Լիբանանի հիւսիսային Աքքար նահանգին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» յուշարձան
Իմացանք, որ վերջերս Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Աքքար նահանգին Ալ Քաուաշիրա գիւղաքաղաքին մէջ բացումը կատարուեր է այսպէս կոչուած Ազրպէյճանի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանի մը…
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է ազրպէյճանական պաշտօնական ներկայութեամբ, իսկ «հանդիսութեան» խօսք առած է նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ՝ Մոհամմատ Սուլէյմանը:
Երկիրներու միջեւ բարեկամութիւնը վատ երեւոյթ չէ, սակայն Արցախի 44-օրեայ պատերազմին երկրորդ տարելիցին Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ նման գործողութիւն մը աւելի քան վիրաւորական է հայ ժողովուրդին եւ լիբանանահայ համայնքին համար: Ամօթալի է նաեւ Լիբանանի պետութեան համար, որուն քաղաքացիներէն Վիգէն Իւլճեքեանը երկու տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն գերեվարուեցաւ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ եւ մինչեւ օրս անտանելի պայմաններու մէջ եւ անարդար մեղադրանքով կը մնայ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, մինչ անոր՝ նոյնպէս Լիբանանի քաղաքացի ընտանիքը տառապանք կ՛ապրի: Խօսքը նոյն այն լիբանանցի քաղաքացիին մասին է, որուն ազատագրման համար Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերը տակաւին ապարդիւն կը մնան:
Լիբանանի պետութիւնը տեղեա՞կ է այս յուշարձանի կայացումէն, թէ՞ սոսկ տեղական նախաձեռնութիւն է: Զայն կառուցել նախաձեռնողները, արտօնողներն ու օրհնողները ականատեսը եղած չե՞ն ազերիական պատերազմական ոճիրներուն: Լիբանանի նահատակներուն նուիրուած յուշարձան մը գոյութիւն ունի՞ արդեօք Ազրպէյճանի մէջ:
Պարզ է, թէ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը Լիբանանի բնակչութեան որոշ շրջանակներու «մարդասիրական» օգնութիւն ցուցաբերելու համար, որուն որպէս փոխադարձութիւն՝ տուեալ շրջանակներու քծնումին եւ անհեթեթութեան վառ օրինակ մըն է եղածը, նաեւ, գուցէ, հոն խօսք առնող լիբանանցի երեսփոխանին ընտրական հաշուարկները, սակայն ո՞ւր է լիբանանեան պետութիւնը…:
Տուեալ յուշարձանը մի քանի ժամուան ընթացքին մտայղացուցած, կառուցուած ու բացումը կատարուած անակնկալ մը չէր անշուշտ: Ի տես անոր նախապատրաստութեան ու բացման արարողութեան, ո՞ւր էին կամ են լիբանանահայ համայնքի կրօնական, թէ աշխարհական առաջնորդներն ու ղեկավար մարմինները: Ո՞ւր են լիբանանահայ համայնքին նախկին թէ ներկայ քաղաքական ներկայացուցիչները Լիբանանի կառավարութեան, թէ խորհրդարանին մէջ, մանաւանդ ո՞ւր է անոնցմէ դաշնակցական ներկայացուցիչներէն մին, որ առիթը չի փախցներ «Փի Առ»-ուելու՝ լիբանանահայ Վիգէնի գերեվարութեան թեմայով…:
Արցախը իր բախտին ձգած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսելիք մը ունի՞ արդեօք այս հարցին մասին: Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանին ուղղելիք արդարացի հարցադրումներ ունի՞ արդեօք:
Վերջապէս, երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները ողջունելի են անշուշտ, բայց անոնք հիմնուած պէտք է ըլլան իւրաքանչիւր երկրի կողմէն միւսին գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ, որպէսզի այդ յարաբերութիւնները չվերածուին կախեալութեան, պաշտամունքի ու քծնումի անհեթեթ երեւոյթներու:
ՍԵՎԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր