Ընթացող Ռուս-Ուքրաինական պատերազմը «համաշխարհային» չի կրնար կոչուիլ, յիշելով եւ օրինակ վերցնելով նախորդ երկու աշխարհամարտերն ու անոնց պարագաներն ու հանգամանքները, նոյնիսկ եթէ Կաթոլիկ աշխարհի կրօնապետը ըսէ, թէ համաշխարհային երրորդ պատերազմը սկսած է:
Ճիշդ է որ երկրորդ համաշխարհայինէն երեքքառորդ դար անցած է եւ այսօրուան պատերազմներն ու ռազմավարական գործօնները շատ տարբեր են նախորդէն, սակայն, ընդամէնը երկու երկիր ուղղակի ներգրաւուած են ու անոնք է որ ուղղակիօրէն կը կրեն կռիւին հետեւանքները, նկատի առած մարդկային զոհերն ու քաղաքներու աւերումները, իսկ տնտեսական խնդիրները կը տարածուին նաեւ այլ երկիրներու վրայ: Աջակիցները միայն զէնք ու դրամ կը թափեն, կ՛ազդուին տնտեսապէս եւ, անշուշտ, քաղաքականապէս ալ, բայց կռիւին չեն մասնակցիր, քանի որ ԱՄՆ-ի նախագահը ի սկզբանէ յայտարարեց, որ ինք եւ իր դաշնակից պետութիւնները կ՛օգնեն Ուքրաինաին պաշտպանական (ոչ յարձակողական) զէնք ու զինամթերքով, բայց Ռուսիոյ հետ ուղղակի առճակատիլ չեն ուզեր: Վերծանելիք բան չկայ, աւելի քան յստակ է:
Իմ կարծիքով համաշխարհային պատերազմ սկսելու համար,- Աստուած մի՛ արասցէ,- պէտք է ԱՄՆ եւ Ռուսիա իրարու բախին «տաք» պատերազմով, նոյնպէս ալ իրենց կողմնակիցները՝ ուղղակի, ոչ անցեալի «պաղ պատերազմով»: Երկու մեծերը իրարու դէմ ուղղակիօրէն չեն ճակատիր եւ երբեք ալ այդ անմտութիւնը պիտի չընեն, նկատի առնելով անցեալի դասերն ու ներկայի ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակները:
Տեսէ՛ք, յիսունականներուն Քորէական պատերազմին սովետներն ու ամերիկացիները ձեւով մը բախեցան ու պատճառ դարձան, որ հրկիրը երկուքի բաժնուի, անկէ ետք, Վիէթնամի պատերազմին, ԱՄՆ ուղղակի մտաւ, իր բանակով, զէնք ու զրահով, համայնավարութեան տարածումին առաջքը առնելու համար, իսկ Սովետ Միութիւնը չմտաւ, սակայն զէնք ու զինամթերք մատակարարեց տեղացի ընդդիմադիրներուն: ԱՄՆ մեծ զոհերով դադրեցուց պատերազմն ու քաշուեցաւ:
1979-ին սովետական բանակը յարձակեցաւ եւ ներխուժեց Աֆղանիստան, իսկ Ամերիկան տեղի ընդդիմադիրներուն դուրսէն օգնեց, առանց ուղղակի բախումի: Սովետները մեծ կորուստներով քաշուեցան: Աւելի ուշ, թալիպաններու դէմ կռուելու եւ օրինական իշխանութիւնը պահպանելու համար ԱՄՆ մտաւ Աֆղանիստան, ռուսերը չմիջամտեցին, բայց ամերիկացիները չկրցան իրենց նպատակին հասնիլ, վերջերս ալ քաշուեցան, իշխանութիւնը յանձնելով թալիպաններուն:
Իրաքի պատերազմին ԱՄՆ ներխուժեց, գահընկեց ըրաւ Սատտամ Հուսէյնն ու կախաղան բարձրացուց զայն, Ռուսիան չխառնուեցաւ: Այսօր Ռուսիան մտած է Ուքրաինա, իսկ ԱՄՆ եւ իր համակիրները, առանց ուղղակի բախումի, դուրսէն կ՛օժանդակեն Ուքրանիոյ, պատճառ դառնալով, որ Ռուսիոյ նման հսկայ մը, որ կրնար Ուքրանիան կարճ ժամանակի մը ընթացքին գրաւել, պատերազմի սկիզբէն չորսուկէս ամիս ետք, տակաւին իր նպատակին չհասաւ:
Եւ այսպէս ալ, կարծես թաքուն համաձայնութեամբ մը, կամ իրարու ոյժերը չափելով, որոշած են իրարու դէմ չելլել, իսկ եթէ անհրաժեշտ է, ապա՝ իրենց հաշիւները մաքրել ուրիշ երկիրներու մէջ, օրինակներ՝ շա՛տ:
Բ. Աշխարհամարտին Ս. Միութիւնը 27 միլիոն զոհ տուաւ եւ ամէն ինչ ըրաւ, որ դառնայ ուժեղագոյն պետութիւն մը: Իսկ Միացեալ Նահանգները իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին այդպիսի կորուստներ չունեցաւ, սակայն միշտ աշխատեցաւ որ գերտէրութիւն դառնայ եւ Ռուսիան չհաւասարի իրեն: Հիմա երկու մեծերը գիտակցելով իրենց ոյժին՝ զգոյշ են, կը խուսափին զիրար հարուածելէ: Յիշենք Քենետիի ու Խրուշչովի օրերուն Քուպայի հարցը: Սովետը զիջեցաւ ու հրթիռներով բեռնաւորուած ռազմանաւը ետ դարձաւ:
Փառք Աստուծոյ, երկու գերտէրութիւնները այսպիսի չյայտարարուած համաձայնութիւն մը ունին, թէ չէ, մինչեւ հիմա երրորդ աշխարհամարտն ալ տեղի ունեցած կ՛ըլլար, չորրորդն ալ… (Վստահ չեմ այս «չորրորդ»ին, երրորդէն ետք աշխարհի վրայ մարդ մնացած կ՛ըլլա՞յ որ պատերազմ ըլլայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ