Մոնրէալ, 27 փետր. 2025
Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ծայր աստիճան մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարներու ճակատագիրով, որոնք բանտարկուած կը մնան Ատրպէյճանի մէջ: Շուրջ 18 ամիսներէ ի վեր անոնք կալանուած կը պահուին դժուարագոյն պայմաններու տակ, բարձր շեփորոուղ մեղադրանքներով եւ կ օգտագործուին որպէս քաղաքական ցուցադրական դատավարութեան մասնակից:
Անոնցմէ մէկը` յայտնի բարերար Ռուբէն Վարդանեանը, հացադուլի դիմած է բողոքելու համար մարդու իրաւունքներու ոտնահարման եւ պարտադրուող դժնի պայմաններու դէմ:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը միացնէ իր ձայնը հայկական միջազգային միւս կազմակերպութիւններու ձայնին ու կը պահանջէ միջազգային իրաւական եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններէն ու պետութիւններէն անյապաղ միջամտել` վերջ տալու համար Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ տառապող բոլոր հայ պատանդներուն դէմ բեմադրուող ծաղրանկարային դատավարութեան եւ անմարդկային վերաբերումին:
Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս բոլոր քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին:
Անկեղծօրէն`
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Նախագահ