ հոգեւոր ու մտաւոր:
Իսկ Հայաստա՞նը: Հայաստանը տարբեր չէր կրնար ըլլալ միւսներէն: Իսկապէս, ի՞նչ մնացեր է մեր անցեալի փառքերէն, ո՞ւր են մեծերը. կարիք կա՞յ անուններ տալու: Ի զուր չէ, որ մենք անընդհատ կը խօսինք մեր անցեալի փառապանծ պատմութեան, դէպքերու եւ դէմքերու մասին: Ներկայիս ալ ունինք անուանիներ, սակայն երկրորդ Նարեկացի մը չծնաւ, ոչ ալ երկրորդ Կոմիտաս մը, Անդրանիկ մը, Վարուժան ու Թումանեան մը, Ոստանիկ ու Սարեան մը: Կործանած թագաւորութեան փոխարէն՝ Կիլիկեան նոր թագաւորութեան մը հիմնադիր Ռուբէն իշխան մը, երկիր պահող սասունցի ու զէյթունցի հերոսներ…
Անցեալի «փառքերն» ու բարքերը պահող ու շարունակող թերեւս միակ բացառութիւնը մեզի դրկից երկու «եղբայրացած» պետութիւնները կը կազմեն, ուր անցեալի բարքերուն ու սովորութիւններուն վրայէն անընդհատ փոշին կը մաքրեն եւ անցեալը ներկայ կը բերեն, կամ ներկան անցեալ կը տանին: Համայնակուլ ախորժակ, աւերելու ու ջարդելու անզուսպ բնազդ, արիւնարբու, յօշոտող ու արեան տեսքէն գինովցող: Ասոնց մէջ անցեալը դեռ կ՛ապրի Գորշ գայլի տեսքով, զոր յաճախ իրենց ձեռքերուն կծկումով կը ցուցադրեն:
Անցեալի փառքերով հպարտանալը բնական է, սակայն ներկայի մէջ անցեալը միայն յիշելն ու չշարունակելը յանուն նորարարութեան՝ լճացումի կը տանի մեզ:
Յիշենք մեր փառապանծ անցեալի մեծերը եւ աշխատինք անոնց արժանի յաջորդները դառնալ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ