Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայալեզու թէ օտարալեզու հսկայական քանակութեամբ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու մէջ շատ փոքր թիւ կը կազմեն նիւթական հատուցման վերաբերող աշխատութիւնները: Տարօրինակ երեւոյթ՝ երբ նկատի ունենանք, որ իւրաքանչիւր հեղինակ, յօդուածագիր ու ճառախօս, արտայայտուելով պահանջատիրական մեր իրաւունքներու մասին, արձանագրելով հանդերձ Մեծ Ոճիրի անհատոյց մնացած ըլլալու փաստը, լաւագոյն պարագային հարեւանցիօրէն միայն կանդրադառնայ հարցի նիւթական-ֆինանսական կողմին, առաւելաբար շեշտելով եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու պարագան:
Հազուագիւտ աշխատութիւններէն մէկը,- գոնէ ինծի ծանօթ գիրքերուն մէջ,- մեր բացառիկ օսմանագէտ պատմաբաններէն Լեւոն Վարդանի 1970-ին Պէյրութ տպագրուած «Հայկական Տասնհինգը եւ Հայերու Լքեալ Գոյքերը» աշխատութիւնն է, որ առաւելաբար կը ծանրանայ 1915-ին Օսմանեան կառավարութեան արձակած նենգաւոր զոյգ հրահանգներուն՝ «ռազմական նկատառումներով» հայոց «ժամանակաւոր» գաղթին եւ մինչեւ «աքսորէն հայոց վերադարձը» անոնց գոյքերուն «ապահով պահպանումին»… Այս վերջինը կը կոչուէր «Էմվալը մեթրուքէ», «Լքեալ գոյքեր»: Յատուկ «Քոմիսիոն» մը կազմուած էր այդ գոյքերուն ցուցակագրման համար, որ ենթականերուն համապատասխան ստացագիրներ կու տար եւ, իբր, կը պահպանէր գոյքերը:
Մենք քաջ գիտենք, թէ այդ «Քոմիսիոնը» յետոյ ինչպէս պահպանեց այդ գոյքերը, բայց գոյքերէն առաջ՝ ի՛նչ եղաւ գոյքերու տէրերուն: Անոնց մեծամասնութիւնը բնաւ չվերադարձաւ անապատներէն, իսկ Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր հասած վերապրողներէն ոմանք սրբութեամբ պահեցին այդ փաստաթուղթերը՝ կալուածաթուղթերու եւ դրամատնային ստացագիրներու հետ:
Յիշեալ փաստաթուղթերը յետագային բնաւ չօգտագործուեցան, եթէ նկատի չառնենք Զինադադարին յաջորդած 1-2 տարիները, երբ ծննդավայր, յատկապէս Կիլիկիա վերադարձած հայերը վերահասու եղան, որ իրենց գոյքերը, կալուածները եւ ամբողջ ունեցուածքը, յատկապէս գորգեր ու կարպետներ, նոյնինքն «Քոմիսիոն» կոչուած պետական այդ մարմիններուն կողմէ կողոպտուած-վաճառուած են պետական պաշտօնեաներու, որոնցմէ ոմանք առայսօր, Թուրքիոյ մէջ շա՜տ յայտնի ընտանիքներ, կը վայելեն հայոց՝ այսպէս կոչուած «լքեալ», բայց իրականութեան մէջ՝ բռնագրաւեալ ու կողոպտեալ գոյքերն ու կալուածները:
Արդէն 108 տարի անցեր է այդ դժնդակ օրերէն, թեեւ այսօր ալ անհոգ չեն մեր Հայաստան-Արցախ հայրենիքին օրերը: Եւ այսքան ժամանակ մենք չենք կրցած տնտեսագէտ-ֆինանսագէտ-մասնագէտ պատմաբաններու եւ իրաւաբաններու ձեռքով պատրաստուած համապարփակ փաստաթուղթ պատրաստել, միջազգայնօրէն ընկալելի մակարդակով, եւ զայն ներկայացնել տարբեր երկիրներու ատեաններ: Թղթածրար՝ ուր կը բացայայտուի եւ կապացուցուի, որ արեւմտահայութեան հայրենազրկման, ոչնչացման թրքական ծրագիրին գլխաւոր նպատակներէն մէկն ալ հայութեան ունեզրկումն էր, անոր ունեցուածքներուն՝ հող, տարածք, կալուածներ, գոյք եւ ֆինանսներ, կողոպուտը:
Ունեզրկման այդ ծրագիրը կընդգրկէր ոչ միայն Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան, այլ նաեւ՝ արտասահմանեան դրամատուներուն ի պահ տրուած գումարներն ու թանկարժէք իրերը: Այս իմաստով աւելի քան լպիրշ փաստ է Մ. Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթոյի վկայութիւնը Թալաաթի հետ ունեցած իր առանձնազրոյցներէն մէկուն առիթով, որուն ընթացքին Գլխաւոր ցեղասպանը խնդրելու ձեւով հարց կու տար, թէ Ամերիկան կրնա՞յ թրքական կառավարութեան փոխանցել ամերիկեան դրամատուների մէջ գտնուող «օսմանցի» հայերուն դրամական հաշիւներուն ցանկը, արդէն սպաննուա՛ծ հայերու, որպէսզի օսմանեան իշխանութիւնը «տէր կանգնի» անոնց ժառանգութեան:
Բացառելով մասնակի մի քանի դէպքերը, երբ հայերս նիւթական հատուցման պահանջներ դրած ենք Թուրքիոյ առջեւ, ինչպէս՝ Զինադադարի կարճ ժամանակաշրջանին, որուն անդրադարձ եղաւ վերը, ինչպէս նաեւ, 7-8 տարի առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի իրաւաբաններուն դիմումը Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին՝ Սսոյ կաթողիկոսութեան կալուածները վերստանալու խնդրով, որ անյաջողութեամբ աւարտեցաւ, մեզի յայտնի ուրիշ որեւէ փորձ չէ կատարուած պաշտօնապէս հատուցման պահանջ ներկայացնելու դատական ատեաններ: Նկատի ունիմ մասնաւորապէս ամերիկեան ատեանները, ուր իրաւական վճռական գործօն կը համարուի նախադէպային (precedential) սկզբունքը: Այսինքն՝ դատական որեւէ ատեանի դրական վճիռը, որպէս նախադէպ, օրինական հիմք կը հանդիսանայ դատական ամբողջ համակարգին համար:
Անշուշտ եղած են դէպքեր, երբ կարգ մը ամերիկահայեր, ի ձեռին ունենալով պաշտօնական կալուածաթուղթեր՝ խորհրդատուութեան համար դիմած են իրաւաբանական-փաստաբանական գրասենեակներ, ուր մեր հայրենակիցներուն ըսուած է, թէ քանի դեռ պետական մակարդակով ճանցուած չէ պահանջ ներկայացնողներու ցեղասպանութեան կամ բռնագաղթի զոհ ըլլալը, այդ կալուածաթուղթերը չեն կրնար իրաւական հիմք հանդիսանալ:
Օրինակ՝ նման պատասխան տրուած է մեր նորոգ հանգուցեալ ընկերոջ՝ Երուանդ Ազատեանին, որ ներկայացուցած է, ինչպէս պատմած է մեզի, Ատանայի նահանգի Ինճիոլիք բնակավայրին վրայ, ուր այժմ տեղակայուած է ամերիկեան ռազմախարիսխը՝ վարձակալական հիմունքներով, բաւական ընդարձակ տարածքի մը սեփականութեան փաստաթուղթը, վերոնշեալ նոյն առարկութեան հանդիպած է:
Այս իրադրութեան մէջ ապշեցուցիչ է անհատ թէ հաւաքական ամերիկահայոց անգործունէութիւնը, երբ, ի ձեռին ունենալով հանդերձ Մ. Նահանգներու Քոնկրէսի զոյգ պալատներուն յաջորդական որոշումները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու վերաբերեալ (վերջինը՝ 2019 Հոկտ. 29-ին, թիւ 296), ինչպէս նաեւ նախագահ Ռոնալտ Ռէյկընի 1981 Ապրիլ 22-ի Յայտարարութիւնը, ոչինչ ձեռնարկած են դատական կարգով իրացնելու, capitalize ընելու, այդ պատմական որոշումները եւ նախադէպեր ստեղծելու միջոցով անհատական եւ հաւաքական հատուցման պահանջ ներկայացնելու Թիւրքիյա Ճումհուրիէթիի իշխանութեանց: Մանաւանդ որ ամերիկահայերը ունին այդ փորձառութիւնը տակաւին 1925-էն ի վեր, երբ Փորթլենտէն (Օրեկընի նահանգ) Թադոս Քարթողեան անուն հայ մը Շրջանային դատարանին մէջ վիճարկեց մինչ այդ գործող եւ ամերիկեան քաղաքացիութեան համար հայերը «անբաղձալի տարր» հռչակող օրենքը եւ յաղթեց: Յաղթեց՝ գաղութի գործօն անդամներու միահամուռ ջանքերով ու նիւթական աջակցութեամբ՝ գլխաւորութեամբ ռամկավար գործիչ եւ հրատարակիչ Տիրատուր Տիքիճեանի:
Այսօր նոյնպէս անհրաժեշտ է համատեղել ամերիկահայ գաղութին ջանքերը, համակարգող միացեալ եւ մնայուն մարմին ստեղծել (ինչպէս հրեաներն ունին 1951 թուականէն ի վեր) եւ դատական արդար վճիռներու նախադէպ(եր) ստեղծել՝ հատուցման գործը գործնական գետին փոխադրելու համար:
Այո՛, ընդդէմ Թուրքիոյ հայահալած քաղաքականութեան, որ կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի անընդհատ, հակառակ մերօրեայ սիրախաղերու: Վկա՛յ՝ 44-օրեայ պատերազմը եւ Արցախի ու Հայաստանի դէմ ընթացող նուաճողական ռազմաքաղաքական պայքարը:
Դատական նախադէպերու ստեղծումը, սկսելով Ամերիկայէն, վստահաբար զսպաշապիկ մը պիտի դառնայ թուրք-ատրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան ծաւալումին համար:
Յ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ