Պաղեստինեան շրջան մը կար, համանուն իր քաղաքով, որ հիմա «չկայ» ըլլալու թեկնածու է: Ժողովուրդ մը կար, որ դատ ունէր եւ իր դատին համար պայքարող մարտիկներ. Արեւմուտքը զայն «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններու ցանկին անցուց, որովհետեւ անոր պայքարը ապօրէն նկատեց, ապօրէն եւ վնասակար, վնասակար եւ պատիժի արժանի: Արեւմուտքը, որ սա կամ նա կազմակերպութիւնը «ահաբեկչական» կ՛որակէ, իր գաղութարարական պատմութիւնը Ասիոյ, Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ կը մոռնայ երեւի ու կը կարծէ, որ միւս պետութիւններն ալ կը մոռնան: Իրենք կը ձեւեն, իրենք ալ ձեւածնին կը հագցնեն, որքան ալ ընդդիմացողներ ըլլան՝ զանոնք hամոզելու ձեւերը գիտեն:
Արդէն չորրորդ ամիսն ենք, եւ ըմբոստը պատժելու ելած իսրայէլեան բանակը դեռ չէ յագեցած. աւելի քան 25.000 մարդկային զոհ, մեծամասնութիւնը անզէն, խաղաղ քաղաքացիներ, որոնց մէջ 7.000 երախայ, առաւել՝ 7.000 անհետ կորսուածներ, 60.000-էն աւելի վիրաւորուածներ, որոնք բժշկական միջամտութեան կարիք ունին, սակայն 69 հիւանդանոց եւ բժշկական կեդրոն գետնին հաւասարած են, ինչպէ՞ս բժշկեն: 306.000 բնակարան, Կազայի 61% -ը քարուքանդ եղած, 138 դպրոց լրիւ կամ մասնակի փճացած ու դեռ ոչ թէ ամէն օր, այլ՝ ամէն ժամ յիշեալ թիւերը աւելնալու ենթակայ են:
Թէեւ ԱՄՆ համաձայն չէ (կ՛ըսեն՝ Պայտենի համբերութիւնը յատած է…), սակայն Իսրայէլը ծրագրած է Կազայէն բռնի տեղահանուած աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն բնակիչներուն արգիլել վերադառնալ իրենց բնակավայրերը, նոյնիսկ ափրիկեան կարգ մը պետութիւններու հետ քննարկումի մէջ է, համոզելով որ ընդունին պաղեստինցի գաղթականները, ռազմական եւ տնտեսական հսկայ օժանդակութեանց փոխարէն: Նաթանիահուն, հակասելով ԱՄՆ-ին, կ՛ըսէ որ Պաղեստինեան պետութիւն երբեք պիտի չըլլայ: (Արաբական պետութիւնները չե՞ն ընդունիր զանոնք, թէ՞ Լիբանանի նման նոր հիւղաւաններու փորձանքներ պիտի չուզեն ունենալ):
Բայց, ո՞ւր են արաբական պետութիւնները, ո՞ւր է կէս միլիառի մօտեցող արաբական աշխարհը: Այդ պետութիւններուն բոլորն ալ իրենց ազգային կոչերուն մէջ առաջնահերթութիւնը կու տան պաղեստինեան հարցին, սեւով ճերմակի վրայ գրուած, խօսքով բարձրախօսներու առջեւ արտասանուած, Արաբական Լիկայի ժողովներուն միաձայնութեան արժանացած պաղեստինեան հարցը, որ կը մնայ օդէն կախուած լոզունգ, սնամէջ խոստում, ուրիշ ոչ մէկ բան: Ամիսներէ ի վեր ազգի մը զաւակները կ՛ողջակիզուին օր ցերեկով, որովհետեւ իրենց զինեալ կազմակերպութիւնը, իսրայէլեան պետութեան հիմնումէն ի վեր՝ 75 տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ընդհարումներէ ետք, քաջութիւնը ունեցաւ կազմակերպուած յարձակում մը գործելու եւ բռնագրաւուած տարածքներ ազատագրելու:
Եւ զինեալ կազմակերպութիւն Համասը պատժելու համար ոտքի ելած իսրայէլեան բանակը որոշեց ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջել, որպէսզի այլեւս ոչ մէկ պաղեստինցի մտածէ անհանգստացնել Իսրայէլը: Ձեւականօրէն միայն Համասը թիրախաւորելու փոխարէն, անոր ծնունդ տուող մայրերն ու հայրերը, քոյրերն ու եղբայրները, անոնց երախաներն ալ մաքրեց, սրբեց, որ Համասը ապագայ չունենայ: Իբր թէ մարդասիրական կոչ կ՛ընեն, կ՛ըսեն գաղթեցէք աւելի ապահով վայրեր, պարպեցէք շէնքերը, պիտի ռմբակոծենք: Աշխարհի աչքին փոշի փչելու նման «ազնիւ» կոչ ու ռմբակոծում տարատեսակ միջոցներով:
Ըստ իրենց, Միջազգային Դատարանն ալ իրաւունք չունի դատելու այս կոտորածը, քանի յարձակողը ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի ոչ միայն Կազայի տարածքին, այլեւ որեւէ վայր, ուրկէ վնաս կը սպառնայ՝ Սուրիա, Լիբանան, ոչ միայն հարաւը, այլ նաեւ Պէյրութը թիրախաւորելով:
Անշուշտ ըսողներ կան, որ Համասը չյարձակէր, Իսրայէլն ալ չէր պատասխաներ: Ըստ այդ տեսակէտը պաշտպանողներուն, եթէ ուժդ չի ներեր թշնամիդ տապալելու, պիտի չյարձակիս, պիտի սպասես, մինչեւ այնքան մը զօրանաս, որ կարենաս դաս մը տալ թշնամիիդ: Հայկական ջարդերն ալ այս պատճառով չեղա՞ն, ի՞նչ պէտք ունէին ֆէտայական շարժումներուն, կամ ռուսական բանակին միանալուն, տեղերնին հանգիստ նստէին, ցեղասպանութիւն չէր պատահեր…
Արցախը վերջին ա՛յս յորդորով շարժեցաւ, զէնքը վար դրաւ, պատերազմին առաջքը առաւ, կռուողները փրկուեցան, բայց Արցա՞խը… Արցախը զոհուեցաւ եւ անոր մեծերը գերեվարուեցան… Լա՞ւ եղաւ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ