Դպրոցական օրերէն, մեր զինուորական դաստիարակութեան սպայ-ուսուցիչէն լսած էի, որ Հրէաստանի խորհրդարանի դահլիճի ճակատին գրուած է` «Եփրատէն մինչեւ Նեղոս, քու հայրենիքդ է Իսրայէլ»: Անշուշտ զինուորական դասատուին նպատակն էր մեզի հասկցնել, որ 1948-ին ստեղծուած հրեաներու «հայրենիքը» միայն Պաղեստինեան հողերով պիտի չսահմանափակուի, մարդիկը աչք ունին հարեւան երկիրներու տարածքներուն վրայ ալ: Անոնց նպատակն է իրագործել վերոյիշեալ լոզունգը, Իսրայէլի տարածքը ընդարձակելով, ամէն անգամ որ առիթ ներկայանայ:
Այդ առիթը ներկայացաւ1967-ի հինգօրեայ պատերազմին, երբ իսրայէլեան բանակը գրաւեց Սուրիոյ Կոլանի բարձունքը եւ Եգիպտոսի Սինայիի անապատը: Սինայիի անապատը շրջան մը ետք եգիպտական բանակը ազատագրեց, սակայն սուրիական գրաւուած հողերը մնացին գրաւուած եւ ապօրինաբար կցուեցան Իսրայէլին: Այդ գրաւուած հողերուն վրայ ապրող սուրիացիներ կան, որոնք մերժեցին տեղահան ըլլալ եւ իսրայէլեան հպատակութիւնը ընդունիլ, Տիւրզի բնակիչները մինչեւ այսօր զանազան առիթներով ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ պահանջելով վերադառնալ ու վերամիանալ Սուրիոյ իրենց կիսուած ընտանիքներուն:
Այս հակիրճ պատմականը ըրի, որպէսզի հրէասէրները հասկնան, թէ ի՞նչ է Իսրայէլը իսկութեան մէջ: Վերոյիշեալ լոզունգը անիմաստ տեղը չէ դրուած, ոչ ալ դահլիճը զարդարելու համար է, այլ անիկա վերջնական նպատակն է ընդամէնը 76 տարի առաջ Անգլիոյ օգնութեամբ եւ արեւմտեան աշխարհի մեղսակցութեամբ ստեղծուած երկրի մը, որ անյագօրէն կ՛ուզէ կուլ տալ շուրջի երլիրները եւ ստեղծել Մեծն Իսրայէլը:
Անցնող տարին եւ վերջերս ալ ամէն օր պարզուող արաբ-իսրայէլեան պատերազմի դրուագներու եւ հեռատեսիլային ցուցադրութիւններու ատեն յստակ կերպով նկատեցի իսրայէլացի զինուորներուն տարազի ձախ թեւին վրայ ամրացուած տարբերանշան մը, ուր կ՛երեւէր հրեաներուն երազած Մեծն Իսրայէլի քարտէսը, որուն մէջ ներառնուած էին տարածքներ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Սէուտական Արաբիայէն ու Եգիպտոսէն:
Երբ մենք ամէն առիթով եւ ամէն տեղ Արարատ լեռան նկարը կը դնենք, պարզապէս ըսել կ՛ուզենք՝ Արարատը մերն է, մերը եղած է Նոյի օրերէն ու մերը պիտի դառնայ օր մը, երբ ի վիճակի ըլլանք մեր Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրել: Մենք իրաւունք ունինք, պատմական հազար փաստ կայ, որ Արարատը մերը եղած է, ոչ միայն որպէս սուրբգրային փաստ, այլ պատմական ապացոյցներով, որ ոչ մէկը կրնայ անտեսել:
Իսկ հրեաներուն ըրածը՝ տարածքը գրաւելու եւ զայն ընդարձակելու ձգտումները ոչ մէկ լուրջ հիմք ունին, նոյնիսկ եթէ Աւետարանը յիշած է, որ իրենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն են, կամ նոյնիսկ եթէ Մեռեալ ծովու յատակէն ձեռագիր փաթեթներ կը յայտնաբերուին: Պաղեստինի մասին՝ գուցէ, թէեւ նոյնիսկ ա՛յդ կարելի է վիճարկել, սակայն կողքի երկիրներու տարածքներն ալ իրենց պատկանած ըլլալը փաստել փորձելը, պարզապէս երեւակայածին երազ մըն է:
Աւետարանն ալ, այդ փաթեթներն ալ իրենց շինած պատմութիւններու փաստաթուղթեր են, որոնց վրայ յենած իբր թէ 2000 տարի ետք անոնք վերատիրացան իրենց հայրենի հողերուն:
Ըսելիք չունիմ, խելացի ժողովուրդ են, ստեղծագործ, աշխատասէր, սակայն բնական ու շինծու փաստերը իրարմէ դժուար չէ զատորոշել, նստիլ ու պատմութիւն յօրինել, որո՞նց խաբելու համար: Շատ շատեր նետուած կուտը կերած են ու կ՛ակնկալուի որ հաւկիթ ածեն: Այդ կուտերը հաւկիթի փոխարէն փչոցներ կ՛ածեն անդադար:
Ահա՛, կը տեսնէք, մէկ տարիէ ի վեր ինչ դաժանութեամբ Պաղեստին եւ Լիբանան կը ներխուժեն, այս ալ ծրագրուած առիթ է, որ դարձեալ հողապատառներ գողնան վրիժառութեան պատրուակով: Ծաւալապաշտ, ռազմասէր Իսրայէլը փորձանք դարձած է տարածաշրջանի մարդոց եւ պետութիւններու գլխուն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ