Անասունները, երբ մէկը միւսին վրայ պիտի յարձակին, կամ երբ կը պատրաստուին յօշոտել զիրար, նախ՝ իրարու շուրջ դառնալով զիրար կը դիտեն, կը հոտոտան, յետոյ թաթերնին երկարելով կը փորձեն դպչիլ ու հակազդեցութիւնը տեսնել, ապա կ անցնին «գործի», կամ դիմացինին տկար կողմը չափելով՝ մէկը միւսին վրայ կը յարձակի, կամ ամէն մէկը մենամարտի դաշտը լքելով՝ քամակը կը դարձնէ ու կ՛անցնի, կ՛երթայ, երբ զգայ թէ կռիւը ի զուր է:
Մարդոցմէ ալ ոմանք խելք գործածելով կ՛որոշեն կռուիլ, երբ իրենք զիրենք դիմացինէն աւելի հզօր կը նկատեն. Իսկ եթէ երկուստեք տկար են, կամ երկուստեք ուժեղ, կը բաժնուին, կ՛երթան քանի մը սպառնալիք խօսքեր ուղղելով իրարու, եւ վերջ:
Լա՛ւ, անասունն ու մարդը այսքան խելք ունին, պետութիւնները խելք չունի՞ն: Ահա՛ տարիէ մը աւելի է, որ ռուս-ուքրաինական, կամ ռուս-արեւմտեան պատերազմը վերջ չի գտներ, եւ վերջ ալ պիտի չգտնէ, այնքան ատեն, որ յամառութեամբ իւրաքանչիւրը իր ոյժին յենած կը փորձէ յաղթանակ տանիլ: Տարի մը ամբողջ փորձեցիք, իւրաքանչիւրը հասկցաւ դիմացինին ոյժին ու տկարութեան կողմերը, վստահ եմ զգացին, որ ոչ մէկուն է յաղթանակը, ալ նստելով սեղանի մը շուրջ վերջ պիտի չդնէ՞ք սա անիմաստ պատերազմին: Պիտի շարունակէք զիրար կոտորե՞լ, քաղաքներ աւերե՞լ, ժողովուրդ տեղահանե՞լ: Յետո՞յ… Յետոյ նստիլ հաշուել զոհուածներուն թիւը, ողբալ, սեւազգեստ մայրերն ու քոյրերը մխիթարել, «հերոսներուն» մետալներ բաժնել, ու այս անմիտ պատերազմը պանծացնող յուշարձան կանգնեցնել:
Եթէ ռուս-ուքրաինական պատերազմը անցեալ տարի սկսաւ, ապա Իսրայէլ-Պաղեստին «պատերազմը» 75 տարիէ ի վեր կը շարունակուի ու պիտի վերջ չ՛ունենայ, մինչեւ որ Իսրայէլը հասկնայ, որ Պաղեստինի հողը լեցուն է քարերով եւ այդ «զինամթերքը» երբեք չի սպառիր, ոչ ալ Իսրայէլեան արդիական զէնքերով ու հրթիռներով պաղեստինցի հազարաւոր նահատակները կը կասեցնեն նոր սերունդին քարերով պահանջարկը, յանուն արդարութեան եւ անկախութեան: Թէեւ քանիցս փորձեցին նստիլ ու հասարակ յայտարարի մը գալ, սակայն Իսրայէլ անզիջում է այնքան ատեն, որ դրդողներ կը շարունակեն պենզին լեցնել կրակին վրայ:
Վերջացուցէք ալ, մեղք են այս մարդիկը, հերիք որքան զոհ տուին, վերջ ի վերջոյ օր մը պիտի տիրանան անկախութեան, հիմակուընէ կարելի չէ՞ այդ մէկը նախատեսելով պատերազմը կասեցնել ու համաձայնութեան գալ: Նոյնն ալ Սուրիոյ պատերազմն է, 12 տարի… Սկիզբէն կարելի չէ՞ր կանխատեսել կռիւի ապագան: Հիմա ալ, երկիրը քարուքանդ ընելէ ետք, նոր- նոր կուգան սխալը սրբագրելու:
Ըսածս տրամաբանական է, ըստ ինծի եւ ըստ ինծի պէս մտածողներուն, սակայն ի՞նչ իմաստ ունի մեր տրամաբանածը, երբ անդին ազգամիջեան կռիւները հրահրող- հովհարող -հովանաւորողները իրենց եփած ապուրի կաթսան կրակէն վար չեն առներ:
Հակամարտութեանց թնճուկներ կան, որոնց ապագան նախօրօք կանխատեսելի է, յատկապէս մասնագէտներու կողմէ, սակայն ասով հանդերձ սկիզբէն պաղ ջուր չեն թափեր իրենց կիրքերուն վրայ ու կը սկսին կռիւի: Հերոսութիւն չէ պատերազմի մէջ մտնել, ապա զէնքերը վար դնել: Հերոսութիւնը պատերազմը կանխելու մէջ է, յատկապէս երբ կողմերուն ոյժերը գրեթէ հաւասար են: Սակայն վատը այն է, որ այսպիսի պարագաներու, նոյնիսկ եթէ երկու կողմերը համաձայնին չկռուիլ, երրորդ կողմերուն հաշիւը կայ:
Մի՛շտ, որեւէ հարցի մէջ, երբ երրորդ կողմ մը կայ, հարցը կը բարդանայ, կը կնճռոտի: Իսկական հաշտարարները կողմ չեն, անոնք անկողմնակալ են, խօսքս կողմնակալ երրորդի մասին է, կամ աշխարհի երրորդ կողմերուն մասին է, որոնք հակամարտութիւնները առիթ կը նկատեն շահ ապահովելու համար: Ու որքան երկարի ընդհարումը, այնքան կ՛աւելնայ անոնց շահը:
Մարդկային ուղեղի արդիւնք՝ հրաշքներու համազօր գիտական յառաջդիմութեանց այս դարուն, ուր գրեթէ բոլոր ասպարէզները ունեցան իրենց բաժինը, միայն տրամաբանութի՞ւնն է, որ տեղքայլ ըրաւ, կամ նոյնիսկ յետքայլ արձանագրեց: Ազատեցէ՛ք Տրամաբանութիւնը իր կապանքներէն, որպէսզի քայլ պահէ յառաջդիմութեանց հետ, որպէսզի մարդկութիւնը քիչ մը հանգստանայ: Վե՛րջ տուէք պատերազմներուն, ալ կը բաւէ՛:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ