Մեր քույր հրատարակության՝ ՌԱԿ «Պայքար» շաբաթաթերթի մայիսի 29 համարում լույս է տեսել հայտնի ամերիկագետ, վերլուծաբան Սուրեն Սարգսյանի հետեւյալ հարցազրույցը, որը վարել է «Արեւելք» կայքէջի խմբագիր, հեռուստալրագրող Սագօ Արեանը։ Իր շահեկանութեան համար որոշ ուղղումներով արտատպում ենք այն՝ պահելով լեզուն եւ ուղղագրությունը։ «ԱԶԳ»
– Երկար ժամանակէ ի վեր որպէս մասնագէտ կþաշխատիք Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու թեմային վրայ ու տարբեր առիթներով ալ շեշտադրած էք, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւականին ոչ բարեյաջող հունի մէջ։ Տակաւին նոյն կարծիքի՞ն էք այսօր, եթէ այո՝ ի՞նչ են հիմնական պատճառները այս ոչ-բարեյաջող կացութեան։ Որո՞նք են մեղաւորները ի վերջոյ։
– Ընդհանուր առմամբ խօսելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին, պէտք է հասկնանք, որ այդ յարաբերութիւններուն օրակարգը տարիներ շարունակ դարձած է միայն մէկ բանի շուրջ` ամերիկեան օգնութիւն տրամադրելուն։ Եթէ ուշադիր հետեւիք, թէ ի՞նչ հարցեր կը քննարկեն հայաստանցի եւ ամերիկացի գործընկերները, կը տեսնէք, որ այդ հարցերը բացառապէս կը վերաբերին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող այնպիսի օգնութիւններու, ինչպէս օրինակ` ժողովրդավարական զարգացում, արդարադատութեան ոլորտի տարբեր ծրագիրներ, նաեւ կ՚իրականացուին ոստիկանութեան հետ կապուած զանազան ծրագիրներ։ Ակնյայտ է, որ խօսքը միակողմանի օգնութեան մասին է, այսինքն ոչ փոխ գործակցութիւն, այլ ընդամէնը միակողմանի օգնութիւն, որ կը տրամադրուի Հայաստանին։ Երբ Ուաշինկթընի մէջ գործնական տրամադրուածութիւն կ՚առաջանայ արտաքին տարբեր հարցերու վերաբերեալ, բնականաբար անոնք կը հասկնան, որ Հայաստանը ոչ թէ գործընկեր է, այլ պետութիւն, որ Միացեալ Նահանգներէն կը ստանայ աջակցութիւն, եւ տարիներ շարունակ այդպէս եղած է։ Բնականաբար վերջին 4 տարիներու ընթացքին, այսինքն յետ-յեղափոխական շրջանին որեւէ լուրջ օրակարգ չէ ձեւաւորուած հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ։ Ճիշդ է, որ աշխոյժ շփումներ կան, բայց այդ շփումները վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին պայմանաւորուած են բացառապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացով, որովհետեւ այստեղ յստակ է, որ Մ. Նահանգները ունի իր շահերը։ Այդ շահերը պայմանաւորուած են այն հանգամանքով, որ Մ. Նահանգները կը ցանկայ մեր տարածաշրջանէն դուրս մղել Ռուսիան, ու եթէ չկարողանայ այդ մէկն ամբողջութեամբ ընել, ապա գոնէ կարողանայ հաւասարակշռել Ռուսիոյ դերակատարութիւնը եր տարածաշրջանին մէջ։ Այդ մէկը բնականաբար տեղի պէտք է ունենայ ոչ թէ Իրանի, Չինաստանի միջոցով, այլ՝ Թուրքիոյ միջոցով, եւ այս տեսանկիւնէն` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը համարուի Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւննէրէն մէկը մեր տարածաշրջանին մէջ, 1992 թուականէն ի վեր։
– Վերջին օրերուն մենք նաեւ կը նկատենք որոշ «ջերմացում» մը, մէկ կողմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ միւս կողմէ ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Անթընի Պլինքընին միջեւ։ Յուսադրի՞չ են այսօրուան գործընթացները, կամ թէ գոյութիւն ունի՞ն որոշակի մտահոգութիւններ։
– Կը կարծեմ, որ որեւէ ջերմացման մասին խօսք չկայ ԱՄՆ-ի պետքարտուղարին եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ։ Ես ամիսներ առաջ պնդած եմ, որ 2022 թուականը պիտի ըլլայ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու աշխոյժ տարի մը, որովհետեւ ամերիկեան օրակարգը մեր տարածաշրջանին մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումն է։ Մեր իշխանութիւնները կը փորձեն լուծել ե՛ւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, ի հարկէ՝ ոչ հայանպաստ ձեւով, բայց կը փորձեն, եւ Մ. Նահանգները բնականաբար կ՚աջակցի Հայաստանի իշխանութիւններուն այս երկու խնդիրներու կարգաւորման տեսանկիւնէն։ Կը կրկնեմ, որ ատիկա հայանպաստ կագաւորում պիտի չըլլայ, բայց Մ. Նահանգներուն համար մեծ հաշուով միեւնոյնն է, թէ ինչպէս կը կարգաւորուի խնդիրը, արդեօ՞ք կը կարգաւորուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջոցով, թէ՞ տարածքային ամբողջականութեան խնդրի միջոցով։ Յամենայն դէպս Մ. Նահանգներուն անհրաժեշտ է, որ այս տարածաշրջանին մէջ խնդիրներ չըլլան եւ խաղաղութիւն տիրէ, որպէսզի իրականացնէ իր նպատակը, որ, ինչպէս նշեցի, Ռուսիան հակակշռելն է։
– Արցախի խնդրով առկայ է մեծ անորոշութիւն կապուած ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի գործունէութեան դաշտ վերադառնալուն։ Այս առումով ալ մեր ընթերցողը կը հետաքրքրէ անշուշտ, թէ ձեր դիտարկումով ԱՄՆ ինչպիսի տեսակէտ ունի արցախեան խնդրի կապակցութեամբ։ Ի՞նչ են այս մասին ձեր վերջին վերլուծումները։
– Ինչ կը վերաբերի Մինսքի խումբի գործունէութեան, ես կը կարծեմ, որ ոչ միայն ամերիկացի, այլ նաեւ մնացեալ համանախագահները տարակուսանքի մէջ են, որովհետեւ չեն հասկցած, թէ Հայաստանը ի՞նչ կ՚ընէ։ Եթէ այլեւս գոյութիւն չունի Մինսքի խումբ, ինչո՞ւ բանակցութիւնները կ՚ընթանան պրիւքսէլեան ձեւաչափով կամ Պրիւքսէլի միջնորդութեամբ. ասիկա չափազանց կարեւոր եւ նուրբ պահ է։ Ի հարկէ, Մ. Նահանգները կը ցանկայ, որ Մինսքի խումբը շարունակէ իր գործունէութիւնը, բայց հաշուի առնելով ռուս-ամերիկեան լարուած յարաբերութիւնները, նաեւ հաշուի առնելով տարածաշրջանի իրողութիւնները, Մինսքի խումբը այս պահու դրութեամբ, ցաւօք սրտի, գործունեայ չէ, եւ կը կարծեմ հայերուս շահերէն կը բխի, որպէսզի Մինսքի խումբը նոյն կազմով եւ նոյն մանտաթով շարունակէ իր աշխատանքը, այսինքն մանտաթ ունենայ բացառապէս զբաղելու խնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ, այլ ոչ թէ մարդասիրական հարցերով։
– Ձեր տեսակէտով Պաքուի հանդէպ ԱՄՆ-ի կողմէ վերջին ժամանակներուն հնչած քննադատութիւնները եւ «յիշեցումներ»ը Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու խնդրին որքանո՞վ կրնան ազդեցիկ ըլլալ, կամ թէ ինչ-որ տեղ արդիւնք կարո՞ղ են տալ։
– Պաքուի նկատմամբ Մ. Նահանգներու հնչեցուցած վերջին ուղերձները ընդհանուր առմամբ կրնամ գնահատել որպէս կարեւոր քայլ յիշեցման տեսանկիւնէն, բայց չմոռնանք, որ Մ. Նահանգները շատ ու շատ գործիքներ ունի Ատրպէյճանի վրայ ազդելու եւ գերիներու հետ կապուած կարգ մը խնդիրներ լուծելու տեսանկիւնէ, բայց այդ գործիքները չեն օգտագործուիր ու չեն կիրառուիր։ Կը կարծեմ, որ բոլորին ակնյայտ է, որ Մ. Նահանգներու յայտարարութիւնները միայն չեն կրնար ստիպել, որ Ատրպէյճան երթայ այս հարցով որոշ զիջումներու եւ ազատ արձակէ հայ ռամագերիները, պէտք է այնպիսի ճնշում գործադրուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ, որ Իլհամ Ալիեւն ստիպուած ըլլայ հայ ռազմագերիները ազատ արձակել ու վերադարձնել Հայաստան։ Այդ գործիքները, կը կրկնեմ, Մ. Նահանգները ունի, եւ յայտարարութիւնները բնականաբար բաւական չեն այդ խնդիրները լուծելու համար։
– Միւս կողմէ, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու տեսակէտէն ի՞նչ ակնկալութիւններ ունի այդքան ծաւալուն ամերիկահայ համայնքը եւ այս առումով ալ ժամանակը չէ՞ յստակ ուղղութիւններ ունեցող «ճանապարհային քարտէս» մը կազմելու։
– Ի հարկէ, համայնքը շատ կարեւոր դեր ունի եւ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ընդհանրապէս հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ, բայց այսօր մենք կը տեսնենք, որ Սփիւռքի մեր հիմնական կազմակերպութիւնները եւ Ուաշինկթընի լոպպիստական կառոյցները չեն ողջուներ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, եւ ընդհակառակը կը համարեն, որ անոնք ոչ հայանպաստ գործընթացներ են եւ ամբողջ կարողութեամբ կ՚ընդդիմանան այդ գործընթացներուն։ Ի հարկէ, Սփիւռքի դերն ու նշանակութիւնը չափազանց կարեւոր է Հայաստանին, Մայր հայրենիքին համար. չափազանց կարեւոր աշխատանք կը տարուի Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար, բայց, ցաւօք սրտի, Հայաստանի մէջ նման աշխատանք Լեռնային Ղարաբաղի համար չի տարուիր իսկ։ Այնպէս որ, Մ. Նահանգներու մեր հայ համայնքը եւ մեր լոպպիստները ցաւօք սրտի մնացած են առանձին թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի յարձակողական (aggressive) ու զարգացող ազդեցութեան դէմ պայքարին մէջ։
Զրույցը վարեց ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԸ
Երեւան
«Պայքար», 29.05.22