Յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ աշխարհը կը մնայ երկփեղկուած՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի փեղկերով: Եթէ առաջ համայնավարական եւ դրամատիրական երկու աշխարհներու առճակատումն էր, իւրաքանչիւրը իր ազդեցութեանց տարածաշրջանը ընդլայնելու ճիգերով, այսօր, Սովետական աշխարհի փլուզումէն ետք, դեռ ինչո՞ւ կը շարունակուի պայքարը, երբ Ռուսիան թօթափած է համայնավարական ամէն երեւոյթ եւ դարձած է դրամատիրական ազատ երկիր, որեւէ արեւմտեան երկիրի նման:
Հակառակ աւելի քան 30 տարի անցնելուն՝ ճեղքը կը մնայ, կամ կը շարունակեն պահել այդ ճեղքը ինչ-ինչ նկատառումներով: Արեւմուտքն ու գլխաւորը՝ ԱՄՆ-ը, հակառակ իրենց մօտ ալ տարատեսակ սոցիալական, տնտեսական, բարոյական եւ այլ խնդիրներու, մագնիսական ոյժ ունին դէպի իրենց քաշելու նախկին սովետական ազդեցութեան տակ գտնուած երկիրներ, եւ ոչ միայն: Նախկին Սովետական միութենէն անկախացած իւրաքանչիւր երկիր, իր շահերէն ելլելով, կա՛մ կը մնայ Ռուսիոյ համակիր եւ դաշնակից, կա՛մ կը թեքի դէպի Արեւմուտք: Պատահա՞ծ է, որ արեւմտեան որեւէ երկիր ինքնակամ որոշէ թեքիլ դէպի Արեւելք եւ Ռուսիոյ ազդեցութեան ոլորտ մտնել: Չեմ կարծեր: «Ինչո՞ւն» պատասխան ունի՞. ի՞նչն է այդ քաշողական ոյժը, որ Ամերիկան ունի, բայց Ռուսիան չունի:
Անշուշտ հարցը մակերեսային չէ, սակայն նաեւ անհասկնալի ալ չէ, ոեւէ անձ պիտի տրամաբանէ, որ 70 տարի խորհրդային կաշկանդումներու եւ անազատ կեանքի ոլորտէն ելլելով՝ մարդիկ բնականաբար պիտի ուզեն այնպիսի երկիր, կամ երկիրներ երթալ, ուր համայնավարութեան դոյզն անգամ նշոյլը չկայ, ոչ մէկ կաշկանդում, ազատ ասպարէզ, մրցակցութեան եւ հարստանալու առիթներ, կը բաւէ, որ մարդ քիչ մը հնարամիտ ըլլայ եւ աշխատասէր: Ազատութիւնը կը հակակշռէ միւս բոլոր դժուարութիւնները:
Երբ չես ապրած այդպիսի երկրի մը մէջ, «հեռուէն լսուող թմբուկի ձայնը անոյշ կ՛ըլլայ», ինչպէս կ՛ըսէ առածը, կ՛երթաս, կ՛ապրիս ու նոր միայն կը տեսնես, որ, չէ՛, այդ չէ, այստեղ ալ կան այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք հարթելը բաւական ճիգ կը պահանջէ եւ համբերութիւն, ոչ թէ Սովետի ժամանակ հարցերը ԽԾԲ-ով, կամ շիշ մը քոնեաքով լուծելուն նման: Բայց, նոր միջավայր է, օրէնքի երկիր է, իսկ խորհրդային քաղաքացին այնքան հնարամիտ եղած էր իր փոքր աշխատավարձը կրկնապատկելու եւ եռապատկելու մէջ, որ այդ հնարքներով շատ դիւրութեամբ կարելի է խաղի բերել միամիտ արեւմուտքցին:
Խօսելով Ամերիկա գաղթած հայաստանցիներուն մասին, բոլորն ալ կըսեն, թէ շատ լաւ կ՛ապրին եւ նոյնիսկ հարստացած են, հոգ չէ թէ բանտերուն մէջ քիչ չէ անոնց թիւը: Հակառակ անոր, անոնցմէ շատեր կը շարունակեն իրենց դատապարտելի արարքներն ու պատճառ կը դառնան, որ ուրիշներ ալ հետեւին իրենց օրինակին, ու արտագաղթը կը շարունակուի:
Դրամատիրական երկիրը իր կարգ մը բարիքներուն զուգահեռ այնպիսի երեւոյթներ կը պարզէ, որ մարդ կը զարմանայ: Բազմամիլիոնատէր հոլիվուտեան դերասաններուն կուտակած տոլարները ոչինչ են բաղդատած միլիառատէրերուն, որոնք ընդհանրապէս կա՛մ առեւտրական հսկայ հաստատութիւններու տէրեր են, կա՛մ համակարգիչ-համացանցի ծրագիրներու ստեղծողներն են եւ կամ քարիւղ արտադրող երկիրներու տէրերն են, մօրուքաւոր շէյխեր, որոնք նոյնիսկ իրենց ձեռքի թուղթին վրայ տպուածը անսխալ չեն կրնար կարդալ: Երբ կը խօսուի այս մարդոց ունեցածին մասին, կը մտածես, որ քանի զերօ աւելցնելու ես թիւին ետեւ: Եւ յետոյ, կ՛ըսես, մարդ ի՞նչ պիտի ընէ այդ անհաշուելի հարստութիւնը:
Երեւի բաներ կան, որոնք մեզի նման միամիտ մարդոց համար անհասկնալի են: Պալատանման բազմասենեակ առանձնատունե՞ր կրնայ ունենալ, թող ունենայ, վերջիվերջոյ պառկելիք տեղը մէկ սենեակ է եւ մէկ մահճակալ, նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ ոսկեայ է, հանգիստ քուն մը եթէ չունի, գետնին տակ թող անցնի ինք ու իր միլիառները:
Չշարունակեմ, թէ չէ վրաս պիտի խնդան մարդիկ, ի՞նչ ննջարան, ի՞նչ մահճակալ, ի՞նչ քուն, դրամը ՈՅ՛Ժ է… եւ մարդիկ անոր ետեւէն կը վազեն: Ոչ թէ միլիառ, այլ թրիլիոն տոլարներու մասին կը խօսուի, տոլարներ, որոնց երեսը կրնայ տեսած չըլլալ անոնց տէրը, սակայն որպէս բազմազերօներով արձանագրուած թիւ, ոյժը չի կորսնցներ, Արեւե՞լք, թէ Արեւմուտք, միեւնոյնն է: Կը կարդամ լուրը համացանցին վրայ, ապա կը նայիմ Լիբանանի վրանաքաղաքի ցեխախառն, ձիւնածածկ փողոցին մէջ անգուլպայ, հողաթափով կանգնած ցուրտէն դողդողացող աղջնակի նկարին ու լացս կու գայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ