Բոլորովին անպատշաճ Ձեր խօսոյթը վնասեց առանձնապէս Ձեզ եւ Ձեր հանգամանքին, մինչդեռ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին է՛ եւ կը մնա՛յ հայոց թանկագին հիմնասիւներէն մէկը:
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ*
Ափսոս, շատ ափսոս, Պրն. Փաշինեան:
Շատ դժուար է մեզի համար հասկնալ, թէ անհեռատես ինչպիսի մտածողութեամբ է, որ երկրին արդէն իսկ փխրուն հոգեբանական ներկայ կացութեան մէջ, գրգռիչ, ամենահասարակ բառամթերքով, Դուք ի վերջոյ, Ձեզ, եւ Ձեր շրջապատին է որ նուաստացուցիք միայն, թիրախաւորելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագանին:
Պրն. Վարչապետ, արտայայտելով գիտակից հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան պահանջը, մենք բազմիցս եւ կրկնակի կոչ ըրած ենք Ձեզի, ընդհակառակը՝ համախմբելու մեր ժողովուրդին բոլոր կարեւոր կառոյցները, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մեր հայրենիքին եւ ազգին սպառնացող այսօրուան գոյութենական վտանգները:
Անընդունելի է բոլորիս համար, որ Դուք մինչեւ այսօր գործնապէս որեւէ ջանք չէք կատարեր, այլեւ ընդհակառակը՝ Դուք՝ եւ ակնյայտօրէն Ձեր քաջալերանքով Ձեր նեղ շրջապատը, գործածելով քաղաքակիրթ պարզ հայուն համար ամենախորթ բառամթերք մը՝ պատերազմ կը հռչակէք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագ սպասարկողներու դէմ: Դժբախտաբար, պէտք է անխուսափելիօրէն ենթադրել, որ գիտակցաբար անտեսեցիք թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, իր աշխարհատարած կառոյցով, որ 17 դարերէ ի վեր, ունենալով հանդերձ բացթողումներ, եղած է եւ այսօր ալ կը մնայ մեր ազգային գոյատեւումը ապահովող դիմադրականութեան կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը:
Այս պայմաններու տակ, Պրն. Վարչապետ, հետեւողական ըլլալով է որ, ստիպողաբար ահա անգամ մը եւս կը ստորագծենք եւ Ձեզի կը յիշեցնենք, թէ ազգային գերագոյն մեր շահերը կը պահանջեն, որ Դուք, տագնապալից այս շրջանին, այսօր աւելի քան երբեք, Ձեր առաջնահերթ եւ լրջագոյն անմիջական պարտաւորութիւնը նկատէք ստեղծել ազգային համախմբման այն հարթակը, ուր մէկտեղուին ամբողջ հայ ժողովուրդին, Մայր հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին գործող քաղաքական, մտաւորական գիտական եւ, այո, նաեւ հոգեւորական ոյժ ներկայացնող բոլոր կարեւոր կառոյցները: Այս բոլորին միացեալ եւ համադրուած ոյժերով է միայն, որ կրնանք կառուցել այն հզօր պարիսպները, որոնց շնորհիւ պիտի յուսանք կարենալ ազդու կերպով պայքարիլ եւ ի վերջոյ յաղթահարել ներկայ համաշխարհային աննախընթաց վտանգները:
Պարզապէս արտօնուած չէ մեզմէ ոչ մէկուն, ի մասնաւորի Ձեզ Պրն. Վարչապետ , որ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն տակ անտեսէք կամ տկարացնէք ազգային տոկունութեան արմատներէն որեւէ մէկը, այս պարագային մանաւանդ՝ Հայց. Առաքելական բազմադարեան եկեղեցին:
Քննադատութեան լուրջ նիւթերը առատ են:
Ի գին կրկնութեան, ստիպուած կը մանրամասնենք, Պրն. Վարչապետ, թէ նախ եւ առաջ, յանուն հայ ժողովուրդին, Ձեզմէ կը պահանջուի սրբագրել բոլոր բացթողումները Ձեր այն պարտականութեանց, որոնց ի պաշտօնէ Ձեզ կը նկատենք գլխաւոր պատասխանատու խնամակալը.
Կը պահանջենք, որ այսօրուան վտանգներուն լրջութեան համաչափ հզօրացնէք եւ արդիականացնէք մեր երկրի սահմանները պաշտպանող ազգային բանակը: Առանց այս վերջնոյն, դիւանագիտական համաձայնութիւնները կը մնան ամուլ եւ անզօր:
Կը պահանջենք, որ տնտեսութեան զարգացման զուգահեռ, հոգատարէք եւ քաջալերէք որ մեր ժողովուրդը լաւ սորվի եւ տէր կանգնի իր հարազատ լեզուին, իր պատմութեան եւ իր մշակոյթին:
Կը պահանջենք, որ քաղաքական սակարկութեանց նիւթ չդառնան մեր սրբութիւնները, որոնց շարքին առաջնահերթ են Հայոց բազմադարեան նշանաբան սուրբ Արարատ լեռը, Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ անսակարկելի արդարութեան պահանջը, երեսուն տարիներ իր փառքը երգուած Արցախը՝ այսօր մզկիթներու վերածուող իր եկեղեցիներով եւ իր քանդուող պատմական ազգային յուշարձաններով:
Կը պահանջենք մանաւանդ, Պրն. Վարչապետ, որ առաջնահերթ ծրագիր նկատէք պետական լրջագոյն միջոցներով կազմակերպել եւ զարկ տալ միջազգային տարողութեամբ հայանպաստ հանրային կարծիք (public opinion) կառուցող՝ տեղեկատուութեան ցանցերու: Այսօր այս վերջինները պարզապէս անգոյ ըլլալով՝ դաշտը լայնօրէն բաց է ազերիական ապատեղեկատուական լայնատարած աշխատանքին առջեւ:
Վերոյիշեալ այս Ձեր մեծ բացթողումներուն հետեւանքով է որ, Պրն. Վարչապետ, դժբախտաբար կորսնցուցինք Ղարաբաղը իր ամբողջ ազգային հարստութիւնով: Անհաւատալի, դատապարտելի եւ խիստ վտանգաւոր է նաեւ, որ մինչեւ այսօր հայոց պետութիւնը տակաւին ոչ մէկ ազդու միջոցի կը դիմէ, երբ ազերիական վարչամեքենան եւ ամբողջ մամուլը ազատօրէն «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կը կոչեն նոյնինքն ամբողջ Հայաստանը:
Գիտենք անշուշտ, Պրն Վարչապետ, թէ որոշ չափով սահմանափակ են Ձեր միջոցները, սակայն Ձեր կարեւոր բացթողումներու շարքին կը մտնէ նաեւ, թէեւ ի բնէ անխուսափելիօրէն անհամակարգուած, սակայն այլապէս հսկայ միջոցներ ունեցող Սփիւռքին նկատմամբ պետական լուրջ վերաբերմունքի պակասը:
Այս բոլորէն ետք, ինչ կը վերաբերի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցին, ինչպէս բոլոր մեր միւս կառոյցներու պարագան է, ի դէպ ներառեալ քաղաքական կառոյցները, բնական է եւ ճիշդ է, որ հոն եւս այսօր կան, ինչպէս եղած են անցեալին, կատարուելիք կարեւոր բարելաւումներ: Սակայն այս մտահոգութեանց ծիրին մէջ, բաղդատմամբ մեր միւս կառոյցներուն, բարեբախտաբար մեր Եկեղեցին՝ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ ունի իր գործող ամենալուրջ կանոնագրական վարչամեքենան, որուն ճանապարհով է որ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս բարելաւումները պարտին կատարուիլ: Օրինական այդ վարչամեքենային մէջ պարտականութիւններ եւ իրաւասութիւններ ունին հաւասարապէս, սուրբ Միւռոնով մկրտուած պարտաճանաչ ամէն հայ հաւատացեալ: Այդ հանգամանքները լրացնելու պարագային է միայն, որ Դուք եւս ունիք այդպէսով ձեւաւորուած պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ: Սակայն որոշ է, թէ առանձնապէս վարչապետի Ձեր հանգամանքը կը ցաւինք որ յաւելեալ սահմանադրական իրաւասութիւններ բացարձակապէս չի տար Ձեզի, Պրն. Վարչապետ:
Ահա թէ ինչու անընդունելի եւ դատապարտելի է բոլորիս համար Ձեր եւ Ձեր շրջապատին գործածած անընդունելի բառապաշարով միջամուխ ըլլալու գրոհը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ:
Ընդհակառակը, այժմ կ՛ակնկալուի Պրն. Վարչապետ, որ Ձեր անպատշաճ եւ ամօթալի գրութեանց համար հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէք Եկեղեցիէն եւ հայ հասարակութենէն, որ Ձեզմէ ի պաշտօնէ շատ աւելի բարձր մակարդակի վարք է որ կ՛ակնկալէ:
Ահա, եզրակացնելով կը կրկնենք, ափսոս որ տագնապալից այս օրերուն, ամօթալի Ձեր գրութիւնները մեզ ստիպեցին պահ մը շեղուիլ գոյութենական ազգային մեծագոյն մտահոգութիւններէն:
Պրն Վարչապետ, կրկնելով անմահ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերը, որպէս հոգեւոր ծնողք՝ «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս», մենք եւ Դուք, պարտինք հոգատար, կառուցողական քայլերով միայն մօտենալ, ու մանաւանդ գուրգուրալ անոր: Յամէնայնդէպս, վերոյիշեալ՝ Ձեզմէ սպասուած բոլոր ակնկալութիւնները ամբողջովին լրացնելու պայմանաւ, եւ այնքան ժամանակ որ կը զբաղեցնէք հայրենիքի բարձրագոյն պատասխանատուի պաշտօնը, մենք, Պրն Վարչապետ, հայրենիքին սպառնացող վտանգները յաղթահարելու դժուար ճամբուն վրայ, մեր պարտականութիւնը նկատելով, նաեւ կը շարունակենք կարելիութեանց մեր սահմաններուն մէջ մեր գործակցութեան հաւաստիքը տալ Ձեր կատարած եւ կատարելիք դժուարին աշխատանքին մէջ:Յ.Գ.- Գանատահայ գիտնական՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան ծնած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս,1935 թուին: Այժմ մոնթրէալաբնակ՝ ան արժանացած է Member of the Order of Canada,Գանատայի պետական՝ քաղաքացիական բարձրագոյն կոչումին: Երկար տարիներու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն՝ ներկայիս նախագահն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան ԱՄՆ եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան: Ան՝գլխաւոր հիմնադիրներէն է Հայ եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմին, որուն Թեմական Խորհուրդին Պատուոյ Ատենապետն է: Ան յղացող եւ հիմնադիր-իրականացողն է Գանատահայ առաջին դպրոց՝ Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանին: Բազմատասնեակ տարիներ եղած է ամենամօտ գործակիցներէն հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանին եւ անդամը ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական Վարչական ժողովին, որուն եղած է փոխ նախագահը, իսկ այսօր՝ վաստակաւոր (Emeritus) անդամը անոր: