Մարդիկ կան, յատկապէս կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտներու գործիչներ, որոնք իրենց աշխատավայրը իրենց երկրորդ տունը կը նկատեն, երբեմն նոյնիսկ աւելին, երբ տարիներ ծառայելով այդ կեդրոնին մէջ եւ ամէն օր շփում հաստատելով շրջապատի հետ, ընտանեկան միջավայր մը կը ստեղծեն ու իրենք զիրենք կը զգան ինչպէս ձուկը ջուրի մէջ:
Պատկերացուցէք երկարամեայ ուսուցչական ասպարէզի նուիրեալները, կամ ըսենք՝ թատրոնի, գրադարանի եւ կամ թանգարանի աշխատակիցները, որոնք երկար տարիներ ծառայելով՝ տուեալ վայրը իրենց սեփականութիւնը նկատողներու նման կը վարուին ու ամէն ինչ կ՛ընեն, որ իրենց հաստատութիւնը լաւագոյնը դառնայ, սիրուի բոլորէն, արժանանայ մարդոց սիրոյն ու յարգանքին:
Հիմա, պատկերացուցէք նոյն անձերը, երբ յանկարծ, անակնկալ կերպով աշխատանքէ կ՛ազատուին… Ազատուիլը սոսկական բառ մըն է եւ վիճակ մը, սակայն տուեալ անձին համար լախտի հարուած մը կ՛ըլլայ գլխուն, կայծակնային փայլատակում մը, որոտ մը եւ ահաւոր ցնցում մը, երբ մտովին ու հոգեպէս պատրաստ ալ չէ այդպիսի անակնկալի մը, որ սովորաբար կուգայ տարիքի բերմամբ հանգստեան կոչուելուն հետ, ինչ որ օրինական է, իսկ երբեմն ալ՝ այլ հանգամանքներու բերումով:
Անշուշտ մենք կը խօսինք հաստատութեանց մասին, որոնք իրենց վերադաս մարմիններն ունին` տնօրենութիւններ ու նախարարութիւններ: Այդ վայրերուն մէջ ընդհանրապէս զգացական բաժին գրեթէ գոյութիւն չունի, օրէնք կայ եւ խստութիւն, որտեղ որոշումները կ՛առնուին, երբեմն օրինական, երբեմն ալ կամային, հրահանգներ՝ որոնք հարիր չեն տրամաբանութեան եւ արդարութեան, աւելի ճիշդ՝ որտեղ յաճախ կը բացակային տրամաբանութիւնն ու արդարութիւնը:
Դժուար է նկարագրել երկարամեայ անաչառ ծառայութիւն ունեցող անձին վիճակը, որ յանկարծ աշխատանքէ ազատուելու որոշումի գրութիւն կը ստանայ: Օրինակներով խօսիլ կը սիրեմ, սակայն այս պարագային անհրաժեշտ չեմ նկատեր օրինակներ տալ, քանի որ հարցը ընդհանրական է, բոլորին կը վերաբերի:
Նախ խոստովանինք, որ մեր նշած ոլորտներուն մէջ ծառայողները, իրենց յատկացուած աշխատավարձով, ոչինչով կը տարբերին սովորական արհեստաւորէ մը, կամ գործաւորէ մը: Մեր ամենանշանաւոր արուեստագէտները՝ դերասան, բեմադրիչ, երաժիշտ եւ այլք, որոնք համազօր են որեւէ երկրի իրենց նմաններուն, երբեք չեն հաւասարիր օտար իրենց արհեստակիցներու նիւթական վիճակին, երբ անոնք հարստութեանց տէր են, սեփական առանձնատուն ունին, թանկարժէք մեքենայ, ատենը անգամ մը ուզած երկիրը այցելելու եւ լաւագոյն հիւրանոցներուն մէջ մնալու հնարաւորութիւն, մինչ մերինները հազիւ ընտանիք մը պահելու կարողութիւն, երբ իսկական հարստութիւնը առեւտրականներու ձեռքն է, կամ թանկարժէք մետաղներով զբաղողներու:
Ֆէյսպուքով Google-ին հարց տուէք, թէ ինչքան հարստութիւն ունի սա, կամ նա օտար նշանաւոր աստղ դերասանը, կամ դերասանուհին, կամ մարզական աշխարհի աստղ մը, ու պիտի ապշիք, երբ գիտնաք անոնց բազմամիլիոն հարստութեանց չափը:
Անշուշտ հասկնալի է թէ անոնք ինչո՞ւ միլիոնաւոր տոլարներով կը վարձատրուին, իսկ մեր «խեղճուկները»՝ քանի մը հարիւրով: Անոնք աշխարհատարած վարկ ունին, բազմամիլիոն հետեւորդներ ու հանդիսատեսներ, իսկ մերինները՝ միայն տեղական սպառումի ենթակայ: Այս բոլորը վստահ եմ գիտեն վերադաս մարմինները, սակայն երբ քմահաճօրէն մարդիկ պաշտօնէ կ՛ազատեն, կամ թատրոն ու թանգարան կը փակեն, կամ վերանորոգման աշխատանքներու համար ամիսներով փակ կը պահեն տուեալ հաստատութիւնը, այդ ընթացքին այդ արուեստագէտները կամ ծառայողները ո՞ւր կ՛երթան, ինչո՞վ կ՛ապրին…
Եթէ ոչ ուրիշ արժանիքներով, գոնէ մեր մշակոյթով կրնանք բաց ճակատով ներկայանալ աշխարհին
ԿԳՄՍ նախարարութիւնը պէտք է լուրջ զբաղի այս հարցով, մշակոյթի ու կրթութեան ոլորտի մարդիկ լա՛ւ պէտք է ապրին, շա՛տ լաւ, որպէսզի աւելի մեծ սիրով նուիրուին իրենց մասնագիտութեան:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ