Հայաստանի իշխանութիւնները այս օրերուն մեծ ակնկալութիւններ կ ուզեն վերագրել այն տեղեկատուութեան, թէ Ատրպէյճանի հետ «Խաղաղութեան պայմանագրի» շարադրութիւնը վերջնականացած է:
Արդարեւ, պարտութեամբ վերջացած քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք, անցեալ չորս տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւնը իբրեւ իր ռազմաքաղաքական գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ, գոնէ իր տեսլականով, Հայաստանի համար իբր խաղաղ եւ հանգիստ շրջան մը ապահովելու երաշխիք Ատրպէյճանի հետ՝ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան պայմանագիրի» մը ստորագրումը:
Այդ չորս տարիներուն ընթացքին վարչապետ Փաշինեանը եւ ՔՊ-ական իր գլխաւոր գործակիցները առանց յուսահատելու ամէն առիթ օգտագործեցին հասնելու համար այդ պայմանագիրի վերջնականացման: Միւս կողմէ, սակայն, ընդհակառակը, այս ամբողջ տեւողութեան, պատերազմի յաջողութենէն գինովցած եւ ինքնավստահ Ատրպէյճանը շարունակաբար ցուցադրեց ամբարտաւան եւ արտառոց պահանջներ ու պայմաններ՝ ուղղուած Հայաստանին, իր բոլոր յայտարարութեանց ընթացքին:
Այս սանձարձակ ամբարտաւանութեան գագաթնակէտը կը կայանայ տակաւին մինչեւ այսօր՝ Ատրպէյճանի պետական բարձրագոյն դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութեանց կողմէ ամբողջ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» անուանելը:

Այս պայմաններուն տակ է որ անցնող օրերուն ընթացքին Հայաստանի եւ ապա միջազգային մամուլին մէջ յանկարծ տարածուեցաւ լուրը, թէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը համաձայնած են «Խաղաղութեան պայմանագրին» պարունակութեան բոլոր կէտերուն շուրջ: Յատկանշական է սակայն, որ մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ջանան այս պարագան ներկայացնել որպէս կարեւոր իրագործում մը, եւ, նոյնպէս ալ, մինչ եւրոպական, ամերիկեան եւ մերձակայ երկիրները եւս լաւատեսութեամբ կ՛արձագանգեն այդ լուրին, միւս կողմէ, սակայն, պայմանագրին ստորագրութեան վայրի եւ թուականի մասին ոչ միայն մինչեւ օրս չկայ որեւէ տեղեկութիւն, այլ նաեւ ու մանաւանդ նոյն ինքն Ատրպէյճանը ոչ մէկ կերպ կ՛անդրադառնայ այդ նիւթին: Առաւել եւս՝ տակաւին ամէն օր Ալիեւ կ՛արտայայտուի Հայաստանէն նոր զիջումներ պահանջելու լեզուով:
Այս բոլորին դիմաց բոլորովին հասկնալի է, թէ նոյն ինքն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին խոշոր մեծամասնութիւնը մտահոգ եւ թերահաւատ է: Առաւել եւս, յոռետեսութեամբ կը սպասէ, որ նախ իրազեկ դառնայ շեփորուած պայմանագրին ամբողջական բովանդակութեան:
Սփիւռքը իր կարգին՝ կը բաժնէ ընդհանրապէս հայրենի ժողովուրդին յոռետեսութիւնը, նկատի ունենալով այսօրուան իշխանութեան մինչեւ այսօր բազմիցս դրսեւորած պարտուողական զիջումներու երթալու գործելակերպը:
Ահա այս պայմաններուն մէջ հասկնալի է, թէ ի պատասխան մեզի ուղղուած հարցումներուն եւ այս կապակցութեամբ մեզմէ ակնկալուած մեր կեցուածքը բացայայտելու պահանջներուն, մենք՝ որպէս գիտակից հայեր, հիմնուելով «Խաղաղութեան պայմանագրին» մասին ցարդ ընդհանուրին հասանելի անկատար տուեալներուն վրայ, մենք եւս կ՛արտայայտենք մեր մտահոգութիւնը եւ, առայժմ, յոռետեսութիւնը:
Այս մտահոգութիւնը եւ յոռետեսութիւնը հիմնաւորուած են մանաւանդ առարկայական լրջագոյն մէկ մեծ եւ հիմնական, բացայայտ բացթողումի մը վրայ, որ մինչեւ այսօր, չորս տարիներ ետք, տակաւին ակնյայտ բացակայութիւնն է Հայաստանի պաշտպանական պատրաստութեան, որ վստահելի կարեւորագոյն երաշխիքը պիտի ըլլար որեւէ պայմանագրի մը իսկական տոկունութեան եւ, հետեւաբար, անոր իսկական արժէքին:
Արդարեւ, պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր վայրերու մէջ որեւէ երկրի մը համար խաղաղութեան ամենաապահով երաշխիքը անոր կատարեալ պատրաստուածութիւնն է իր սեփական ոյժերով ռազմականօրէն դիմագրաւելու որեւէ յարձակում իր սահմաններուն վրայ:
Այդպիսի պատրաստութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, դժբախտաբար, թուղթ եւ ստորագրութիւն կ՛արժեն միայն այնքան՝ որքան կ՛արժեն այդ թուղթը եւ այդ ստորագրութեան մելանը:
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Order of Canada շքանշանակիր