Օրը՝ նոր, ռազմական զէնքերը՝ նոր: Մարդ եթէ հետեւող ըլլայ ռազմագիտութեան ոլորտին եւ յատկապէս պատերազմական զինատեսակներու ասպարէզին, ուր աշխարհի մեծագոյն պետութիւնները մրցակցութեան մէջ են ցարդ եղածներէն տարբեր, ցարդ մեր ունեցածներէն աւելի որակաւոր, աւելի արդիական զէնքեր արտադրելու եւ անոնց վաճառման շուկայ գտնելու, ամէն օր պիտի զարմանայ եւ, ինչու չէ, պիտի հիանայ ցուցահանդէսներու մէջ տեսնելով զինամթերքի գիւտարարներու ստեղծագործութիւնները, որոնք պարզապէս մարդ արարածն սպաննելու եւ անոր շինածն ու պահածը փճացնելու համար են: Այս վերջինին շատ չեն անդրադառնար, երբ գնորդները կը մտածեն իրենց բանակին հզօրացման մասին, ուր ինքնապաշտպանութիւնը առաջնայինն է, իսկ դիմացինը ոչնչացնելը՝ պարզապէս յանուն բարի նպատակի, իր երկրի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան համար: Այստեղ յանցապարտութիւնը տեղ չունի, «արդար» է՝ «կը միտին մե՞զ սպաննել, մեր երկի՞րը քանդել, չէ՛, իրենք թող մեռնին ու իրենց երկիրը թող քանդուի»:
Անշուշտ այս մասին խօսիլը շատ կ՛երկարի, քանի որ տեսութիւններ, տեսակէտներ, համոզումներ իրարու կը բախին ու հարցը անսահմանօրէն կ՛երկարի:
Ես այս նիւթը արծարծեցի, քանի որ միտքս ուրիշ բան կար: Ըսեմ: Պատերազմական բոլոր տեսակի զէնքերէն շատ աւելի վտանգաւոր զէնք մը կայ, որուն առջեւ տկար կը մնան աւանդական թէ արդիական, լազերային թէ հիւլէական տարատեսակ զէնքերը… Այդ ամենահզօր զէնքը լրատուամիջոցներն են, լրագրութիւնը, բանաւոր, գրաւոր, լսելի ու տեսանելի իր տարբերակներով, որուն «Չորրորդ իշխանութիւն» անունը կու տան, նախագահութենէ, խորհրդարանէ եւ կառավարութենէ ետք չորրորդը:
Ան իր զանազան տարբերակներով մտած է ամէն տուն ողջ աշխարհի տարածքին: Չկայ անկիւն մը, ուր ան գոյութիւն չունի, բացի երբ կամովին կը վանես, կամ կ՛անջատես զանոնք:
Բազմահազար հեռատեսիլի կայանները, բազմամիլիոն տպաքանակով օրաթերթերը եւ անշուշտ միլիառներով ալ գրպանի հեռախօսները:
Անշուշտ անոնք կը պատկանին կա՛մ անհատ ձեռնարկատէրերու, կա՛մ կուսակցութիւններու, կա՛մ տարբեր կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու եւ այլն: Անոնք նախատեսուած են ընթերցողներուն մօտ կարծիք ձեւաւորել, իրենց հետեւորդները կանխամտածուած ուղղութիւններու մէջ դնել, իրենց կամքին ենթարկել, իրենց քաղաքական թէ այլ տեսակէտերը ներարկել անոնց մէջ եւ ուղեղի լուացում կատարել: Մէկ խօսքով, զանգուածներ իրենց ետեւէն տանիլ յանուն շահի, գաղափարի եւ այլ նպատակներու:
Աղէտը այստեղ է. այսօրուան մարդը հազիւ թէ ինքնուրոյն համոզում գոյացնէ, ազատ ու անկաշկանդ տեսակէտ ու կարծիք ունենայ, մասնաւորաբար ազատ խօսքի ռահվիրայ երկիրներու մէջ: Հմուտ եւ որոշ ժողովրդականութիւն շահած լրագրողներուն գրածները մարդիկ կ՛ընդունին հալած իւղի պէս, կը վստահին, կը հաւատան. ու հոս կը սկսի փորձանքը, մէյ մը որ օձիքդ անոնց ձեռքը տուիր, ալ կը քշուիս անոնց հովերէն դէպի ուր որ փչեն, ու քու համոզումդ ալ կը կիսես երկրորդի մը ու երրորդի մը հետ, եւ այսպէս զանգուած կը կազմուի, որ դիւրութեամբ կրնայ շատ մը հաստատուն գաղափարներ տեղաշարժ ընել:
Պատերազմներու ընթցքին, մեծ տեղ ունի գաղտնագրութիւնը, յատուկ գրելաձեւով ու բառերով, որ բացայայտելու եւ հաղորդուած գաղտնիքը մերկացնելու համար ի՜նչ միջոցներու կը դիմեն: Այստեղ արդէն իրականութիւնը խեղաթիւրողներու ասպարէզն է, որ իր արդիւնքը կու տայ եւ շատ մը իրականութիւններ շրջուած ձեւով կը ներկայացուին:
Ասոնք, անշուշտ ինքնեկ կերպով, սիրողական մակարդակով չեն ըլլար, յատուկ դասընթացքներէ եւ լրագրային մարզումներէ կ՛անցնին այս ոլորտին թեկնածուները: Լաւ շարադրուած կեղծ լրատուութիւն մը կրնայ ամբողջ պատերազմի ընթացքը փոխել, կրնայ բանակի մը երկփեղկման պատճառ դառնալ, կրնայ երկրի մը նախագահին վարկն ու բարոյականը կասկածի տակ առնել ու խաթարել անոր յաջորդ ընտրութեան կարելիութիւնը: Օրինակները շատ են, թուելու կարիք չկայ, այնպէս որ իրականն ու կեղծը զատորոշելու լուրջ աշխատանք կը տանին:
Իսկ մեր սովորական կեանքին մէջ չե՞ն պատահիր նման բաներ: Կը պատահի՛ն, զգոյշ ըլլալու է եւ անմիջապէս, առանց լուրը մաղէ անցընելու, լուրին հաւատալով հակառակ դիրքորոշում առնելու չէ: Գիտութիւնը այնքան զարգացաւ, որ մարդ կը զարմանայ, թէ ցարդ ինչպէ՞ս կարելի չէ ճիշտն ու սուտը իրարմէ անջատել:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ