Ուրբաթ, 11 Նոյեմբերին, Հալէպի ազգային գրադարանին մէջ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ սկիզբ առած է Հալէպեան թատերական փառատօնը: Բացումը կատարուած է ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբին «Մեր թաղը» ներկայացումով, հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Վաչէ Ատրունիի: Արաբական թատերախումբերու կողքին, «Ադամեան» միակ հայկական թատերախումբը եղած է, որուն տրուած էր բացումը կատարելու պատիւը: Արաբ հանդիսատեսը, մէջընդմէջ տրուած պատկերներու բացատրութեամբ, հետաքրքրութեամբ հետեւած է հայախօս ներկայացումին ամբողջ երկու ժամ ու ջերմ ծափահարութիւններով շնորհաւորած բեմադրիչն ու դերասանները:
«Ադամեան» թատերախումբը կը շարունակէ պահպանել իր աւանդոյթը ի հեճուկս Հալէպի մէջ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային ահաւոր պայմաններուն: Բեմադրիչին տրուած պատուոգինէն զատ, 25 դերակատարներէն, թէքնիք կազմի անդամներէն ոչ մէկը նիւթական վարձատրութիւն կը ստանայ, բան մը՝ որ տասնամեակներէ ի վեր թատերախումբի աւանդոյթին մաս կը կազմէ եւ պատիւ կը բերէ ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան եւ թատերախումբին:
Յիշենք նաեւ, որ ՀԵԸ-ի «Կոմիտաս» սենեկային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ բժ. Սարգիս Իսկէնեանի, դարձեալ Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով կիրակի, նոյեմբեր 13-ին երրորդ անգամ ըլլալով, ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքի Օփերայի դահլիճին մէջ: Դամասկոսցի հանդիսատեսները մեծապէս գնահատած են համերգը, իսկ տեղական արաբատառ մամուլը դրուատալից յօդուածներով անդրադարձած է երեկոյթին:
Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը քաջալերելու համար արուեստն ու արուեստագէտները, մրցակցութեան հրաւիրած է Սուրիոյ մէջ գործող երգչախումբերը. արդէն եզրափակիչ փուլին անցած են ՀԵԸ-ի «Սպենդիարեան» ու Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբերը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ