Իսլամական եւ արաբական աշխարհը հսկայ անակնկալի մը սեմին են, իսլամական կրօնքի հետ կապուած շատ մը կարծրատիպեր քանդուելու վրայ են, մօտ 1500 տարիներէ ի վեր իսլամական թապուները պիտի սկսին չքանալ, եւ այս յեղափոխութեան կեդրոնն ու յեղաշրջումը ծրագրողն ու գործադրողը պիտի ըլլայ նոյնինքն Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան՝ Մուհամմատ Պին Սալմանը:
Այս երիտասարդ էմիրը իր հօր՝ Սալման Պին Ապտուլ Ազիզ թագաւորի օրինաւոր ժառանգորդն է, սակայն իր հօր մահուան սպասելու պէտք չունի երկրի սանձերը ձեռք առնելու համար, որպէս յաջորդ թագաւոր, այլ առաջին իսկ օրէն արդէն որպէս գործնական ղեկավար կը վարուի, հօր յառաջացած տարիքին եւ երկիրը ղեկավարելու անոր անկարողութեան պատճառով: Առաջին իսկ օրէն դիտորդներ իր մէջ տեսան սովորական Էմիրէ մը տարբեր անձ մը, որուն յոյսեր պիտի կապէին եւ որմէ ակնկալիքներ պիտի ունենային: Նախատեսումը սխալ չէր: Գահաժառանգ իշխանը լուսամիտ մարդ է, քաջակորով ու այդ ՓԱԿ երկիրը սկսաւ քայլ-առ-քայն տանիլ դէպի աւելի ԲԱՑ, աւելի արդիական հորիզոններ:
Սէուտական Արաբիան իսլամութեան ու իսլամական աշխարհի կեդրոնն է, քանի որ երկու սուրբ վայրեր՝ Մեքքան եւ Մետինան հոն կը գտնուին, իսկ երկրի թագաւորները այդ «սրբատեղիներուն սպասարկուներն» ըլլալու տիտղոսը կը կրեն: Հոն իշխողը կրօնքն է ու «Շարիաթը», (Կրօնական օրէնսդրութիւնը), որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ վեցերորդ դար: Քրիստոնէութեան ոչ մէկ խորհրդանիշ կայ երկրին մէջ ու երկրի սահմաններէն ներս զանոնք մտցնելն ալ խստիւ արգիլուած էր. ոչ Ս. Գիրք, ոչ խաչ, ոչ սրբանկար եւ այլն: Անշուշտ ոչ իսկ մէկ հատիկ եկեղեցի, հակառակ որ երկրին մէջ մեծ թիւով քրիստոնեաներ կ՛ապրին, մեծամասնութիւնը նաֆթի գործով եւ այլ հսկայ ձեռնարկութիւններով: Ալքոհոլային խմիչքները արգիլուած են, սինեմա գոյութիւն չունի, երաժշտական ձեռնարկները արգիլուած են: Օրուան մէջ հինգ անգամ նամազի հրաւէր կանչ կ՛ըլլայ մզկիթներէն, ցերեկային աղօթքի ժամերուն ամէն մարդ պարտադիր վաճառատունը փակելով մզկիթ վազելու է: Հիմա այդ պարտադրանքը պիտի վերցուի, մզկիթներուն ազանի խլացուցիչ ձայներն ալ նուազագոյնի պիտի իջնեն, որպէսզի քնացող երեխաներուն, ծերերուն ու հիւանդ մարդոց քունը չխանգարուի: Կիները, որ զրկուած էին ամէն տեսակի ազատութիւններէ, հիմա սկսած են նոյնիսկ ինքնաշարժ վարել:
Կը լսենք թէ ծրագիր կայ, որ առաջին եկեղեցին կառուցելու արտօնութիւն տրուի: Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ քրիստոնեայ երկիրներու մէջ հարիւրաւոր մզկիթներ կան, իսկ փոխադարձաբար Սէուտական Արաբիա մէկ հատ եկեղեցի չկայ: Դպրոցական դասագիրքերէն պիտի հանուին օտարներուն «խոզեր» կամ նուաստացուցիչ այլ որակումները:
Տասնըհինգ դարերու վաղեմութիւն ունեցող կրօնական օրէնքներն ու արգելքները եղածին պէս կը շարունակուին մինչեւ այսօր, անոնք Ղուրանին հետ «երկինքէն իջած են» եւ անկարելի է փոփոխութեան ենթարկել, կամ քայլ պահել գիտութեան ու կենցաղի յառաջդիմութեան հետ: Դեռ մինչեւ վերջերս որպէս մահապատիժ ըստ Շարիաթի գլխատում կար, իսկ գողերուն ալ ձեռքը կը կտրէին, այն ալ հրապարակաւ:
Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իսլամական ծայրայեղական օրէնքներուն հետեւող երկիրներուն անդրադարձը, յստակ չէ, թէեւ այս Էմիրը խակ գործ չի բռներ, վստահ եմ այդ հաշիւները ըրած է ու կը ջանայ պահպանել իսլամական աշխարհի իր ղեկավարութիւնը: Վերջերս, երբ իսլամական աշխարհը զոհաբերման «Ատհա»-ի մեծ տօնը կը նշէր եւ իսլամական աշխարհէն աւելի քան երկու միլիոն ուխտաւորներ մեկնած էին Մեքքա՝ իրենց կրօնքին ամենակարեւոր մէկ ծէսը կատարելու, պետութիւնը եկուորներուն համար ամենաարդիական միջոցները հայթայթած էր, անոնց ուխտակատարութիւնը դիւրացնելու եւ անոնց կեանքը ապահովելու համար:
Եթէ վերոյիշեալ բարեփոխումները կատարուին, արդեօ՞ք միւս երկիրներէն հետեւողներ պիտի ըլլան, թուլացնելով կրօնքին պարտադրած կաշկանդումները, թէ՞ ընդդիմութիւն պիտի ծագի, յատկապէս այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք առիթի կը սպասեն Ս. Արաբիան հարուածելու: Խլրտումներ սկսած են, սակայն Էմիրը որոշած է ու ետ պիտի չկենայ իր որոշումէն: Ան ծրագրած է երկիրը արդիականացնել ու բանալ աշխարհի առջեւ:
Կրօնքը՝ կրօնք, սակայն բնաւ մոռնալու չէ քաղաքական խաղերն ու զանոնք ծրագրաւորողները, որոնց համար կրօնքը զսպիչ ազդակ չէ քաղաքական նպատակներ իրագործելու ճամբուն վրայ: Իրանը կրնար ընդդիմանալ, մասնաւորաբար որ Շիա դաւանանքին հետեւող երկիր է, սակայն դեռ անցեալները Չինաստանի միջնորդութեամբ Ս. Արաբիա եւ Իրան հաշտութեան եւ համագործակցութեան նոր էջ մը բացին: Շատ մեծ փոփոխութիւններ ու անոնց զուգահեռ՝ շատ մեծ իրադարձութիւններ կը նախատեսուին:
Կ՛ապրինք, կը տեսնենք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ