Երեւանի Խորենացու փողոցի նշանաւոր «Ոսկու Աշխարհ»-ի գլխաւոր մուտքը միշտ զարդարուած կ՛ըլլայ զանազան երկիրներու դրօշակներով, որոնք՝ մուտքը գեղեցկացնելու կողքին, նաեւ որոշ չափով մըն ալ երկրի քաղաքական թեքումն ալ կ՛արտացոլեն: Սովորաբար տեղադրուած կ՛ըլլան մէջտեղը՝ Հայաստանի, կողքը Արցախի, աջ եւ ձախ կողմերն ալ՝ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի դրօշակները: Թէ ո՞վ, կամ որո՞ւ որոշումով կը ծածանին այդ դրօշակները, չեմ գիտեր, սակայն անոնք փոփոխութեան ենթարկուելու պարագային ուշադրութիւն կը գրաւեն:
Հասկնալի են ՀՀ-ի եւ Արցախի դրօշակները, նաեւ հասկնալի է ռուսականը, քանի որ քաղաքը լեցուեր է ռուսերով եւ երեւի անոնց մէջ ալ ոսկեղէնի առեւտուր ընողներ կան. սակայն ամերիկեան դրօշակի պարագայի՞ն ալ նոյնն է, թէեւ ամրան կը շատնան ամերիկահայ այցելուները, բայց անոնց երկրի դրօշակը տնկելու չափ ալ առեւտուր կ՛ընե՞ն արդեօք:
Երեւանի մէջ մի քանի հատ ոսկու շուկայ կայ, սակայն այս մէկը բացառիկ է, նախ՝ իր տեսքով, քանի որ ամբողջ զանգուածը պատուած է ոսկեգոյն շողշողուն ապակիներով, երկրորդ՝ շատ ընդարձակ է, բազմայարկ է, իւրաքանչիւր յարկի վրայ կան մի քանի հարիւր ոսկերչական վաճառատուներ եւ արհեստանոցներ: Եթէ նուազագոյն հաշուով իւրաքանչիւրին մէջ մէկ անձ կը գործէ, ապա՝ նուազագոյնը հազար հոգի մը կը գործէ շէնքին մէջ: Ըսողներ կան, որ թիւը շատ աւելի է, իսկական մեղուի փեթակ, ուր մեղրի փոխարէն ոսկի կը փայլի:
Առջի օր ուշադրութիւնս գրաւեց Արցախի դրօշակին բացակայութիւնը մուտքի դրան վրայ… Ուրեմն հաներ են… Վրդովեցուցիչ ցնցում մը ունեցայ. Արցախի պարպումէն ետք դրօշակը շրջան մը մնաց, ըսի՝ Արցախը գնաց, բայց ժողովուրդը դիւրին-դիւրին համոզուողը չէ, բայց… ահա՛, չկայ անիկա, հաներ են: Հիմա Արցախի դրօշակին փոխարէն կը ծածանի Վրաստանի դրօշակը, առաւել՝ Ֆրանսայի եւ Եւրոմիութեան: Ուշադրութեամբ կը նայիմ ու կը նկատեմ, որ Ռուսիոյ դրօշակն ալ չկայ… Փորձեմ պատճառը գտնել. էհ, Ռուսիայէն խէր չտեսանք, երեսինս Եւրոպային դարձուցինք: Երեւի վրացի յաճախորդները շատցեր են, քանի իրենց մօտ քիչ մը խառն է վիճակը: Ֆրանսան արդէն մեր բարեկամն է, Եւրոմիութիւնն ալ այս օրերուն տաք-տաք ընտրապայքարի մէջ է… ըմմ… ոսկու շուկան քաղաքականութիւն կ՛ընէ՞:
Եթէ քաղաքին մէջ պտոյտ մը կատարեմ, վստահօրէն պիտի նկատեմ, որ շատ տեղերէ Արցախի դրօշները հանուած են: Արդեօք ինքնաբո՞ւխ կերպով, թէ՞ իշխանութեան թելադրութեամբ:
Թէեւ դիմատետրի (Ֆէյսպուք) վրայ ցուցադրուած տեսանք Ալիեւի հօր՝ Հայտար Ալիեւի բերանացի յայտարարութիւնը, թէ Ղարաբաղը Հայաստանին կը պատկանի, ինչպէս նաեւ եռալեզու այն օրինական փաստաթուղթին նկարը, ուր երեք երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները ստորագրած են, փաստելով որ Ղարաբաղը Հայաստանին կը պատկանի. բայց ասոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցան, եւ Արցախը պատմութեան անցաւ, մնաց որ դասագիրքերէն ալ հանուի, եւ անշուշտ ՀՀ սահմանադրութիւնն ալ «սրբագրուի»:
Ցաւալի է շա՛տ, սակայն արդէն կարծես երկիրն ու ժողովուրդը համակերպած են, ցուցադրականը կրնայ տուժել, սակայն ո՞վ կրնայ Արցախը արմատախիլ ընել մարդոց սրտերէն:
Մեր հալէպահայ արուեստագէտ ընկերոջ՝ լուսահոգի Վահէ Ֆեթթէլի նախագծած Արցախի դրօշին վրայ փրցուած մասը փոխանակ միանալու մայր երկրին, փրթաւ, գնաց:
Երբ թանկարժէք բան մը քեզի կը պատկանի, սակայն ուրիշը գրաւած է, զայն վերադարձնելու համար ի՜նչ պայքարներ տեղի կ՛ունենան: Հայաստանի անկախութենէն եւ Արցախի ազատագրումէն առաջ Արցախը մեր սրտերուն մէջ կը կրէինք եւ յանուն անոր վերադարձին ի՜նչ գրականութիւն, ի՜նչ բանաստեղծութիւններ, երգեր ու գեղարուեստական գործեր յօրինուեցան, յանուն Արցախի տարուած պայքարը աւելի սրտաշարժ ու կենարար էր, քան զայն ունենալէ ետք: Այո՛ անոր վերադարձը ազգային ու ժողովրդական տօն էր, անոր համար զոհուածները հերոսացան եւ իրենց պանթէոնը ունեցան Եռաբլուրի մէջ, սակայն… շրջան մը ետք խանդավառութիւնը տեղի տուաւ զայն պահելու ջանքերուն, տեղական ոյժերով ու միջազգային մարմնի մը արդարադատութեան յոյսերէն կախուած: Արցախը մեզմէ զատ նախանձախնդիր պայքարող կողմ, ոչ ալ կողմնակալ բարեկամ ունեցաւ եւ 9 ամիս զայն շրջափակուած պահելու տաժանքին դիմադրելով ու համաշխարհային օգնութիւն հայցելով, երբ բոլոր ակնկալութիւնները անպատասխան մնացին, Արցաը գնաց, իր հետ տանելով բազմահազար մարտիներ:
30 տարի պահուեցաւ Արցախը ու շիջեցաւ: Հիմա ան միայն մեր յիշողութեա՞ն մէջ պիտի մնայ, թէ՞ անակնկալ մը կրնայ վերադարձնել… ո՛չ Արցախը, այլ՝ զայն վերադարձնելո՛ւ ՅՈ՛ՅՍԸ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ