2011-ին բռնկած Սուրիոյ պատերազմը թէեւ արդէն քանի տարիէ ի վեր վերջ գտած է, սակայն անոր հետեւանքները դեռ չեն դարմանուած ու կը կոտտան, իսկ մարդիկ երթալով աւելի կը յուսալքուին, երբ ելեկտրական հոսանքի հարցը չէ լուծուած՝ օրական 2 ժամ միայն: Չէ լուծուած նաեւ վառելանիւթի հարցը:
Շատ երկար կարելի է խօսիլ Սուրիոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, սակայն կ՛ուզեմ խօսիլ լուսաւոր կէտի մը մասին՝ այդ համատարած դժուարին իրավիճակին մէջ: Այդ լուսաւոր կէտը Հայաստանի բանակի ականազերծման մասնագէտ սակրաւորներու խումբն է, որ 2018-էն ի վեր կը գործէ Հալէպի նահանգին մէջ, ականազերծելով գիւղատնտեսական հսկայ հողատարածքներ, որոնց մէջ թաղուած ականներն ու չպայթած ռումբերը մեծ թիւով մահերու եւ հաշմանդամութեան պատճառ դարձած էին: Հիմա գիւղացիները աւելի հանգիստ եւ ապահով կը ցանեն ու կը քաղեն իրենց բերքը:
Սուրիական պետութիւնը բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքն ու պատիւներու արժանացուց խումբն ու անոր հրամանատար գնդապետ Արգադի Տօնոյեանը: Ականազերծման խումբն ու ղեկավար գնդապետը քանիցս հիւրընկալուած են Հալէպի հայկական հաստատութիւններուն կողմէ, անոնք հանդիպումներ ունեցած են դպրոցներու աշակերտութեանց հետ, բացատրած են իրենց առաքելութեան հիմնական նպատակն ու արդիւնքները:
Այս երեւոյթը իր առարկայական իմաստէն անդին՝ աւելի արժէք կը ներկայացնէ, երբ թափանցենք անոր խորքն ու վերադառնանք պատմութեան էջերուն: Հայ-սուրիական կապերը շատ աւելի հին են, քան Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթին պատճառած արհաւիրքի օրերուն ստեղծուած կապերը, երբ հայու խլեակները քշուեցան սուրիական անապատ, եւ տեղացի արաբները հոգատար վերաբերմունք ցոյց տուին, մինչեւ որ յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին կիսամերկ ու բոկոտն Սուրիա հանգրուանած հայերը ոտքի կանգնեցան, սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցան եւ տասնամեակներու ընթացքին բաւական բարւօք վիճակի մը հասան:
Հայը միշտ ալ երախտապարտ եղած է տեղացի արաբին, ժողովրդային գետնի վրայ թէ պետական մակարդակով. խորհրդային շրջանին մշակութային փոխադարձ յարաբերութիւնները աշխոյժ էին: Անկախութենէն ետք երբ ՀՀ առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանը արտերկիր իր առաջին այցելութիւնը յատկացուց իր ծննդավայր Հալէպ քաղաքին, ան իր պատուին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի ներկայութեան իր խօսքը արտասանեց արաբերէնով, ոչ միայն որպէս արեւելեան լեզուներու գիտակ մարդ, այլեւ որպէս երախտագիտական յարգալից դրսեւորում:
Սուրիոյ նախագահը երկրաշարժէն տուժած, նոր անկախացած Հայաստանին թոներով ցորեն ուղարկեց, ինչպէս նաեւ սուրիական ազգային արժէք նկատուող եւ երկրէն արտահանումը արգիլուած ձիթենիի հազարաւոր տնկիներ նուիրեց Հայաստանին: երկրաշարժէն տուժածներուն հալէպահայութեան կողմէ հաւաքուած եւ հսկայ արկղներու մէջ տեղադրուած զանազան տեսակի օժանդակութիւն Երեւան հասցնելու համար, Սուրիան անվճար օդանաւեր տրամադրեց:
Հաֆէզ Ալ Ասատ բազմաթիւ առիթներով գոված է սուրիահայութիւնը որպէս հայրենասէր, շինարար տարր: Ան երբ Հայաստան այցելեց, բարձրացաւ Ծիծեռնակաբերդ, խոնարհեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ: Այցելեց նաեւ Մատենադարան եւ իր հիացմունքը յայտնեց, այցելուներու մատեանին մէջ յիշատակ ձգելով իր տողերը:
Յաջորդ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի շրջանին Սուրիան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայաստանն ալ փոխադարձաբար քանի անգամներ պատերազմէն տուժած Սուրիոյ թոներով օգնութիւն ուղարկեց: Այնպէս որ վերը յիշուած սակրաւորներու ծառայութիւնը վարձայատոյց ըլլալու ձեւ մըն է:
Ի դէպ, Տօնոյեանին վեցամեայ պաշտօնավարութիւնը աւարտած ըլլալով՝ ան մօտերս պիտի վերադառնայ Հայաստան, իսկ խումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները: Այս առթիւ Հալէպի ՀԲԸՄ-ն ու ՀԵԸ-ը ի պատիւ գնդապետին յատուկ հանդիպում մը կազմակերպած էին, որուն ընթացքին Միութեան կողմէ հրամանատարը պարգեւատրուեցաւ «Պօղոս Նուպար» բարձրագոյն շքանշանով, իսկ ՀԵԸ-ի կողմէ ալ անոր կուրծքը զարդարուեցաւ Ընկերակցութեան ոսկեաէյ մետալով:
Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են ու կը շարունակուին, ի փառս երկու ժողովուրդներուն:
Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպան դամասկահայ մտաւորական Նորա Արիսեանի նշանակումը գեղեցիկ եւ յատուկ վերաբերմունք մը չէ՞:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ