Յիսուս հրեայ էր, Բեթղեհէմի ծնունդ. Բեթղեհէմը կը գտնուի Պաղեստինի մէջ. Պաղեստինը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այսօրուան պաղեստինցիները քիչ մը թուխ են, hին օրերուն ի՞նչ գոյն ունէր իրենց մաշկը՝ չեմ գիտեր, սակայն վստահաբար ո՛չ շիկահեր էին, ո՛չ ալ կապուտաչեայ, ինչպէս յաճախ զինք կը ներկայացնեն եւրոպացի արուեստագէտները, մինչ ուրիշներ՝ թխամազ, թխաչեայ. իսկ պատահած է, որ Ափրիկէի մէջ ալ զինք սեւամորթ նկարեն: Իսկապէս, ո՞վ գիտէ թէ ան ի՞նչ դէմք ունէր: Դէմքը՝ ընդհանրապէս կանացի գեղեցկութեամբ կը ներկայացնեն: Յիսուսի պարագայի՞ն ալ գեղագիտական միջամտութիւններ ընելու է, որպէսզի գեղեցի՞կ երեւի, որպէսզի իր գեղեցկութեան համա՞ր գրաւիչ դառնայ, իր քարոզները բաւարար չե՞ն իր միտքերը գրաւիչ դարձնելու համար: Առեղծուա՛ծ:
Յիսուսն ընդհանրապէս կը տեսնենք մէյ մը որպէս նորածին, մօր գիրկը, մէյ մըն ալ 30 տարեկանէն ետք, երբ նոր սկսաւ իր քարոզչական գործունէութեան: Մինչեւ այդ տարիքը ո՞ւր էր, ի՞նչ կ՛ընէր, մարդ չի գիտեր: Առեղծուա՛ծ:
Իսկ մայրը, ինչո՞ւ բնաւ չի մեծնար, ոչ նկարներուն մէջ, ոչ ալ քանդակներուն. կը մնայ պարմանուհի գեղեցկուհի մը, նոյնիսկ երբ իր գիրկին մէջ է մահացած որդին, որ 33 տարեկան էր… պարմանուհի մը իր 33 տարեկան տղան գիրկը…Ի՞նչ է միտք բանին, չհասկցայ, նոյնիսկ երբ յարգարժան մտաւորական կղերականի մը հարցուցի, չկրցաւ պատասխանել, ըսաւ՝ երեւի արուեստագէտները այդպէս կը պատկերացնեն զինք: Չհամոզուեցայ: Առեղծուա՛ծ:
Ինչ որ է, շատ խորերը չերթանք, հաւատքը շատ փաստարկներ չընդունիր: Պարզ է, հաւատացեալները գրաւելու համար եկեղեցիներն ալ կը գեղեցկացնեն ներքին յարդարանքով, կղերականներն ալ իրենց շողշողուն հագուկապով:
Յիսուսը խոստացած է, որ վերստին աշխարհ պիտի գայ, դատելու համար ողջերն ու մեռածները: Երկուհազար տարիէ ի վեր կը սպասուի, բայց չեկաւ: Չեկաւ, բայց զինք որպէս արձան բերին ու կանգնեցուցին աշխարհի զանազան կողմերը, բլուրներու ու բարձրադիր տեղերու վրայ: Հայաստանը ինչպէ՞ս կրնար ետ մնալ, երբ ինք է առաջին Քրիստոնեայ ազգը: Այս աններելի թերացումը պիտի սրբագրէ Գագիկ Ծառուկեանը, Հայաստանի մէջ աշխարհի ամենամեծ ու ամենաբարձր Յիսուսի արձանը կանգնեցնելով: Պռաւօ՛, Ծառուկեան, լաւ մտածած ես, թող մարդիկ արարքդ դատապարտեն, թող եկեղեցին իր համաձայնութիւնը չտայ, կարեւոր չէ, դուն ընելիքդ ըրէ, որովհետեւ անկէ ետք է, որ այլեւս մեր հողերը անպաշտպան պիտի չմնան, անկէ ետք է, որ բանակ, զէնք-մենք անպէտք պիտի դառնան եւ մեր թշնամիները Յիսուսէն վախնալով, կամայ թէ ակամայ, ետ պիտի քաշուին իրենց ներթափանցած վայրերէն:
Մեղք որ մեր նախնիները այսպէս չեն մտածած եւ Արեւմտահայաստանի մէջ Յիսուսի արձան չեն բարձրացուցած. ուզէին նոյնիսկ՝ պիտի չկարենային, թուրքը կը ձգէ՞ր այդպիսի սանձարձակութիւն: Էհ, ատոր համար ալ լաւ մը ջարդուեցան, մեր եկեղեցիներն ու հաւատացեալ հօտը բաւարար չէին Յիսուսը գոհացնելու:
Վստահ եմ՝ Ծառուկեանը կը պատուիրէ, որ Յիսուսը հայկական քիթով ըլլայ, քիչ մը հայու նմանի: Ինչո՞ւ Սուրէնեանցը Մարիամ Աստուածածինը հայ կնոջ կերպարով ներկայացուցած է, տղան ալ թող հայու նմանի, վերջիվերջոյ մե՛ր Յիսուսն է, զինք մե՛ր ուզածին պէս կը կառուցենք: Յետոյ, մե~ծ պէտք է ըլլայ, արձանը որքան մեծ ըլլայ, այնքան մեծ կ՛ըլլայ անոր ողորմածութիւնը, որքան բարձր ըլլայ, այնքան բարձր կ՛ըլլայ անոր տրամադրութիւնը եւ բարի աչքով կը հսկէ վերէն:
Եւ այսպէս, մենք կը վերադառնաք կռապաշտութեան: Կռապաշտութիւն է, հապա ի՞նչ է, արձանը կուռք չէ՞, արձանապաշտութիւնը կռապաշտութիւն չէ՞: Դժուարը Ծառուկեանի շուար վիճակն է, դիմացը դրեր է Յիսուսի տասնեակ արձանիկներ, զանազան արուեստագէտներու ողմէ առաջադրուած, որոնք սրտատրոփ կը սպասեն, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ այն բախտաւորը, որուն մանրակերտը ընտրուելով՝ պիտի փառաւորուի թէ՛ նիւթապէս, թէ հռչակով:
Ես ըլլամ՝ այդ արձանագործ արուեստագէտները բոլորն ալ կ՛ուրախացնեմ, մէկ հատ խոշորի փոխարէն, տասը հատ աւելի մանր Յիսուսներ կը կանգնեցնեմ Հայաստանի մէջ. փառք Աստուծոյ, լեռ ու բլուր չի պակսիր մեր երկրէն: Յիսուս ոչ իսկ լուր կ՛ունենայ, սակայն մեր արուեստագէտները կը ցնծան, իսկ ժողովուրդն ալ՝ այդ արձաններէն ո՛ր մէկը հաւնեցաւ, անո՛ր այցելութեան թող երթայ ու աղօթէ:
Վերջացաւ, գնաց, եւ առեղծուածն ալ լուծուեցաւ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ