Գորշ է պատկերը, ամպամած է մեր երկինքը, նոյնիսկ ամենապայծառ օրերուն: Անտրամադրութիւնը ճնշուած, ցաւոտ գունդի է վերածուած ու նստած է սրտերու մէջ: Անհանդարտ է քաղաքը, մեր մայրաքաղաքը, թախծոտ է, նոյնիսկ ցուցարարներու հայրենասիրական կոչերուն ու երգերուն տակ:
Սեփական ու հանրային մարդատար մեքենաները խցանումի մէջ ուռկանուած, վարորդէն եւ ուղեւորներէն երբեմն բարձրաձայն, երբեմն անձայն բողոքով ու զայրոյթով կը լեցնեն միջոցը. տեղ պիտի հասնին՝ աշխատանք, դպրոց, բուհ, բուժկեդրոն, ժամադրութիւն, տուն, ճաշ, երեխաներ…
Վրաններուն տակ նստացոյց կատարողները, փողոցային երթերուն մասնակցողները, անոնք ալ տուն-տեղ, ընտանիք, երեխաներ, գործ, դաս ու առողջական հարցեր չունի՞ն: Ունի՛ն անշուշտ, անոնք ալ քաղաքացի են ու ընդհանուր անտրամադրութեան պատասխանատուութիւնը կը վերցնեն իրենց վրայ, սակայն կը հաւատան, որ ամէն ինչ կարելի է զոհել յանուն հայրենիքի պաշտպանման, յանուն հայրենիքը վտանգի եզրին հասցուցած պատասխանատուներուն հրաժարականի պահանջքին:
Իւրաքանչիւր կողմ իր արարքը կը պաշտպանէ, իւրաքանչիւրը իր ըրածներուն տուն տուող պատճառները կ՛արդարացնէ, իսկ «անկողմ» ժողովուրդը իր առօրեայ կեանքը, աշխատանքն ու հանգիստը չ ուզեր կորսնցնել:
Ճիշդի ու սխալի, իրաւունքի ու անիրաւութեան հարցերով կարելի է երկար վիճիլ, սակայն երկկողմ կիրքերը այնքան բորբոքած են, որ չափազանցութիւններու կ՛երթան, յաճախ մոռնալով, որ թանկարժէք բան մը ոտքի տակ կ՛երթայ: Եւ երկինքը կը շարունակէ գորշ մնալ:
Ու յանկարծ, այս ընդհանուր ստուերային վիճակին մէջ, փայլատակող լոյս մը՝ գեղարուեստի աննախընթաց ցուցադրութիւն, հայ անուանի նկարիչներու գործերուն վերակենդանացումը: Սարեան, Մինաս, Յակոբ Յակոբեան, Գառզու… անոնց ծանօթ գեղանկարները գունագեղ մարդկային կերպարներով կազմուած, որոնք յանկարծ կը շարժին ու պարային շարժումներով կեանքի կու գան, աննախընթաց արուեստի բարձրորակ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Այս արուեստը նոր չէ, յաճախ արուեստի գլուխգործոցներ այսպիսի ներկայացումներ կ՛ունենան, սակայն մեր մօտ, այս օրերուն, այս մթնոլորտին մէջ, երկնային մանանայի նման իջաւ հոգիներուն մէջ: Ամէն ինչ չէ լճացած, քաղաքը տխուր շղարշով մը պատուած է, սակայն, ահաւասիկ տխրութիւնն ու մտահոգութիւնը փարատող հիանալի ձեռնարկ:
Լոյս եւ ստուեր իրարու կը հակադրուին, երբեմն կը գժտուին, երբեմն ալ զիրար կը գրկեն: Առանց լոյսի ստուեր չի գոյանար, առանց ստուերի ալ լոյսին արժէքը չ իմացուիր:
Ու յանկարծ, կրակը մեղմանալու փոխարէն, աւելի բորբոքեցաւ, երբ, ցարդ քօղածածկ մնացածը, լեզուի տակ մնացածը, լոյս աշխարհ եկաւ՝ ուրեմն արդէն որոշուած է, Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ, «պայմանաւ որ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը պահպանուի…», եւ այս պայմանը ոչ մէկը կը հետաքրքրէ, որովհետեւ անիմաստ, անիրագործելի բան մըն է: Ափսոս: Ստուերը վերածուեցաւ խաւարի: Ցարդ մէկ կողմ կեցող, դիտողի դերին մէջ եղողներէն շատեր միացան ցուցարարներուն:
Դժուար է ընդունիլ արիւնով ու հազարաւոր նահատակներով ազատագրուած հողը դարձեալ ձգել թշնամիին ճանկերուն մէջ: Դժուար է ընդունիլ, որ աշխարհն է պարտադրողը, Հայաստանը մինակ է այս հարցին մէջ, ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն դէմ, որոնք ոչինչ ըրին պատերազմի ատեն Հայաստանին օգնելու համար: Իսկ այսօր Ալիեւի՛ն պէտք ունին ռուսական կազին փոխարէն, ազերիական կազով մատակարուելու համար, նոյնիսկ ռուսախառն կազով:
Այս ստուերը փարատելու համար՝ յանկարծ ուրախ լուր մը, թէ Հայաստանը ունեցեր է իր տիեզերական արբանեակը: Իբր թէ այս լուրը պիտի ուրախացնէր ժողովուրդը, չեղաւ, չ ըլլար, ոչ մէկ բան կրնայ մեղմել Արցախը կորսնցնելու ցաւը: Ո՛չ արբանեակը, ո՛չ աշխատավարձերու բարձրացումը, ո՛չ մէկ բան: Ստուերը դարձեալ պատեց, իսկ մենք ծարաւ ենք լոյսի:
Ե՞րբ պիտի երգենք՝ «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա…»:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ