Մայիսի 15-ը պիտի մնայ յատկանշական թուական մը Լիբանանի պատմութեան մէջ:
Արդարեւ, այդ օր լիբանանցին ընտրեց իր նոր խորհրդարանը, որուն գլխաւոր յաղթողը հանդիսացաւ Փոփոխութեան ալիք մը, որ եկաւ ո՛չ ըսելու փտած համակարգի մը, որ կը փորձէր ինքզինք վերընտրել:
Արդարեւ, ծանր ընտրապայքարն ու հեւքոտ օրը տուաւ իր պտուղները: Արժանաւոր եւ խոստմնալից դէմքեր մուտք գործեցին խորհրդարան: Անոնց շարքին՝ ՌԱԿ-ի զօրակցած թեկնածուն՝ արժանաւոր հայուհի՝ Փոլա Եագուպեանը, որ մեր ժողովուրդին հաւատարիմ ջանքերով պատուաբեր արդիւնքով մը երեսփոխան ընտրուեցաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանէն:
Այլ խօսքով, ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն յայտա-րարութեամբ արդէն իսկ հիմը կը դրուի նոր սկիզբի մը, հիմնուելով արդարութիւն պահանջող քաղաքացիներուն, որոնք մայիսի 15ին քուէատուփերուն մէջ իրենց զետեղած թղթիկներով ցոյց տուին այդ:
Կ՛ողջունենք բոլոր այն լիբանանցի մեր հայրենակիցներն ու համա-քաղաքացիները Լիբանանի մէջ թէ արտերկրի, որոնք հաւատք ընծայեցին Փոլա Եագուպեանի արդար գործունէութեան, եւ ուզեցին իրենց կեանքը շարունակել մայրիներու այս երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր սիրելի հայրենիքը ապաքինուած ու նպատակասլաց տեսնել, իրենց ճամբան շարունակելով Փոլա Եագուպեանի գծած ուղիով, եւ որոնք հաւատացին, թէ կարելի է նոր սկիզբի մը հիմը դնել եւ ամէն ջանք գործադրեցին առ այդ:
Այսօր մենք ունինք երիտասարդներու ամենամեծ սերունդը, որ գիտէ առաւել եւս բարձրաձայնել Լիբանանը հարուածող տնտեսական և քաղաքական տագնապներուն առնչութեամբ եւ արդար լուծում պահանջել իր իրաւունքներուն տիրանալու համար:
Նշենք, որ Փոլա Եագուպեանի ցանկակից այլ թեկնածու մը՝ Սինթիա Զարազիրի նաեւ յաջողեցաւ խորհրդարան մուտք գործել ցանկին ապահոված մեծ թիւով քուէներուն շնորհիւ:
Աւելին՝ նշենք, որ ՌԱԿ-ի զօրակցած միւս երկու թեկնածուները՝ բժ. Արա Պարտագճեան եւ զօրավար Նարեկ Աբրահամեան, նաեւ պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգեցին, որոնց ստացած քուէները չնչին տարբերութեամբ տեղի տուին իրենց մրցակիցներուն:
«Զարթօնք», 17.05.22