Աշխարհի բոլոր երկիրներուն պէս երկիր ենք, որոշ մարզերու մէջ ուրիշներէ աւելի լաւ, որոշ մարզերու մէջ ալ՝ ուրիշներէ նուազ լաւ: Սովորական երկիր մըն ենք, որուն երկինքը երբեմն շատ կը պայծառանայ ու կը փայլի, երբեմն ալ թխպոտ կ՛ըլլայ, ճիշդ մեր իրավիճակին նման, քաղաքական թէ տնտեսական, ռազմական թէ խաղաղական:
Վերջերս ելեկտրականացած էր երկրի մթնոլորտը, թեր ու դէմ արձակուող սլաքները խոցելի էին, բայց շուտ ամոքուող, հարցը ծայրայեղութեան չհասաւ բարեբախտաբար, սակայն իր հետքը ձգեց, եթէ ոչ գետնի վրայ, ապա հոգիներու մէջ՝ վստա՛հ:
Ու այս իրավիճակին մէջ Երեւանի երկնակամարը լուսաւորեցին երեքհարիւր ծաղկահասակ երեխաներ, մին՝միւսէն աւելի լուսերես, մին՝ միւսէն աւելի կայտառ, լուսաշող աչքերով, որոնք Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին բեմը, ամբողջ ժամ մը, կոմիտասեան երգերու բուրաստանի մը վերածեցին:
Կազմակերպողը Երեւանի քաղաքապետարանն էր, սկիզբը որպէս մրցոյթ մանկական երգչախումբերու, ապա երեկոյթ՝ մրցանակաբաշխութիւն եւ կոմիտասեան փառատօն:
Նախորդ քաղաքապետներէն մէկը ծաղկասէր էր, քաղաքը ծաղիկներով զարդարեց, յաջորդը, թէեւ դերասան էր, սակայն ճիգ թափեց քաղաքի ապօրինի շինութիւնները մէջտեղէն վերցնելու եւ զանոնք փոխարինելու բացօթեայ տարածքներով: Այս նորը երեւի մրցանակասէր է. երաժշտական այս մրցոյթը հազիւ լրացաւ, նոր մրցոյթ յայտարարուեցաւ. այս անգամ՝ գրական: Ինչ լաւ է քաղաքին համար, իւրաքանչիւրը իր հետքը կ՛ուզէ ձգել եւ ժողովրդականութիւն շահիլ:
Երեւանի քաղաքապետութիւնը, իմ սեփական կարծիքով, բաւական լուրջ պաշտօն է, համարեա՛ մայրաքաղաքի նախագահ, որ պատասխանատու ըլլալու է ամբողջ քաղաքին՝ բոլոր կառոյցներուն, հանրօգուտ շինութեանց, օդին ու ջուրին, եւ անշուշտ՝ անոր բնակչութեան, մեծին ու պզտիկին, կանանց ու տղամարդոց, ակադեմականին ու արհեստաւորին, հարուստին ու աղքատին… եւ բոլորին հոգալու է հաւասար աչքով, անոնց բարօրութեան, անոնց առողջութեան ու հանգիստին, այնքան ատեն որ անոնք քաղաքացի են ու ինք ալ քաղաքապետ է:
Քաղաքացիին բարօրութիւնը կախում ունի մէկէ աւելի պայմաններէ, օրինակ՝ անոր հանգիստը, որուն համար ծաղիկներն ու մրցումները բաւական չեն, փողոցները պէտք է ըլլան մաքուր, աղբատար մեքենաները լաւ աշխատելու են, փողոցները ըլլալու են անաղմուկ, իսկ մեր փողոցները այդպէս չեն, ամէնէն աղմկոտները շտապ օգնութեան մեքենաներն են, որոնց ահազանգերը ոչ միայն ճամբայ բանալու համար են կարծէք, այլ՝ մարդիկը սրտաճաք ընելու: Փոխադրամիջոցներուն եւ շէնքերու վերելակներուն նորերով փոխարինուիլը բաւարար չէ, շէնքերու եւ բակերու մաքրութիւնն ու վերադասաւորումն ալ կարեւոր է:
Ամենամեծ չլուծուած խնդիրներէն մէկը մուրացկաններն են, եւ անշուշտ թաքսիները, իսկական արշակաւան, ով ուզէ՝ թաքսիստ կ՛աշխատի, ինչ մեքենայ ըլլայ, քանի չորս անիւ ունի ու տէրն ալ դրամի պէտք ունի, թաքսիստ կ՛աշխատի: Երեւանի նման գեղեցիկ քաղաքի մը փողոցներուն մէջ երթեւեկող թաքսիները պէտք է զատորոշուին իրենց յատուկ գոյնով: Աշխարհի վրայ ընդհանրապէս դեղին գոյնն է ընթացիկը: Պէտք է անպայմա՛ն հաշուիչ ունենան, որպէսզի ուղեւորը խաբկանքի զոհ չերթայ: Վարորդները քննութենէ անցնելու են՝ իրենց քաղաքին ծանօթ ըլալը փաստող, նաեւ իրենց վարքն ու բարքը հաստատող:
Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ… Խորհրդային շրջանին, որեւէ գործարանի պաշտօնեայ եթէ յանցանք մը գործած է, կամ իր պաշտօնը շահագործած է, կամ գողութիւն ըրած է, ոչ միայն կը դատապարտուէր, այլեւ իր նկարը կը փակցուէր հաստատութեան ցուցափեղկին մէջ ու կը խայտառակուէր նուաստացուցիչ որակումներով:
Այսօր ֆէյսպուքը աղբամանի տեղ դնող անձեր ինչպիսի աղտեղութեամբ կը լեցնեն զայն, ահաւոր անէծքներով ու անկրկնելի հայհոյանքներով. պէտք չէ՞ այդ մարդոց հասցէն գտնել եւ զիրենք պատիժի ենթարկել: Բայց որո՞ւ կ՛ըսես, վիճակը գլուխը առեր գացեր է, ներկայ վրդովեցուցիչ պայմաններուն մէջ այս մանրուքներով ո՞վ պիտի զբաղի:
Բայց, ի՞նչ մեղքս պահեմ, երբ կոմիտասեան երեկոյին նման ձեռնարկ կը կազմակերպուի, թերութիւնները կը մոռնանք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ