Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, ամբողջ աշխարհի նիւթն էր: Այնքան խօսուեցաւ այդ մասին, այնքան լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր ցուցադրուեցան, որ զանոնք կրկնելը անիմաստ պիտի ըլլար: Ես երկրաշարժի մասնագէտ չեմ, որ իմ կարծիքս յայտնեմ, կամ վերլուծումներ ընեմ, թէ ինչո՞ւ պատահեցաւ, ինչո՞ւ այսքան ուժգին, ինչո՞ւ այսքան համատարած աւերներ գործեց ու մեծ թիւով զոհեր ու աւելի մեծ թիւով ալ վիրաւորներու պատճառ դարձաւ:
Սակայն, որպէս հետեւող եւ քանի մը երկրաշարժներու մասին լսած ու հետեւանքները իմացած մարդ մտքիս մէջ հարցումներ կը ծագին եւ մէջս պահելու փոխարէն կ ուզեմ կիսել ընթերցողներուն հետ, գուցէ օգտակար եզրակացութեան մը յանգինք:
Մեր երկրագունդը մե րն է, այսինքն վրան բնակող մարդկութեան. ուրիշը չունինք եւ մօտիկ ապագային ալ ուրիշ մը չենք կրնար ունենալ, ինչքան ալ միլիոններ ծախսեն մեծ պետութիւնները տիեզերքը հետազօտելով, բնակելու յարմար նոր մոլորակներ գտնելու իրենց ջանքերուն մէջ: Հարիւր հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդկութիւնը բնակութիւն հաստատած է այս մոլորակին վրայ եւ սակայն անոր կեղեւը բարելաւելէն անդին չէ անցած: Ինչ որ շինած է, քանի մը հարիւր մեթր երկրի ընթերքին խորերը ու քանի մը հարիւր մեթր դէպի վեր, բոլորն ալ կեղեւին մաս կը կազմեն, իսկ ամենամեծ չարիքը փոթորիկներէն, ջրհեղեղներէն ու հրդեհներէն աւելի սարսափելին երկրի միջուկն է՝ հրահեղուկը (մագմա) որ եռուն վիճակի մէջ է ու ատենը անգամ մը դէպի դուրս կը փորձէ նետուիլ հրաբուխի ձեւով լաւա դուրս թքելով, կամ եթէ ճամբայ չգտաւ՝ երկրաշարժ պատճառելով եւ այդ ընթացքին մէջ հսկայական աւերներ գործելով:
Այս բոլորը գիտենք, սակայն «Գազանը» զսպելու ձեւեր չենք գտներ: Ամենալաւ յաջողութիւնը այն եղած է, որ պատահելէն ետք վնասը նուազագոյնի իջեցնելու աշխատանքներ տարուած են, որոնք ԱՄՆ-ի կամ Ճափոնի նման երկիրներ կը կիրառեն եւ իսկապէս ալ կը յաջողին: Այս իմ յիշած վերջին երկրաշարժը, որ ահագին զոհ գրանցեց, եթէ յիշած երկիրներէս մէկուն մէջ պատահեր, վստահ եմ՝ այս վերջինի վնասներուն մէկ տասներորդով կ ըլլար:
Ամէն երկիր, մասնաւորաբար այն երկիրները, ուր երկրաշարժը յաճախակի չէ, այդ արդի միջոցները կ անտեսեն, կամ այդքան ծախսելու կարելիութիւն չունին, եւ երբ երկրաշարժ պատահի՝ ահագին կը տուժեն:
Պատերազմներու եւ անջրպետը հետազօտելու համար ծախսուած միլիառները եթէ յատկացնեն մեծ երկիրները, լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարելով եւ ձեւը գտնելով մագմային հասնելու ու ելքի ճամբայ բանալու, շատ հարցեր կը լուծուին: Ըսածս խնդալիք կրնայ համարուիլ շատերու կողմէ, մասնաւորաբար գիտութեամբ զբաղւողներու կողմէ, սակայն ինչո՞ւ չմտածել այս մասին: Կա՛մ հրահեղուկը սառեցնելու, կա՛մ պաղեցնելու ձեւ գտնել, կամ ալ ճամբայ բանալ դէպի դուրս, որպէսզի «Գազանը» ազատօրէն արտաշնչէ:
Ի՜նչ անհաւատալի գիւտեր կ ըլլան ամէն օր՝ այս մէկը անկարելի՞ է որ չեն փորձեր: Աշխարհի մէջ զանազան վայրեր բնական «ծակեր» կան լաւան դուրս թափելու, հրաբուխներու ձեւով: Անոնցմէ ոմանք դեռ գործուն են, ոմանք ալ արդէն մարած են: Թէ ինչո՞ւ մարածներ կան, եւ ինչո՞ւ ուրիշներ ալ չեն մարիր, կամ կարելի չէ՞ փորձել մարել զանոնք:
Պիտի ըսեն՝ բնութիւնը այնքան հաւասարակշռուած է, որ անոր հետ խաղալը եւ հաւասարակշռութիւնը փոխելը կրնայ մեծ վտանգներու առաջնորդել: Համաձայն եմ, սակայն մարդիկ իրենց կեանքը բարելաւելու համար ինչ-ինչ փոփոխութիւններ կատարած են բնութեան մէջ ու յաջողած են՝ փոթորիկները զսպող անտառանման ծառաստաններ, լեռնակուտակ ալիքներուն դէմ դնող պեթոնէ պատուարներ, անապատները կանաչապատ տարածքներու վերածող այլեւայլ միջոցներ եւ նման բաներ:
Եթէ իրար յօշոտող մեծ պետութիւնները համաձայնին զէնքերը վար դնել ու միասնաբար լուծումներ գտնել երկրաշարժին առաջքը առնելու, բնութիւնն ալ չընդդիմանար, Աստուած ալ գոհ կ ըլլայ ու կը ծափահարէ: Մարդկութիւնը փրկելու համար Նոյին չափ ալ խելք չունինք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ