Ամերիկեան Միացեալ Նահանգները, որ աշխարհին կը ներկայանայ իր «Free Country» (Ազատ երկիր) ըլլալու լոզունգով, իր բազմաթիւ ազատութիւններուն վրայ եկաւ աւելցնելու եւս մէկը՝ սեռափոխումը, «Trance gender»… Այսինքն մարդ կրնայ իր սեռը փոխել, այսինքն կին մը կրնայ տղամարդ դառնալ, կամ տղամարդ մը՝ կին: Եթէ նախապէս հատուկենտ դէպքեր եղած են, երբեմն ստիպուած, երբ ի ծնէ խախտած են ենթակային սեռական հակումները, որ անձը առաջնորդած է միասեռականութեան, կամ ալ պարզապէս միւս սեռին մէջ առաւելութիւններ նկատած է ու դիմած սեռափոխութեան, այսօր ամերիկեան պետութիւնը պաշտօնապէս կը ծրագրէ սեռափոխութիւնը արտօնել, մասնաւորապէս արբունքի տարիքին, առանց իսկ ծնողքին գիտակցութեան կամ արտօնութեան:
Եթէ ոչ բոլորը, գոնէ ամերիկեան ֆիլմերու ջախջախիչ մեծամասնութեան մէջ կրկնուող անընդունելի ճանչցուած երեւոյթները ընդունելի դարձնելու յատուկ ճիգեր կան, որոնք պատահական չեն իմ կարծիքով, այլ յատուկ նպատակադրուած, նպատակաուղղուածութիւն ունին, ինչպէս թմրանիւթերու օգտագործումը, միասեռականութիւնը, նախամուսնական սեռական յարաբերութիւնները ու քաջալերումը, հայհոյալից խօսակցական ոճերը, բաժան-բաժան եղած ընտանիքները… իսկ այսօր ալ՝ սեռափոխումը:
Ազատութիւն ըսուածը երկսայրի սուր մըն է, կրնայ ենթակային օգտակար դառնալ, կրնայ նաեւ անոր վնասել, ըստ անոր օգտագործման պարագաներուն:
Վերեւը յիշուածներուն վրայ կարելի է ուրիշներ ալ աւելցնել, սակայն կ՛ուզեմ կեդրոնանալ սեռափոխութեան հարցին վրայ:
Բոլորս ալ գիտենք, որ բնութեան մէջ ամէն ինչ այնքան հաւասարակշռուած է, որ որեւէ լուրջ խախտում կրնայ վտանգալից հետեւանքներ ունենալ: Ամբողջ տիեզերքը, այն՝ ինչ որ հասանելի է մարդկութեան, հիմնուած է հաւասարակշռութեան վրայ: Արարիչը՝ Աստուած կոչենք մենք թէ ուրիշներ՝ Ալլահ, կամ Եհովա, կամ չգիտեմ այլ անուններով, այնքան ճշգրիտ ձեւով ստեղծած է բնութիւնը, աստղաբոյլերը, մոլորակներն ու արբանեակները, տարուան իրերայաջորդ չորս եղանակները, մարդը, բոյսն ու անասունը, անոնց շարունակականութիւնն ապահովող սերնդագործումը, տակաւին իւրաքանչիւրին սնանելու, ապրելու եւ մեռնելու ժամանակներն ու եղանակները, որոնք, հակառակ յառաջընթաց գիտութեան, ցարդ շատ կողմերով կը մնան անբացատրելի:
Վերադառնալով սեռին եւ սեռափոխութեան հարցին, կեանքի շարունակականութեան ապահովման ի խնդիր, այր ու կին կենակցելով է որ կը լուծեն այդ հարցը: Ատոր համար մարդը օժտուած է բեղմնաւորողի անհրաժեշտ միջոցներով, իսկ կինը՝ բեղմնաւորուելու եւ պտղաբերումի անհրաժեշտ միջոցներով, եւ արդիւնքը՝ նոր մարդու մը արարումն է:
Հիմա, երբ կը փորձեն տղամարդը կին դարձնել եւ հակառակը, լուրջ խախտում մը տեղի կ՛ունենայ ընդհանուր համակարգին մէջ: Նախ՝ անկարելի է հարիւր առ հարիւր սեռը փոխել, սեռային գործարանները կարելի է փոխել, սակայն անոնք բաւարար չեն, քանի անոնց հետ կարելի չէ զգացական աշխարհն ալ փոխել, կարելի չէ հոգեկան աշխարհն ալ փոխանցել… Հապա՞ ուղեղը, ո՞վ կրնայ ուղեղին դպչիլ: Այնպէս որ, սեռափոխում ըսուածը սահմանափակ փոփոխութեանց իրավիճակ մըն է, որուն հետեւանքը կրնայ բարի չըլլալ:
Յառաջացած տարիքի մարդիկ շատ աւելի լաւ կը տեսնեն ու կը զգան աշխարհի վիճակն այսօր, բաղդատած անցեալին: Բարոյականութեան նահանջը այնքան զգալի է մեր պարագային, երբ բաներ կը տեսնենք ու կ՛ապշինք, կ՛ընդվզինք, կը դատապարտենք, երբ նոր սերունդին համար այդ բոլոր ընդվզեցուցիչ վիճակները արդէն սովորական դարձած են եւ նոյնիսկ՝ ընդունելի ու կիրառելի, պարզապէս սրարշաւ «նորարարութիւններէն» ետ չմնալու համար: Տեղ մը շատ, տեղ մը քիչ, բայց ընդհանուր խախտում մը կայ, որ երթալով այնքան նստուածք կու տայ, որ սրբագրելն ու փոխելը անհնար կը դառնայ:
Արարիչը հրաշալի նուէր մը տուած է մարդկութեան, իսկ մարդիկ անտեսելով այդ հրաշքը, սկսած են զայն չարաչար գործածել, ճիշդ մանուկի մը պէս, որ իրեն տրուած խաղալիքը այնքան անհոգութեամբ կը գործածէ, որ շրջան մը ետք ջարդօնի կը վերածուի: Մեղք է մարդկութիւնը, այս երկնառաք կեանքին հետ քմահաճօրէն մի՛ վարուիք, թէ չէ ո՞վ կրնայ ըսել, թէ մեր երկրագունդը դէպի ո՞ւր կը գլորի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ