Դիւանագիտութիւնը շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր ասպարէզ մըն է, որուն պէտք է տիրացած ըլլայ ոեւէ քաղաքական ղեկավար պաշտօն ստանձնելէ առաջ: Քաղաքական ասպարէզ մտնել առանց դիւանագիտութեան, կը նշանակէ ծով մտնել առանց լողալ գիտնալու: Քաղաքական դէտերը երբեմն դիմացինին խօսքէն աւելի, անոր շարժումներուն ուշադրութիւն կը դարձնեն՝ քալուածքը, կեցուածքը, ձեռքերուն դիրքը եւ անոր շարժումները, դէմքը, ժպիտը, կամ լրջութիւնը… Մէկ խօսքով՝ մասնագէտ դիտորդները ահագին եզրակացութիւններու կը յանգին քաղաքական անձնաւորութիւն մը զննելէ ետք:
Վերջերս ԱՄՆ-ի ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկը՝ Ներկայացուցչական պալատի խօսնակ Նենսի Փիլոսին Հայաստան եկաւ, եկած օրն իսկ Ծիծեռնակաբերդ բարձրացաւ Ցեղասպանութեան թանգարան այցելեց եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին դիմաց գլուխ խոնարհեց, անշէջ կրակին առջեւ ծաղկեփունջ դրաւ եւ մի քանի անգամ արցունքները սրբեց…
Ես սրտատրոփ կը հետեւէի այս աննախադէպ արարողութեան եւ այդ վայրկեանին որքան հանգիստ ու ապահով զգացի ինքզինքս, որ ահա՛ աշխարհի ամենաուժեղ պետութեան ներկայացուցիչը, որ իր Թայուան այցելելով ահագին աղմուկ բարձրացուց տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, միեւնոյն անձնաւորութիւնը, քանի մը շաբաթ տարբերութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ, երբ սպառնալիքներ կը տեղան մեր երկրի գլխուն, ճիշդ Թայուանի նման: Թէեւ Թայուանը իսկապէս Չինաստանին կը պատկանի, սակայն Հայաստանի հողին մէկ ափն իսկ Ատրպէյճանին չի պատկանիր, սակայն ԱՄՆ-ի այս վերաբերմունքով Թայուանն ու Հայաստանը միեւնոյն կարեւորութեան մակարդակի վրայ դրուեցան, ի մեծ հարուած Ալիեւին:
Սակայն… նոյն օրն իսկ, բազմաթիւ մարդիկ այս այցելութենէն դրական հետեւանքներ ակնկալելով շնորհակալ ըլլալու փոխարէն խծբծանքի հեղեղ հոսեցուց ֆէյսպուքի էջերուն, ուր բան չմնաց որ չըսեն՝ «սուտ լաց… դերասանուհի է… կոկորդիլոսի արցունքներ…» ու նման վարկաբեկիչ խօսքեր: Վստահ եմ՝ այս բոլորը արձանագրուեցան ու տեղ հասան:
Մարդ կը զարմանայ. մարդի՛կ, դուք ի՞նչ կ՛ուզէք, գիտէ՞ք թէ ինչ կ՛ուզէք, թէ ձեզի համար միեւնոյնն է, կարեւորը դուք ձեր քաղաքագիտական ու դիւանագիտական պաշարը պիտի թափէիք հիւրին գլխուն, որպէսզի հասկնայ, որ «մենք այդ ձեւերէն խաբուողը չենք, մենք շատ լաւ կը հասկնանք ձեր կեղծ խաղերը, մենք…մենք…»
Ծօ մենք գուցէ աշխարհի ամենայետին ազգն ենք քաղաքականութենէ հասկցող, ատոր համար ալ յաճախ պարտութիւններ կրած ենք, բայց դաս չենք առած: Չենք սորված անցեալին, չենք սորվիր հիմա, պիտի չսորվինք նաեւ ապագային:
Երկիր մը զօրաւոր կ՛ըլլայ, երբ ժողովուրդը իշխանութեան կողքին կ՛ըլլայ օրհասի պահերուն, իշխանաւորը սիրէ, կամ ոչ: Երբեք այսպէս չենք վարուած, անցեալին ալ, ներկայիս ալ, միշտ երկրի ղեկավարը քննադատած ենք. փնտռած ենք թերութիւններ ու խոշորացոյցի տակ առած վարկաբեկած ենք, ի մեծ ուրախութիւն թշնամիներուն: Անկախութեան այս երեսունմէկ տարիներուն չորս ղեկավար ունեցանք, անոնցմէ ոեւէ մէկը համընդհանուր սիրոյ ու յարգանքի արժանացա՞ւ. անշուշտ ոչ: Եթէ կայ անթերի անձ մը, բերէք զինք գահ բարձրացուցէք, եթէ յաջողիք, վստահ եմ, որ կարճ ժամանակ մը ետք անոր ալ վրայ թերութիւններ կը գտնէք, կը դատափետէք ու խաչը կը հանէք:
Այնպէս որ, մեր բախտին ու ճակատագրին պատասխանատուները մենք ենք, մենք կը դարբնենք մեր ճակատագիրը: Այսպէս ենք եկեր, այսպէս ալ կ՛երթանք:
Միակ դրական բանը որ պատահեցաւ այս թոհուբոհին մէջ, մեր եւ Արցախի նախկին նախագահներուն հանդիպումն էր Վեհափառի Հայրապետի հրաւէրով: Երանի մէկ կողմ ձգեն ամէն տարակարծութիւն, Փաշինեանն ալ միանայ իրենց ու ձեռք-ձեռքի տուած գուցէ լուծում մը գտնեն այս անել կացութենէն դուրս գալու համար: Պէտք է փակել եռաբլուրը: Այլեւս ոչ մէկ զոհ տալու երդումով պահենք այս ափ մը սուրբ հողը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ