Անգլերէն Patchwork բառին դիմաց, բառարանը «կարկտան», «երփնազարդ վերմակ» բացատրութիւնները կու տայ: Հաւանաբար կռահեցիք, թէ ինչի մասին է՝ մեր մեծ մայրերէն յիշատակ մնացած զանազան գոյնի ու զարդերու, քառակուսի, փոքր կտորներ իրարու ագուցուած վերմակ-ծածկոցներու մասին է, որոնք այսօր ալ կ՛երեւին որպէս նորոյթ, իրենց գունային գեղեցկութեամբ:
Անշուշտ, ժամանակին մեր եւ հաւանաբար այլ ժողովուրդներու մօտ ալ նոյն տեսակի վերմակ-ծածկոցներ կը պատրաստուէին, ոչ թէ նորոյթի հետեւելով, այլ խնայողութեան համար՝ հագուստներէ աւելցած կտորներէն հաւասարաչափ քառակուսի կտորներ պատրաստելով՝ վարպետօրէն իրարու կը կարկտէին, կը միացնէին ու վերմակներու ծածկոցներ կը պատրաստէին ու մէջը բուրդ լեցնելով ձմրան օրերուն կ օգտագործէին:
Հիմա պիտի ըսէք՝ ինչ բանի կ ակնարկեմ այս նախաբանով: Չէ, ձեռագործութեան մասին չէ, ոչ ալ մեր նախնիներուն հունարով պատրաստուած ազգագրական-կենցաղային իրերու մասին է: Պարզապէս նմանութիւն մը կը գտնեմ աշխարհատարած հայ ժողովուրդի իրավիճակին հետ, քանի մենք ալ, սփիւռք ըլլանք թէ Հայաստան, մեր տարատեսակ «գոյներով», հաւատալիքներով, բնաւորութիւններով, զարգացման մակարդակներով եւ նիւթաբարոյական տարբերութիւններով իրարու կցուած ենք, թէպետ ոչ միշտ գեղատեսիլ, ոչ միշտ համերաշխ գունայնութեամբ, սակայն իրարու կողքին, իրարու փակած:
Եթէ սովորական վերմակը տակը մտնողը տաքցնելու համար է, մեր ազգային վերմակը ո՞ր ցուրտին դէմ պայքարելու, ի՞նչ բան տաքցնելու կը ծառայէ, մեր ազգային դիմագիծին անաղարտութի՞ւնը, մեր մօտաւոր թէ հեռաւոր երազանքներու իրագործումի նպատակասլացութի՞ւնը, մեր դատի ժամանակավրէպ չդառնալու միջոցնե՞րը… Ի՞նչ բան:
Դեռ կան բազմահարիւր, թերեւս ալ բազմահազար փոքրածաւալ ծածկոցներ, որոնք կազմուած են ծածկոցիկներէ, ամէն տեղ ուր հայ հաւաքականութիւն կայ: Այդ փոքր, կամ մեծ հաւաքականութիւնները իրենք ալ տարատեսակ գունազարդումներ ունին՝ կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական… Անոնց ծածկոցները թէեւ մաս կը կազմեն համաշխարհային մե~ծ վերմակին, սակայն իրենք ալ իրենց մէջը, կամ տակը հարցեր ունին տաքցնելիք, կամ… պաղեցնելիք:
Թէեւ ծածկոց ըսածդ՝ բան մը ծածկելու համար է, սակայն մեր բազմահազար ծածկոցիկները ընդհանրապէս ծածկելու փոխարէն բանալը կը նախընտրեն, տարուան բոլոր եղանակներուն օդը տաք կարծելով՝ կը բացուին ու կը ցուցադրուին, ամառ, թէ ձմեռ, կրնայ պատահիլ, որ երբեմն պաղ առնեն, սակայն չեն հիւանդանար, եթէ նոյնիսկ հիւանդանան, չեն մեռնիր, ընդհակառակը՝ աւելի կ՛աշխուժանան ու աւելի կը բացուին…
Մտահոգիչը այն է, որ այս վերմակները պատրաստողները միշտ չէ որ գեղագիտական ճաշակ ունին, ապա ուրեմն՝ յարմարն ու անյարմարը իրարու կը կցեն, որոնք իրենց անհամերաշխ գոյներով եւ նախշերով խայտաբղէտ վերմակային պատկեր մը կը ստեղծեն՝ քառակուսիները քառակուսի կը մնան իրենց մտածելակերպով, եւ գէշը այն է, որ կարուած ըլլալով, իրարմէ ալ չեն կրնար բաժնուիլ: Խելք ունեցողը կը համակերպի եւ հաշտ ու խաղաղ կ՛ապրի իր դրացի քառակուսիին հետ, որովհետեւ եթէ պնդէ իր տեսակէտին վրայ, կարը կը քակուի եւ պատռուածք մը կը գոյանայ, ինչ որ փափաքելի բան մը չէ: Փափաքելի ըլլայ, կամ ոչ, այդ պատռուածքները յաճախ կ՛երեւին հոս ու հոն. երբեմն պատռուածքը այնքան մեծ կ՛ըլլայ, որ տակը ինչ կայ-չկայ կ՛երեւի:
Գոնէ խուսափելու է կարերը քակելէ ու պատռուածքներ յառաջացնելէ: Քառակուսիները իրար սիրեն, թէ չսիրեն, թող ակռանին սեղմեն եւ իրար կողքի հաշտ ու համերաշխ ապրին, ու իրենց տակի տգեղութիւնները թաքցնեն, քանի որ այսպիսի վերմակները ուրիշ ծածկոցներով փոխարինելը անհնար է, եւ եթէ նոյնիսկ հնարաւոր է, շատ վտանգաւոր է, քանի այդ պարագային ունեցածնիս ալ կորսնցնելու վտանգին կ՛ենթարկուինք, եւ անծածկոց, կամ ապազգային ծածկոցով մնալով՝ պիտի սառինք եւ կամաց-կամաց անհետանանք:
Ապա, ուրեմն կեցցե՛ն մեր գունազարդ, խայտաբղէտ, անհամերաշխ վերմակները, որոնց տակ դեռ որոշ ջերմութեամբ մը կը շարունակենք ապրիլ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ