«Այնպէս անփոյթ, այնպէս հանգիստ, անցնում ես իմ տան մօտով, մինչ ես ուրիշ տներում իսկ, քեզ եմ փնտռում կարօտով…»:
Ուրկէ ուր յանկարծ միտքս եկաւ այս երգը, յատկապէս առաջին տողը… Ա՜, տեղը բերի. այո՛ յիշեցի այս բառերը, երբ կը մտածէի Վարդանանքի մասին, որուն տօնն էր անցեալ հինգշաբթի: Չէ՞ որ սփիւռքահայերուս ամենանուիրական տօնն է Ապրիլ 24-ի սգատօնէն ետք, իսկ այստեղ, Վարդանանց տօնը անցաւ այնպէս «անփոյթ, այնպէս հանգիստ…»:
Անկարելի էր, որ Վարդանանք ըլլար ու Վարդանանց մասին Սմբատ Բիւրատի թատրերգութիւնը չներկայացուէր Հալէպի մէջ: Բոլոր դպրոցները փակ կըլլային այդ օրը, ինչպէս որ կը շարունակուի ցարդ: Ինչո՞ւ համար այս ազգային ու եկեղեցական տօնը մեծ շուքով կը տօնուի Սփիւռքի մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ ոչ, կամ ոչ այնքան:
Տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ եկած էի Հայաստան, Վարդանանց տօնի օրուան մասին իմացայ համացանցէն, քանի որ ո՛չ օրացոյցը յիշած էր, ո՛չ դպրոցները փակ էին, ո՛չ ալ շրջապատիս ծանօթները կը յիշէին, երբ հարց կու տայի. զարմացայ, նոյնիսկ զայրացայ ու թերթին ակնարկ մը յանձնեցի «Սփուռքահայ Վարդանը» խորագրով, քանի որ Սփիւռքը, յատկապէս մեր երկու «միջնաբերդերը»՝ Հալէպն ու Պէյրութը, մեծ շուքով կը յիշատակեն Աւարայրի ճակատամարտի տարեդարձը թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ ժողովրդային ու դպրոցական տօնակատարութիւններով:
Մենք, ջարդէն հազիւ փրկուած, մեր ծնողներուն շուքին տակ, կառչած էինք մեր պատմութեան, աւանդոյթներուն, մեր հերոսներուն, մեր ազգային ու կրօնական տօներուն, եւ ամէն ինչի, որ մեզ կրնար փրկել ձուլումէ օտար երկինքներու տակ: Մեր կապը մեր ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն հանդէպ ամենայն ջերմեռանդութեամբ կը պահէինք ու կը պահպանէինք, ինչպէս լեզուն եւ եկեղեցին: Կարիքը ունէինք ամենայետին պտուտակին անգամ՝ մեր ազգային աւանդական մեքենան աշխատունակ պահելու համար:
Հայաստանը պէտք չունէ՞ր: Երեւի տուեալներ չկային, մասնաւորաբար սովետական շրջանին, ուր ազգային-կրօնական տօները կու գային ու կ՛անցնէին անշշուկ «այնպէս անփոյթ, այնպէս հանգիստ», որ մարդ չիմանար: Երեւի Եղեռնի 60-ամեակի պոռթկումին նման պոռթկում մըն ալ պէտք էր մնացեալ ազգային տօներն ալ հաստատելու օրացոյցին վրայ:
Վարդանանքը սովորական տօն մը չէ Ս. Սարգիսի, կամ Ս. Յակոբի նման, Վարդանանքը ազգային գիտակցութեան «Վասն կրօնքի ու Հայրենիքի» մղուած պայքար է, որ առաւել սրբագործուած է նահատակներուն գիտակցաբար դէպի անձնազոհութիւն երթալով ու անմահանալով: Այդ անհաւասար ուժերով պատերազմը պարսկական բանակին դէմ, որ հնգապատիկն էր հայկականին, հայոց բանակին պարտութենէն ու Վարդանի մարտիրոսութենէն ոչինչ շահեցաւ պարսիկը, ո՛չ ծունկի բերաւ հայերը, ո՛չ ալ կրօնափոխ ըրաւ զանոնք, մինչեւ որ Վահան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ Նուարսակի դաշնագրով հայոց յաղթանակը ամրագրուեցաւ պարսիկներուն ընդունիլ տալով հայոց գլխաւոր պայմանները:
Վարդանանքը անժամանցելի դաստիարակիչ մարտակոչ է ազգային արժէքները պահպանելու գիտակցութեան մղող, նոր սերունդը պէտք է այդ ոգիով դաստիարակուի: Մեր պատմական հերոսները մէկ-մէկ անմար փարոսներ են, որոնց լոյսը ուղեցոյց է եւ բնաւ մարելու չէ այդ լոյսը: Կը յիշենք, չէ՞, Շահնուրի պատգամը, որ կը թելադրէ կռիւ մղել մեր հերոսներով, երբ միւս բոլոր զէնքերը թափին: Վարդանը անփոխարինելի հերոս մըն է, կարելի չէ միմիայն եկեղեցական «Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց» յիշատակումով բաւարարուիլ: Մինչեւ այսօր ալ մեր արտերկրի դպրոցներուն մէջ Վարդանանք կը տօնուի, թատերական ներկայացումներով, ու տեսնելու է թէ այդ մանկահասակ «Վարդանները» ինչպէս փայտէ սուրը իրենց ձեռքին հպարտօրէն կը տողանցեն բեմերուն, բակերուն ու փողոցներուն մէջ: Փոքր տարիքէն կրթելու է երեխան ազգային արժէքներով, որպէսզի իր հետ մեծնայ թշնամիին դիմաց գլուխ չխոնարհելու արժանապատիւ կեցուածքը, յանուն ազատութեան ու պաշտպանութեան մեր արժէքներուն:
Իսկ այստեղ դեռ կը մտածեն կրօնն ու Հայոց պատմութիւնը դուրս ձգել դասագիրքերէն: Մեր բոլոր աշակերտներուն սրբանկարներու փոխարէն, ցուցադրելու է Գր. Խանճեանի գլուխ գործոց «Վարդանանքը», որ ինքնին հայոց պատմութեան դասագիրք է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ