«Ազատագրական շարժում»ի մեր զինակիցներուն հետ 1-3 յուլիս 2022-ին եռօրեայ ուխտագնացութեան մը մասնակցեցայ դէպի Արցախ՝ զօրակցելու տեղւոյն հայութեան, յատկապէս՝ Բերձորի ու Աղաւնոյի, եւ ընդհանրապէս բոլոր հայկական բնակավայրերու հայրենակիցներուն կողքին ըլլալու այս օրհասական պահուն։
Բերձորի Օրակարգը
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի՝ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 6-րդ կէտին մէջ նշուած էր՝
«……. Լաչինի միջանցքը (5 քլմ. լայնութեամբ), որը ապահովելու է Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդորում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, մնում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ:
Կողմերի համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապն ապահովելու համար առաջիկայ երեք տարիների ընթացքում պիտի հաստատուի ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔՈՎ նոր երթուղու կառուցման նախագիծ, որից յետոյ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար»:(*)
Վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ նշուած այս պայմանաւորուածութենէն կարելի է հետեւցնել հետեւեալը.
* Երեք տարիներու ընթացքին կողմերուն միջեւ պէտք է համաձայնեցուի նոր երթուղիի մը կառուցման նախագիծ եւ ոչ թէ կառուցուի երթուղի,
* Երթուղին պէտք է ըլլայ Լաչինի միջանցքով եւ ոչ թէ Լաչինի շրջանի այլ մասով:
Պէտք է նշենք, որ Լաչինի միջանցքին վրայ գտնուող բնակավայրերուն մէջ, անոնց շարքին՝ Բերձոր քաղաքին մէջ մարդիկ կ՛ապրին իրենց պապենական հողերուն վրայ:
Հետեւաբար, եթէ այն լուրերը ճիշտ են, որ մօտ օրերս Լաչինի միջանցքը, ներառեալ՝ Բերձոր քաղաքը եւ միւս բնակավայրերը պիտի յանձնուին Ազրպէյճանին, ապա շարք մը հարցեր կը ծագին, որոնց պատասխանները Հայաստանի իշխանութիւններէն պէտք է ակնկալել.
1) Յայտարարութեան 6-րդ կէտին համաձայն պէտք է ըլլայ նաեւ Հայաստանի համաձայնութիւնը: Հայաստանը իր համաձայնութիւնը տուա՞ծ է արդեօք, որ այդ նոր ճանապարհը փոխարինէ Լաչինի միջանցքին: Եթէ տուած է, ապա ո՞ր պաշտօնատար անձը տուած է զայն եւ ե՞րբ։
2) Ինչո՞ւ է Հայաստանը համաձայներ, որ Լաչինի միջանցքով չանցնող այլ երթուղի մը հաստատուի, այսինքն երթուղին անցնի Լաչինի միջանցքէն դուրս գտնուող այլ տարածքով, ի հակասումն յայտարարութեան ռուսական թեքստին։
3) Ինչո՞ւ Հայաստանը կը շտապէ, երբ երեք տարիներու ընթացքին պէտք էր համաձայնութիւն ձեռք բերել երթուղիի նախագիծին վերաբերեալ եւ ոչ թէ բուն երթուղին կառուցել։
4) Ի՞նչ պիտի ըլլայ Լաչինի միջանցքին վրայ գտնուող հայկական բնակավայրերու, ներառեալ՝ Բերձոր քաղաքի բնակիչներուն ճակատագիրը: Հայաստանը պիտի պաշտպանէ՞ արդեօք բնակիչներուն կեանքը, եթէ ռուսական խաղաղապահները դուրս գան Արցախէն։
5) Հայաստանէն Արցախ կազամուղը արդեօ՞ք չ’անցնիր Լաչինի միջանցքով եւ արդեօք Լաչինի միջանցքէն հրաժարելու պարագային, Ազրպէյճանը չի՞ վերացներ կազատարը եւ իր կողմէն կազով չապահովեր Արցախը, հետագային զայն իրմէ կախման մէջ պահելու եւ տարածքները իւրացնելու նպատակով։
6) Արդեօք միւս ճանապարհը ունի՞ այն անվտանգութիւնը (օրինակ՝ այլ դիրքերէ թիրախաւորում այդ ճանապարհով երթեւեկողներուն), ինչն այսօր ունի Լաչինի միջանցքի ճանապարհը.
7) Արդեօք միւս ճանապարհը աւելի դժուարանցանելի չէ՞, քան Լաչինի միջանցքի ճանապարհը:
Այս հարցերուն աւելի մօտէն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ խրախուսելու ու սատար հանդիսանալու համար տեղւոյն հայորդիներուն, «Ազատագրական շարժումը» ծրագրեց ներկայացուցչական խումբով մը այցելել Արցախ՝ անցնելով Բերձորէն ու շրջակայ գիւղերէն եւ մի քանի օր շփուիլ Արցախի մեր հայրենակիցներուն հետ, ունենալ մասնագիտական հանդիպումներ եւ այցելել սրբավայրեր:
Օր առաջին
Ուխտագնացութեան առաջին օրը «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութեան նախագահ Արա Զոհրապեանի, Հայաստանի Փաստաբանական պալատի նախագահ Սիմոն Պապայեանի, փաստաբանական համայնքի շարք մը անդամներուն եւ Ազատագրական շարժումին համահիմնադիր եւ անդամ մեր զինակիցներուն հետ եղանք Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ յանպատրաստից փոքրիկ համերգ եւ ազգային պարուսուցում «Ազատագրական շարժումին» անդամ՝ Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ եւ մասնակցութեամբ տեղւոյն բնակչութեան։
Սուրբ Համբարձման եկեղեցիին մէջ քահանային օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Սրբ. Պատարագ, որուն մասնակցեցան նաեւ Երեւանէն ժամանած այլ հիւրեր, մարդիկ՝ որոնք յատուկ այդ օրը եկած էին սատարելու տեղւոյն հայ բնակչութեան։
Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակչութեան մշակութային խմբակներու փոքրիկները իրենց կարգին ներկաներուն ոգեշնչեցին իրենց կատարումներով, ապա՝ մասնակցեցան ազգային պարերու ուսուցումին։ Ազատագրական շարժման համահիմնադիր անդամ Նայիրի Հոխիկեանը միջոցառման մասնակիցներուն յայտարարեց, որ այս օրերուն պէտք է ըլլալ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակիչներու կողքին՝ նոյնիսկ եթէ անմիջապէս ոեւէ բացասական զարգացում տեղի չունենայ, ինչ կը վերաբերի բնակավայրերու յանձնումին։
Այնտեղ, շատ մը փոքրիկներու կողքին ծանօթացայ փոքրիկն Յարութիւն Յարութիւնեանին ու իր ծնողքին: Անոնք Աղաւնօ գիւղի բնակիչներ էին: Կառչած իրենց հողին՝ բնաւ ալ մտադրութիւն չունին լքելու իրենց պապենական տունը: Այստեղ ցաւով անդրադարձայ, որ մինչ մեր հայրենակիցները այստեղ «օդի, ջուրի, հացի նման» պէտք ունին մեր զօրակցութեան, անդին կան հայեր, որոնք անձնական հազար հաշիւ կ՛ընեն… չայցելելու համար Արցախ: Անոնք, ոչ միայն գործնական նուազագոյն քայլին չեն դիմեր, այլ հեռուէն հայրենասիրական դասեր կու տան կամ իրենց անձին ապահովութեան համար ճամբուն ապահովական վիճակով կը հետաքրքրուին, առանց դոյզն իսկ սատար հանդիսացած ըլլալու այդ ճամբուն ապահովութեան…: Ես տակաւին դժուարութիւն ունիմ հասկնալու այն հայ կոչուող մարդիկը, որոնք փոխան Արցախ գալու, իրենց ամառային արձակուրդը զանազան երկիրներ, ներառեալ Թուրքիա անցընելու միտող ծրագիրներ կը մշակեն: Կամ Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի քաֆէներուն մէջ հայրենասիրութիւն կ՛ընեն: Այս «հայեր»ը բարոյական ի՞նչ իրաւունքով հայրենասիրութեան մասին կը խօսին: Արդեօք միայն փոքրիկն Յարութիւնին ու իր սերնդակիցներուն ու անոնց ծնողներուն պարտականութի՞ւնն է հայրենի հողը պահել, մինչ մենք հեռակայ հայրենասիրութիւն կը խաղանք: Պէտք է Բերձո՞րն ալ կորսնցնենք, որպէսզի յետոյ լացակումած բանաստեղծութիւններ արտասանենք, թէ՞ հիմա՛ է պահը գալու ու փորձելու պահել Բերձորը որպէս իրաւ հայրենասէրներ, հեռու ամէն տեսակի կեղծիքէ ու անպատասխանատուութենէ: Ոմանց համար ալ կարծէք Արցախը առեւտրական որեւէ ծրագիր ըլլայ…
Նշեմ, որ մինչեւ այստեղ եւ յետոյ ճանապարհին, ռուս խաղաղապահ զինուորներու անցարգելները բաւական թիւ կը կազմէին, որոնք միշտ ալ ազնիւ վերաբերմունքով բարի ճանապարհ կը մաղթէին մեզի:
Դէպի Բերձոր Ճանապարհին անհնար էր չնկատել մեծ ծաւալով ընթացող շինարարական աշխատանքները՝ ազրպէյճանական կողմէն նոր ճանապարհներու կառուցումը, որ, ինչպէս նշեցինք, հանդիսանալու է այլընտրանքային ճամբայ Հայաստանն ու Արցախը ցամաքային ուղիով իբր թէ իրար կապող։
Յիշեցնեմ, որ ըստ մամուլի հրապարակումներուն, հայկական իշխանութիւնները կը պատրաստուին Ազրպէյճանին զիջիլ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ցամաքային ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, որուն մէջ կրնան յայտնուիլ Բերձոր եւ Աղաւնօ համայնքները՝ վտանգի տակ դնելով այնտեղ հայկական հնարմատ ներկայութիւնը։
Բերձորի եկեղեցիին խորհրդանշական պատարագէն ետք «Ազատագրական շարժման» անդամներուն հետ ուղեւորուեցանք Ստեփանակերտ, ուր երեկոյեան տեղւոյն Սուրբ Աստուածամօր Հովանու մայր տաճարին մէջ եւս մասնակցեցանք Սրբ. Պատարագի արարողութեան։
Օր երկրորդ
Ուխտագնացութեան երկրորդ օրը Շարժումին անդամներով այցելեցինք Ամարաս վանական համալիր։
Ամարաս վանական համալիր մէջ աշխոյժ շինարարութիւն կ՛ընթանար։ Եկեղեցական համալիրի տարածքը կը բարեկարգուէր: Կը կառուցուին նոր մասնաշէնքեր։ Ի դէպ՝ Ամարասի տարածքին մէջ կը գտնուի տարածաշրջանի ամենամեծ թութի այգին։
Ճանապարհի բոլոր հատուածներուն մէջ կան թթենիներ, որոնց անմահական քաղցրութիւնն ու հոտը ոչ մէկ այցելուի անտարբեր կը ձգէ։
Ուխտագնացութեան մասնակիցներով ներկայ գտնուեցանք Պատարագին։ Նոյն օրը եկեղեցիին բակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն՝ իր բոլոր աւանդոյթներով եւ առանձնայատկութիւններով։
Քահանային խորհուրդով, ամէն մարդ պէտք է գոնէ կտոր մը համտեսէ մատաղէն, որ իր մէջ մեծ խորհուրդ ունի։ Ուխտագնացութեան մասնակիցներս ոչ միայն տպաւորուած էինք պատարագով, այլեւ ստացանք անմիջական հաղորդութիւնը Աստուծոյ։ Իսկ բոլոր անոնք, որոնք նախապէս չէին եղած Ամարասի վանական համալիր, անոնց համար շատ աւելի տպաւորիչ էր, թէ՛ վերոնշեալը, թէ՛ մաքրութիւն եւ խաղաղութիւն խորհրդանշող սպիտակ Ամարասը։
Սոյն ուխտագնացութեան կարելի չէր բացակայ գրել այն հերոս տղաքը, որոնք բոլորիս փոխարէն ինկան, որպէսզի Արցախը մնայ: Մինչեւ Ամարասի համալիր, երբ կ՛անցնէինք հայրենի գիւղերով, ներառեալ աւելի յայտնի Ճարտար գիւղէն, 18-31 տարեկան՝ տուեալ գիւղերուն մէջ ծնած ու յանուն իրենց հողին անմահացած տղոց՝ Անդրանիկի, Հայրենասէրի, Վաչիկի, Նարեկի եւ ուրիշներուն անունները կը կարդայի ճամբու վերէն կախուած կոտրուած մեխակի նկարով խորհրդանշուող ցուցանակներուն վրայ…
Ամարաս համալիրի տանիքին մէկ կողմէն կ՛երեւէին ազրպէյճանական, միւս կողմէն՝ հայկական դիրքերը։ Այս երեւոյթը եւս իր ծանր ազդեցութիւնը ձգեց ուխտագնացութեան մասնակիցներուն վրայ։ Գտնուիլ սեփական հայրենիքին մէջ, բայց զայն տեսնել թշնամիին ուժերով շրջափակուած: Զգացումը ծայրայեղ ցաւալի է։ Բայց յոյսը, որ հայրենիքի գրաւուած տարածքները օր մը պիտի վերադառնան իրենց ակունքներուն, երբեք, ոչ մէկ հայու հոգին չի լքեր։
Վանական համալիրին մէջ, Սրբ. Պատարագէն ետք ուխտագնացութեան մասնակիցներով հիւրընկալուեցանք Արցախի Սօս գիւղին մէջ բնակող ընտանիքներէն մէկուն տունը, մեր կէսօրուան ճաշը ունենալու։ Առասպելի կարգ անցած արցախցիներուն եւ առհասարակ հայ ազգի հիւրասիրութեան պատմութիւնը ապացուցուեցաւ այստեղ՝ հիւրընկալութեան մի քանի ժամուան ընթացքին։ Դռան մօտ հիւրընկալ ընտանիքին դուստրը մեզ դիմաւորեց աւանդական աղուհացով։
Հայրենասիրական երգերով, պարերով եւ պատմութիւններով համեմուած մի քանի ժամերը այնտեղ, իրապէս, անմոռանալի էին, Արցախ կեցութեան մեր երեք տպաւորիչ օրերուն մէջ։ Հիւրընկալ տանտէրը եւ տան կանայք ոչինչ խնայած էին Հայաստանէն իրենց Արցախ հայրենիք եկած հիւրերուն պատուով հիւրասիրելու եւ ճանապարհելու համար։
Իրենց հերթին ուխտի մասնակիցները, որոնք կը յատկանշուէին երգելու եւ նուագելու ձիրքով, մթնոլորտը լեցուցին հայրենասիրական՝ յաճախ խրոխտ, մասամբ ալ յուզիչ երգերով, որ կրկին արթնցուց կորուսեալ հայրենի տարածքներուն կարօտն ու զանոնք վերադարձնելու անյագ ցանկութիւնը։ Անզուգական էր մեր ընկերներէն՝ տաղանդաւոր զոյգ՝ փաստաբան Հայկ Սահակեանի եւ Մարիամի «Ծիծեռնակ» երգի կատարումը։ Ճաշկերոյթը կ՛ուղեկցուէր նաեւ հոգեւոր զրոյցներով։ Ինչպէս ուխտագնացութեան ամբողջ ընթացքին եւ ամէն տեղ, Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ կիսասարկաւագ Արմէն Հարեյեանը մեզի հետ էր: Ան յայտնի է հայաշխարհին, որպէս Քրիստոսին հետեւելու եւ Քրիստոնէական կեանքը լիարժէք ապրելու մասին քարոզող պլոկըր:
Այդ եռուզեռին մէջ անկարելի էր չնկատել 9-ամեայ Շաւարշը, որ կը փորձէր իր կարողութեան չափով օգնել իր ծնողներուն: Խորովածի կրակը վառել եւ զուգահեռաբար հասցնել խաղալ նաեւ այնտեղ հիւրընկալուող շնիկիս՝ ֆոքսիին հետ եւ կերակրել զայն։ 9-ամեայ Շաւարշի աչքերուն մէջ նայելով, կարծես ամբողջ երկինքը փուլ կու գար գլխուդ, այն բացասական միտքէն եւ մտավախութենէն, որ իրեն եւ իր նման արցախցի երեխաներուն կրնանք չկարողանալ արժանապատիւ եւ միասնական հայրենիք ժառանգել…։ Անոր աւագ եղբայրը՝ ներկաներուն ոգեշնչեց տհոլի կատարումներով։ Շաւարշն ալ կարողութիւնը ունէր երգելու, սակայն կ՛ամչնար: Ան չերգեց, հակառակ ներկաներու խնդրանքին։
«Ազատագրական շարժման» համահիմնադիր Արա Զոհրապեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի մէջ կան շատ ճաշարաններ, սակայն նման ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները չէին կրնար ճաշել այլ տեղ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Արցախի գիւղերու բնակիչներուն տուներուն մէջ նման հաւաքոյթներ կրնան յետագային զբօսաշրջային գեղեցիկ աւանդոյթ դառնալ, այս ձեւով օգնելով նաեւ տեղի բնակիչներուն թէ՛ ֆինանսապէս, թէ՛ բարոյապէս։ Ան կոչ ըրաւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կ՛այցելեն Արցախ, ճաշարաններու մէջ սնուելու փոխարէն հիւրընկալուիլ Արցախի բնակիչներուն մօտ, զարկ տալով նաեւ զբօսաշրջային առեւտրական միջավայրի ձեւաւորման։
Մի քանի ժամ տեւած հաճելի ճաշկերոյթէն ետք, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Արցախի Փաստաբանական դպրոցի տնօրէն՝ Էրիք Բեկլարեանը, Ուխտի մասնակիցներս շնորհակալութիւն յայտնեցինք տանտէրերուն՝ եւ ճամբան ելանք վերադառնալու Ստեփանակերտ:
Երեկոյեան, Ստեփանակերտի «Արմենիա» հիւրանոցին մէջ ուխտագնացութեան մասնակիցներս ներկայ եղանք մեզի ընկերակցող՝ Գրիգոր Մնացականեանին ներկայացուցած հոգեւոր սեմինարին, որուն նիւթն էր Սրբ. Երրորդութեան խորհուրդը:
Օր երրորդ
Ուխտագնացութեան վերջին՝ երրորդ օրը, Շարժումին անդամներուն հետ այցելեցինք Գանձասար վանական համալիր , ուր եւս մասնակցեցանք մատուցուած Սրբ. Պատարագին։ Գանձասարի ուխտագնացութիւնը նաեւ նշանաւորուեցաւ ուխտի մասնակիցներէն՝ Անի Ղարիպեանին սուրբ մկրտութեամբը։ Արցախի անառիկ այս ամրոցին մէջ սիրելի Անին դարձաւ լիարժէք քրիստոնեայ եւ ստացաւ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը։
Ինչպէս ճանապարհին, խումբին ապահովութիւնը վերահսկելուն մէջ, այնպէս ալ այստեղ հանդիպած տեղացի փոքրիկները իր հայրական հոգածութեան ներքեւ առած էր մեր սիրելի զինակիցը՝ ազգային արժէքներու պաշտպան ԿԱՄՔ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար, իր անսակարկ հայրենասիրութեամբ բոլորին ծանօթ ջաւախքահայ՝ Վահագն Չախալեանը:
Նախապէս պայմանաւորուածութեան մը բերմամբ, այստեղ քանի մը ժամուան համար ստիպուած եղայ խումբէն բաժնուիլ՝ ուղղուելու համար Մարտակերտ, ուր խոստացած էի հանդիպիլ տեղի Վարդան Մինասեանի անուան 2րդ դպրոցի տնօրէնուհիին, հոգեհարազատ Մելսիթա Քարտումճեանին եւ իր սիրասուն աշակերտներուն հետ: Արցախի նորագոյն պայմաններուն պատճառով Մարտակերտի ճամբան բաւական երկարած էր, սակայն քաղաքը գտայ աշխոյժ եւ ինչպէս միշտ՝ մարտական: Մարտակերտ քաղաքի դպրոցին հետ իմ կապը հին է, հիմնուած մասնագիտական աշխատանքի եւ սրտամօտիկ զգացումներու վրայ: Աւելին, հոն մեր թերթը՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ը ունէր Լիբանանէն բերուած Մայրիի խորհրդանշական ծառ մը, որուն մասին տնօրէնուհին մեծ ափսոսանքով ու ներողութիւն հայցելով տեղեկացուց, որ վատառողջ վիճակի մէջ է: Արցախի հազարաւոր մատղաշ զոհերուն հետ համեմատած, Մայրիի տնկի մը ի՞նչ էր, որ պէտք էր տխրիլ անոր համար: Խոստանալով մէկի փոխարէն տասը հատ տնկել շուտով, բաժնուեցայ իմ սիրելի քաղաքէն:
Օրը աւարտեցինք այցելութեամբ «Մենք ենք մեր սարերը» կամ աւելի յայտնի՝ «Տատիկ-պապիկ» յուշարձան: Յիշեցնեմ, որ Հայաստան ծնած իմ շնիկն ալ ընկերակցած էր ինծի առիթը ունենալով վազվզելու Արցախի լաւապէս մշակուած ու խնամուած դաշտերուն մէջ ու շնչելու անոր ջինջ օդը:
Վերջապէս, սոյն ուխտագնացութեան մասնակիցներով ճաշեցինք եւ ճամբայ ելանք դէպի Երեւան՝ նորէն Արցախ վերադառնալու հաստատ մտադրութեամբ։
Մեր ժողովուրդին մարտավարական խնդիրն է այսօր ամէն գնով պահել Բերձորը: Պէտք է բոլորս գործենք յանուն Արցախի վերաբնակեցման եւ ուժեղացման, որպէսզի կարողանանք շուտով դարձեալ ազատագրել ամբողջ Քաշաթաղը, Քարվաճառը, Շուշին ու Հադրութը։
Հզօր է արցախցիներուն կամքը։ Երանի բոլոր հայերս արցախցիներու կամքն ու վճռականութիւնը ունենանք։
Տէր կանգնինք Արցախին:
Չմոռնանք, որ հայկական պետականութեան փրկութեան ու զարգացման հիմքին մէջ Արցախը կենսական դեր ունի։
***
Ամփոփ վիտէօ յղում՝
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք»ի պատասխանատու խմբագիր
*) Քաղուած Արա Զոհրապեանի ֆեյսպուքի էջէն։