Հ.Հ. Յարգելի Վարչապետ Պրն. Փաշինեան ՝
Զիւրիխի եւ Ուաշինկթընի Մէջ Ձեր Ծանուցած՝
«Իրական Հայաստան», «Փոխուող Գաղափարախօսութիւն» Եւ Այլ Եզրաբանութիւնները Անկեղծօրէն՝ Շփոթեցուցիչ Են, Եւ Հասկնալի Չեն
Հաճեցէք արտայայտուիլ բացայայտ լեզուով, ջանալ գուցէ մեղմացնելու համար, այլապէս ստեղծուած մեծ շփոթը եւ լայնատարած բողոքը:
Ամբողջ աշխարհի տարածքին այժմ ակնյայտ է, որ կը տիրէ քաղաքական վերիվայրումներով բնորոշուած եւ լրջօրէն մտահոգիչ կացութիւն մը: Այս պայմաններուն տակ մեր փոքր Հայաստանը իր աշխարհաքաղաքական խիստ աննպաստ յայտնի դիրքին հետեւանքով պէտք է կարենայ դիմագրաւել,արդէն իսկ խրթին ռազմավարական իր դիրքորոշումներուն մէջ, երբեմն նոր եւ դժուար փոփոխութիւններ մուծելու յաւելուածական մարտահրաւէրը:
Այսքանը յստակ է բոլորին համար, մանաւանդ ան պէտք է վստահօրէն յստակ ըլլայ որքան հայաստանաբնակ, նոյնքան ալ Սփիւռքի գիտակից իւրաքանչիւր հայու համար:
Այս համայնապատկերին վրայ է որ տեղի ունեցան Հ.Հ. Վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեանի յաջորդական երկու զրոյց-պատգամները անցնող մի քանի շաբաթներուն ընթացքին, նախ Զիւրիխի եւ ապա Ուաշինկթընի մէջ, իր կողմէ հրաւիրուած՝ եւ գաղութի ներկայացուցիչներ որակուած փոքր թիւով յարգարժան անձնաւորութեանց հետ:
Եթէ Զիւրիխի հաւաքին ներկաները վարչապետին հետ մի քանի փոխանակումներ կատարելու առիթը ունեցան, Ուաշինկթընի պարագային վարչապետը տուաւ միակտուր՝ մօտ 20 վայրկեան (հայաստանցիներու րոպէն) տեւողութեամբ իր խօսք-պատգամը: Ներկաները պարզապէս օրինակելի քաղաքավարութեամբ ունկնդրեցին անոր հայերէնով միայն արտասանած խօսքը, զոր, նկատի ունենալով իրենց մէջ որոշ թիւով բացառապէս անգլիախօսներ ըլլալով, բնականաբար չէին կրնար հետեւիլ իր արտայայտած միտքերուն: Վերջաւորութեան՝ նոյնպէս, պատշաճօրէն, քաղաքավար ծափերով փակուեցաւ հանդիպումը, ինչպէս եղած էր Զիւրիխի հանդիպումին:
Ինչպէս մատնանշուած է այս յօդուածին վերնագրին մէջ, մեր նպատակն է ստորագծել, թէ այս երկու հանդիպումներուն պարագային ալ, եւ մանաւանդ Ուաշինկթընի իր միակողմանի զրոյցին ընթացքին պրն. Վարչապետը ուզեց յատուկ կերպով մատնանշել, որ իր նպատակն էր ներկաները իրազեկ պահել, թէ այս օրերուն Հայաստանի մէջ իր իսկ ուղղորդութեամբ եւ յատուկ կարեւորութեամբ ջանք կը կատարուի փոփոխութիւններ մտցնելու հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան գաղափարախօսութեանց մէջ:
Պրն. Վարչապետը երկար եւ կրկնուած արտայայտութիւններով, սակայն ո՛չ պարզ եւ բացայայտ լեզուով, ջանաց ներկաներուն բացատրել յատկապէս, վերջերս իր ստեղծած «Իրական Հայաստան»ի գաղափարը, որը սակայն մնաց անորոշ եւ ենթակայ ամէն տեսակի մեկնաբանութեանց: Վարչապետը նաեւ շեշտեց, թէ Հայաստանի մէջ տեղի կունենայ «Գաղափարախօսութեան փոփոխութիւն»: Այս անգամ գուցէ ուզելով աւելի պատկերաւոր կերպով տպաւորել ներկաները՝ ան շեշտուած արտասանութեամբ գործածեց «թրանսֆորմացիա» եւ «իզոլացիոնիզմ» լատինահայերէն որակումները, ենթադրաբար աւելի լաւ բացատրելու համար այդ «նոր գաղափարախօսութիւնները»:
Հակառակ իր ջանքերուն, սակայն, Վարչապետին խօսքերուն թողած անորոշութիւնը եւ այդ անորոշութեան մէջ սպրդած խիստ մտահոգիչ միտքերը, ակնյայտօրէն, Զիւրիխի եւ Ուաշինկթընի զոյգ զրոյցներէն ետք, հայ աշխարհին մէջ հասկնալիօրէն ստեղծեցին բացասական բուռն հակազդեցութիւններ:
Յարգելի պրն. Փաշինեան, ահա թէ ինչո՞ւ այս յօդուածին վերնագրին մէջ յստակ կերպով մատնանշեցինք, որ եթէ Ձեր վերոյիշեալ զոյգ զեկոյցներուն նպատակը Սփիւռքը իրազեկ պահելն էր Հայաստանի մէջ Ձեր քաջալերութեամբ առաջ տարուող հիմնական նոր դիրքորոշումներուն մասին, կուզենք ստորագծել, թէ ընդհակառակն՝ երկու զեկոյցներուն պարագային ալ, բայց մանաւանդ Ուաշինկթընի պարագային, Ձեր օգտագործած երկար եւ կրկնուած դարձուածքները բացայայտ չըլլալով՝ անոնք որոշապէս անհասկնալի մնացած են նոյնիսկ հայերէն լեզուն բաւարար չափով տիրապետողներուն, ինչպէս, օրինակ, այս տողերու հեղինակին համար:
Աւելի մտահոգիչ է այն պարագան, որ բացայայտութեան այդ բացակայութեան պատճառաւ Ձեր ունկնդիրները ստիպողաբար առաջնորդուած են մօտաւոր եւ ենթադրեալ եզրակացութեանց, որոնք որոշապէս խիստ մտահոգիչ ու բոլորովին անընդունելի են լայն մեծամասնութեանց համար:
Այս լուրջ մտահոգութեանց ծիրին մէջ է, որ գոնէ մենք կուզենք մեր միտքերը բոլորովին թափանցիկ ու յստակ կերպով արտայայտել Ձեր արծարծած հարցերուն մասին, գիտնալով, որ անոնք կը համապատասխանեն նաեւ խորապէս տագնապած լայն շրջանակներու մտածողութեան:
Առաջին հերթին պարզ է, եւ նորութիւն չէ մեզի համար, թէ պատմութեան որեւէ մէկ շրջանին՝ իրական Հայաստանը այն տարածաշրջանն է, որ այդ շրջանի ընթացքին միջազգային մակարդակով ընդունուած քարտէզներուն վրայ յստակօրէն բնորոշուած է իր սահմաններով, որպէս «Հայաստան» (Armenia), եւ երբ նոյնպէս, այդ տարածաշրջանին բնակչութեան խոշոր մեծամասնութիւնը կազմուած է հայերէ, եւ երբ այդ սահմանները ապահովուած են հայերով եւ կամ անոնց իրական դաշնակիցներով, եւ երբ երկրին մէջ տիրող կարգ ու սարքը հակակշռուած է հայերէ կազմուած վարչամեքենայով, եւ այս բոլորը կ՛ուզենք շեշտել՝ անկախաբար, թէ ինչ է գոյնը կամ քաղաքական փիլիսոփայութիւնը այնտեղ տիրող վարչակարգին:
Այդպէս էր մեր հաստատ կեցուածքը Խորհրդային իշխանութեանց շրջանին, երբ համաձայն չէինք այդ իշխանութեան հետեւած փիլիսոփայութեան, սակայն մենք ջանացինք, որ սփիւռքահայութիւնը իր հոգեկան կապը պահէ այդ օրերու «իրական այդ Հայաստանին» հետ եւ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ օժանդակէ անոր մարդկային եւ տնտեսական օգտակար միջոցառումներով:
Այդպէս է նաեւ այսօր մեր կեցուածքը, երբ մինչ ջերմ ջատագովն ենք մեր երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարական դրութեան, սակայն նաեւ յաճախ կը քննադատենք այնտեղ յայտնուող այպանելի երեւոյթները:
«Իրական Հայաստանի» մեր այս յստակ ըմբռնումը երբեք պատճառ չէ սակայն, որպէսզի մոռնանք կամ դրժենք մեր ամբողջ պատմութիւնը, որուն ընթացքին շատ աւելի տարածուն էր մեր երկիրը եւ մինչեւ իսկ կ երկարէր ծովէ ծով: Ո՛չ մէկուն, ո՛չ բարեկամներու եւ յատկապէս մեր բնական թշնամիներէն ո՛չ մէկուն բարեացակամութիւնը կրնանք շահիլ, եթէ յանկարծ մոռնանք կամ ուրանանք այս պատմական իրականութիւնը, առաւել եւս՝ այսօրուան երազը: Ընդհակառակը, մեր կողմէ միակողմանի եւ մշտական քաղաքական զիջումի դրսեւորումը վստահօրէն կ՛առաջնորդէ նոյն ինքն «Իրական Հայաստանի» աստիճանաբար,ամբողջական քանդումին եւ անհետացման:
Այս նոյն հաստատ մտածումով է, որ Արարատ լեռը կը նկատենք անզիջանելի նշանաբանը հայութեան: Աստուածաշունչի անսակարկելի հաստատումով նուիրագործուած Հայոց Արարատ Լեռը կը մնայ մեր նշանաբանը, անկախ անկէ, թէ այսօր ան ո՞ր սահմաններէն ներս կը գտնուի: Այնպէս՝ ինչպէս Երուսաղէմը սիրտն է քրիստոնեայ աշխարհին, անկախ թէ ան գտնուի արաբներու, թէ՞ հրեաներու տիրապետութեան տակ: Նոյնպէս ալ, պրն. Վարչապետ, Արարատը յաւիտեանս յաւիտենից անբաժան սիրտը եւ նշանաբանն է հայութեան:
Ձեր վերոյիշեալ զրոյցներուն ընթացքին անսպասելի ակնարկութիւն մը ըրիք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան գերզգայուն նիւթին վերաբերեալ: Մեր ժողովուրդին մէջ անջնջելի իր հետեւանքը թողած Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը եւ անոր գործադրութեան մէջ թրքական անվիճելի եւ ամբողջական պատասխանատուութիւնը այլեւս միջազգայնօրէն ընդունուած է: Ի դէպ, ոչ միայն պետական մակարդակով ան ընդունուած է աւելի քան քսան կարեւոր երկիրներու կողմէ, այլ ան նոյնիսկ ընդունուած է նոյնինքն թրքական արդարադատութեան կողմէ, առաջին աշխարհամարտին անմիջական վաղորդայնին: Ինչպէս միշտ, այս պարագային եւս անհրաժեշտ կը նկատենք մեր արտայայտութեանց մէջ մնալ զուսպ՝ բառապաշարներու գործածութեան սահմաններուն մէջ: Հետեւաբար կը բաւականանանք ըսելով, թէ հայոց Ցեղասպանութեամբ մարդկութեան դէմ կատարուած ահաւոր ոճիրին մէջ հայոց պատասխանատուութեան հետքեր փնտռելու որեւէ ջանք համազօր է հրէական ցեղասպանութեան համար փնտռելու հրեաներու պատասխանատուութիւն: Հետեւաբար մեր պարագային եւս պէտք է ակնկալել, որ այդպիսի արարք հայոց անխնայ նզովքին եւ դատապարտութեան միայն կրնայ արժանանալ, նախքան ան ենթարկուի միջազգային խիստ պատժամիջոցներու կիրառման, ինչպէս կը կատարուի հրեաներու պարագային:
Վերեւը նշուած առանցքային գերզգայուն այս քանի մը պարագաները բաւարար են բացատրելու համար, թէ, պրն. Փաշինեանի երկու զրոյցներուն ընթացքին զգայուն հարցերու մասին իր արտայայտած երբեմն յստակ եւ յաճախ ալ անորոշ ակնարկութիւնները, ինչու խորապէս վրդոված են թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի գիտակից շրջանակները:
Կարելի չէ ժխտել, որ, ինչպէս յիշեցինք այս յօդուածին սկզբնաւորութեան, այս օրերու միջազգային թէ ազգային առկայ բացառաբար խառն մարտահրաւէրները կը ստիպեն, որ հայ ժողովուրդը ջանայ լրջօրէն փնտռել եւ ջանայ ճշդել ազգային իր ռազմավարութեան լաւագոյն եւ ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհները:
Կառուցողական ըլլալու մշտական իր կեցուածքին հաւատարիմ՝ այս տողերուն հեղինակը անգամ մը եւս կ՛առաջարկէ անդրադառնալ վերջերս մեր մամուլին մէջ լոյս տեսած՝ իր այն յօդուածին, ուր կ՛առաջարկուի ազգային վերապրումի ռազմավարութեան համազգային կառոյցի մը ստեղծուիլը, որուն մաս կազմեն օրուան իշխանութեան կողքին ներկայացուցիչները բոլոր այն կառոյցներուն եւ մտաւորականութեան, որոնք անվիճելի մասնիկներն են գիտակից հայութեան:
Ահա այդպիսի համազգային լուրջ հարթակի մը ծիրին մէջ է, պրն. Վարչապետ, որ կարելի է առաջարկել, նրբացնել եւ եթէ պէտք է բարեփոխել հին կամ նորոգուած գաղափարներ ու գաղափարախօսութիւններ: Այդպիսի խոր քննարկումներու բովէն անցած եզրակացութիւններն են միայն, որ հաւանականութիւնը կ՛ունենան որդեգրուելու հայ իրականութեան մեծամասնութեան կողմէ: Ընդհակառակը, երբ այդպիսի լուրջ մտածողութեան կեդրոններ արհամարհելով է որ կը ձեւաւորուին նոր առաջարկներ, շատ հաւանական է, պրն Վարչապետ, որ այդ ջանքերը մնան անհետեւանք:
Նկատի առնելով մանաւանդ մօտեցող Հայաստանի յառաջիկայ ընդհանուր ընտրութեանց առիթը, որպէս կառուցողական եւ ազգային գերագոյն շահերուն նպաստող քայլ, կոչ կ ուղղենք Ձեզի, յարգելի պրն. Վարչապետ, որ Դուք իսկ նախաձեռնէք՝ որպէս կարեւոր գաղափարներու փոխանակման եւ գործնական առաջարկներ ձեւաւորելու միջոց, այդպիսի հարթակի մը ստեղծումը:
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Ordre of Canada Պետական Շքանշանակիր
———————-
* Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, այժմ հանգստեան կոչուած գիտնական Մոնթրէալի Mc Gill համալսարանի Փրոֆէսոր եւ գիտահետազոտող է Quantum Electronics բնագաւառին մէջ:
Նոյն ժամանակ, ան սփիւռքահայ կեանքի գլխաւոր դէմքերէն մէկն է:
Ան բազմատասնեակ տարիներ եղած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, իսկ այնուհետեւ՝ ատենապետ:
Ան հիմնադիրն է Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանին: 35 տարիներ եղած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ, աւելի ետք՝ Փոխնախագահ:
Ան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ ունեցած է կարեւոր ներդրում յատկապէս որպէս Գանատահայոց Թեմի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը եւ որպէս անոր առաջին Թեմական Խորհուրդին Ատենապետը՝ այսօր ալ անոր Պատուոյ Ատենապետը:Ան երկար տարիներու գլխաւոր ղեկավարներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան, եւ այսօր ալ ատենապետն է անոր Կեդրոնական Վարչութեան: