100-ԱՄՅԱԿ
Հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր անսովոր հոգեվիճակի ազդեցութեան տակ. Մարաշի ահաւոր ջարդը, Հաճընին սպառնացող վտանգը ելեկտրականացուցեր էին մթնոլորտը. հայութիւնը ոտքի վրայ էր օրուան 24 ժամերուն. կարծես քուն չունէին երիտասարդութիւնն ու միջին տարիքաւորները. չորս կուսակցութիւններուն ակումբ-սրահներն ու Աբգարեան վարժարանի ընդարձակ բակը դարձեր էին հասարակաց ժամադրավայր, ուր կը հնչէին ներոյժ ձայնը Տամատեանին, Սեդրակ Շահէնին, Պ. Ախիկեանին, Մ. Վերածինին, պատգամըՙ հին մարտիկներունՙ Արմենակ Եկարեան, Ապահ, Չանգալեան եւ Ս. Արմաղանեաններուն: Կը մօտենար 1920 Օգոստոս 10ի սեղանը, ուր պիտի վճռուէր հայուն ճակատագիրըՙ ճշդումը հայոց պատմական իրաւունքներուն:
1920 օգոստոս 2ին Դաշնակցութիւնը, իր իւրայատուկ թեզիկութեամբը, Մ. Վերածինի գլխաւորութեամբ կը յայտարարէ Սիհուն-Ճիհուն Միջագետքի անկախութիւնը. Օգոստոս 3ին Ազգայնական Ազատական կուսակցութիւնը կը յայտարարէ իր գրաւման ենթակայ դաշտային Կիլիկիոյ անկախութիւնը. եւ այս երկու յայտարարութիւններուն կը յաջորդեն Ս.Դ. Հնչակեան եւ Հ.Ս. Ռամկավար կուսակցութիւններուն անկախութեան յայտարարութիւններըՙ իրենց զինեալ ոյժերու գրաւման ներքեւ գտնուող հողամասերուն:
Այս յայտարարութիւնները մեզի կը յիշեցնեն 1918 Մայիսեան ելոյթները կովկասեան երեք երկիրներունՙ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի: Այս ելոյթները բնական ծնունդն էին տիրող արտակարգ գոյավիճակի մը հարկադրանքին. զայն կրնան ըմբռնել միայն անոնք, որ ապրեցան 1920ական թուականներու ճնշիչ մթնոլորտին մէջ:
Կրկին կը մէկտեղուի կիլիկեբնակ քրիստոնեայ հասարակութեանց ներկայացուցչական մարմինըՙ Կիլիկիոյ Միջքրիստոնէից Արտակարգ Խորհուրդը. կը խմբագրէ իր պատմական մանիֆեստը. կիլիկեցի 270,000 քրիսոտնեաներուն անունով կը պահանջէ §Կիլիկիան կիլիկեցիներուն համար¦ ֆրանսական հովանաւորութեան ներքեւ, եւ բոլորովին անկախ թրքական գերիշխանութենէն, իշխանութիւն մըՙ որ կեղեքում եւ թշուառութիւն միայն բերած է հոն ուր գացած է, ինչպէս գրած էր Վիգթոր Հիւկօ, եւ յայտարարածՙ Ֆրանսիայի մեծանուն վարչապետըՙ Ժորժ Գլեմանսօն, Վերսայլի յետպատերազմեան վեհաժողովին մէջ:
1920 օգոստոս 4ին պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ընկեր Միհրան Տամատեանի, պաշտօնապէս Մանիֆեստը կը յանձնէ Կիլիկիոյ ընդհանուր կառավարիչ գնդապետ Է. Պրեմոնին: Գնդապետ Պրեմոն ցոյց կուտայ համակիր ընդունելութիւն եւ կը խոստանայ Մանիֆեսթօն փոխանցել իր կառավարութեան:
Ճիշդ է որ 1919 փետրուար 12ին Ազգային պատուիրակութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ հաշտութեան վեհաժողովին ներկայացուած պահանջներուն մէջ կը գտնուէին Կիլիկիոյ չորս գաւառներըՙ Մարաշ, Սիս, Ճէպէլ Պէրէքէթ եւ Ատանա (Ալեքսանտրէթն ունենալով իբր նաւահանգիստ) իր անբաժան մասերը Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանին, սակայն, անկէ յետոյ եւորպական դիւանագիտութեան մտածելակերպին մէջ հայոց մասին այնքան աննպաստ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած էին, որ զինադադարէն առաջ ու անկէ անմիջապէս ետք գոյութիւն ունեցող Անկախ Կիլիկիոյ ծրագիրը օդը ցնդած էր:
Անկախութեան աքտը
Գիտակ այս կացութեանՙ Կիլիկիոյ Ազգային իշխանութիւնները ուզեցին կանխել դաւադրաբար ծրագրուած թրքանպաստ այդ դաշնագրութիւնը կիլիկեան անկախութեան հռչակումով: Ծրագրի գործադրութեան նուիրուած համայնքային ներկայացուցիչներ- հայ, յոյն, ասորի, սուրիացի, քաղդէացի- առաջնորդութեամբ Աբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ Միհրան Տամատեանի, ժողով գումարեցին Ատանայի մէջ եւ յետ լուրջ եւ ընդարձակ խորհդակցութեան որոշեցին Կիլիկիան յայտարարել անկախ թրքական տիրապետութեանէն, ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ:
Բոլորն ալ այնպէս հաւատացած էին, որ կը վայելէին ֆրանսացիներուն վստահութիւնը եւ պիտի ստանային անոր դրական աջակցութիւնը: Պր. Տամատեան մտերմական յարաբերութիւն մշակած էր գնդապետ Պրեմոնի հետ եւ համոզուած ըլլալ կը թուէր, որ վերջինը համակիր էր ծրագրուած շարժումին եւ որեւէ արգելք պիտի չյարուցանէր անոր դէմ:
Այդ յոյսով, ակնկալութեամբ եւ վստահութեամբՙ ժողովականներ, 1920, օգոստոս 4ին, գրի առին իրենց անկախութեան յայտարարութիւնը, որուն ֆրանսերէն բնագրի թարգմանութիւնը կ՛արտագրենք ստորեւ.
“Մենք, ստորագրեալներս, իրաւասու ներկայացուցիչները Կիլիկիոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն, ներկայ պաշտօնագրով կը յայտարարենք հետեւեալը.
“Նկատելով, որ պատերազմին հետեւանքով Կիլիկիան գրաւուեցաւ Դաշնակից ոյժերու կողմէ եւ հոն հաստատուեցաւ ֆրանսական անջատ վարչութիւն մը Զինադադարի ամբողջ շրջանին համար.
“Նկատելով, որ թուրքերը այդ ժամանակաշրջանին մէջ չդադրեցան վրդովելէ այդ երկրին անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը, սփռելով մահ, աւեր եւ արհաւիրք, ու այդպէսով յայտնապէս դրժեցին իրենց յանձնառութիւնները եւ բռնաբարեցին զինադադարի պայմանները.
“Նկատելով, որ իրաց այս վիճակը արժեց կեանքը մեր տասնեակ հազարաւոր կրօնակիցներուն, եւ ֆրանսացիներուն արիւնը նոյնպէս առատօրէն հոսեցաւ միաժամանակ եւ համընթաց մեր նահատակներու արեան.
“Նկատելով, որ թուրքերու հետ խաղաղութեան կնքումի վաղորդայնին իսկ մեր քաղաքներէն շատերը տակաւին կը գտնուին թուրք իշխանութեանց համախոհութեամբ կազմակերպուած արիւնարբու յելուզակներու ռմբակոծումին, պաշարման եւ սպառնալիքին ներքեւ եւ այդ իշխանութիւնները միշտ անկարող պիտի ըլլան զսպելու այդ վայրագութիւններն ու ասպատակութիւնները- ենթադրելով նոյնիսկ որ այդ պիտի ուզէին ընել.
“Նկատելով, որ Թուրքիոյ հետ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատուելէ ետք իսկ, դեռ երկար ատեն պիտի շարունակենք մնալ պատերազմական վիճակի մէջ, որ վերջ պիտի գտնէ միայն կանոնաւորապէս ձեռնարկուած զինուորական գործողութիւններու շնորհիւ, ֆրանսական քաջակորով ոյժերու կողմէ, անձնազոհ օժանդակութեամբ քրիստոնեայ ժողովուրդներու, որոնց քաջարի դիմադրութիւնը օգնած է ֆրանսական բանակի յաջողութեանց.
“Նկատելով, որ այս վայրկեանին իսկ, երբ մենք կը խմբագրենք սոյն յայտարարութիւնը, այս երկրին հին տէրերու գնդակները կը սուրան մեր գլխուն վերեւէն եւ միեւնոյն կացութիւնը կը տիրէ ներկայիս Տարսոնի եւ Մերսինի մէջ.
“Նկատելով, որ օտար երկրի մը մէջ ստորագրուած խաղաղութիւն մը անհասկնալի է, որ նկատողութեան չառնէ այս կացութիւնը.
“Նկատելով, որ Կիլիկիոյ 275,000 քրիստոնեաները, սերտիւ միաբան իրենց եղբայրական զգացումներով ու շահերով, կը պահեն թուրքերու հանդէպ իրենց ատելութիւնը եւ ֆրանսացիներու հանդէպ իրենց սերտ համակրութիւնը, առանց իսկ որեւէ հարկադրանքի վերյիշելու ահաւոր անցքերով լի անիծեալ անցյալը իր ջարդերով, տարագրութիւններով, կողոպուտներով, անբարոյականութիւններով, թշնամանքներով եւ ստորնութիւններով, հպարտ են, որ երբեք չընկրկեցան որեւէ զոհողութեան առջեւ, զոհողութիւններՙ որոնք փրկագինը կը կազմեն ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրութեան, եւ որոնք, նոյն ատեն, կը յիշեցնեն ի նպաստ իրենց, պատերազմի ընթացքին թէ զինադադարի երկարատեւ ու ցաւագին տեւողութեան, իրենց մատուցած ամենասուղ եւ ահաւոր փրկագիները.
“Նկատելով, որ Կիլիկիոյ քրիստոնեայ համայնքները ամէն պարագայի տակ, ըլլայ ամերիկացիներու կողմէ կատարուած երկու քննութիւններու ընթացքին, ըլլայ ֆրանսական իշխանութեանց մօտ իրենց կատարած դիմումներու միջոցին, անայլայլօրէն յայտնեցին իրենց անյողդողդ որոշումը, թէ պիտի չընդունին վերադարձը թուրք տիրապետութեան.
“Նկատելով, որ անոնք իրենց անցեալ մարտ 31ի եւ մայիս 15ի հաւաքական բողոքագրերովը, ուղղուած Համաձայնական բոլոր պետութիւններուն եւ Հաշտութեան վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ իրենց վերջին բոլոր դիմումներով յստակօրէն հասկցուցին, թէ այլեւս իրենք իրենց թոյլ պիտի չտային խաբուիլ կիսամիջոցներով, արուեստական կարգադրութիւններով եւ կամ օտարախորթ լուծումներով, որ անոնք վերջին ծայր ուժգնութեամբ բողոքած են Դաշնագրի այն նախագիծին դէմ, որ, պատմականօրէն, ցեղագրականօրէն, ռազմագիտապէս եւ տնտեսապէս մէկ ու անբաժանելի Կիլիկիան կը բաժնէ երկու հատուածներու, մին կցուած Սուրիոյ, միւսը իբր թրքական նահանգ.
“Նկատելով, որ անոնք մինչեւ վերջին րոպէն ոչ մէկ հաւաստիք ստացան, թէ իրենց պահանջները պիտի յարգուէին, թէՙ հաշտութեան դաշնագիրը պիտի բարեփոխուէր ըստ արժանւոյն, եւ որոնք, նոյնիսկ այս պահուս, այսինքնՙ Խաղաղութեան դաշնագրի ստորագրութեան նախօրեակին, կը մնան կատարեալ անստուգութեան եւ վրդովեցուցիչ տարտամութեան մէջ:
“Նկատելով, որ անոնց ներկայացուցած ժողովուրդները, Դաշնակից պետութեանց արդարախոհութեան հանդէպ վստահալից սպասումէ ետք, պիտի մատնուին ամենէն դժնդակ յուսախաբութեան մը, եթէ Հաշտութեան վեհաժողովի վերջնական որոշումները չգոհացնեն իրենց օրինաւոր պահանջները եւ իրենց ամենացանկալի յոյսերը, այդ պարագային ներկայ Յայտարարութիւնն ստորագրող ներկայացուցիչները անկարող պիտի ըլլան երաշխաւորելու օրինաւոր կեցուածքը իրենց պատկան համայնքներուն, որոնք խմբովին պիտի ապստամբին Կիլիկիոյ մէջ թրքական գերիշխանութեան եւ վարչութեան մը հաստատման հրէշային փորձերուն դէմ.
“Նկատելով նաեւ, որ ներկայիս տիրող անկարգ անիշխանական վիճակը, որ մասամբ արդիւնք է տեղական թուրք վարչութեան անդամալուծութեան, որ կառավարութեան մը ուրուականն է միայն, եւ որ այս պայմաններու մէջ, անհրաժեշտ իրաւասութիւններով օժտուած եւ ամենուն յարգանք ու վստահութիւն ներշնչող տեղական վարչութեան մը շուտափոյթ հաստատումը միայն երկիրը կրնայ փրկել անիշխանութենէ եւ ամբողջական կործանումէ.
“Ուստի, բոլոր այս տուեալներով եւ զօրացած այն իրաւունքներով, փաստերով եւ նկատողութիւններով, որոնք յայտնուած են մարտ 31 եւ մայիս 15 թուակիր յիշատակագիրներուն մէջ, եւ որոնց տրամաբանական հետեւանքն է ներկայ ԱՔՏԸ, եւ հիմնուելով մանաւանդ բոլոր ժողովուրդներուն իրենց վիճակը որոշելու բացարձակ իրաւունքին վրայ, որ ծնունդ կ՛առնէ ֆրանսական յեղափոխութեան անմահ սկզբունքներէն.
“Մենք այսօրուընէ սկսեալ, Կիլիկիան հանդիսաւորապէս կը հռչակենք ազատ երկիր մը, անկախ Թուրքիայէն, օժտուած տեղական քրիստոնեայ ինքնավար վարչութիւնով մը եւ դրուած Ֆրանսայի հոգատարութեան ներքեւ: Կիլիկիոյ այս անջատումը Օսմանեան կայսրութեան նախկին հողամասերէն մենք կը նկատենք նոյնքան կատարեալ եւ վերջնական, ճիշդ այն ձեւովՙ ինչպէս Հայաստան, Սուրիա, Պաղեստին, Միջագետք եւ Արաբիա:
“Իրականացնելու եւ պահպանելու համար այս անկախութիւնը, վռնտելու համար թշնամին մեր դռներէն, ձերբազատելու համար մեր պաշարուած քաղաքները, վերագրաւելու համար մեր գրաւուած քաղաքներն ու շրջանները եւ գերութենէ ազատելու համար մեր քրիստոնեայ եղբայրները, պատրաստ ենք ամէն զոհողութիւններու եւ մեր երկրին հոգատար Ֆրանսայի ծառայութեան տակ կը դնենք մեր ժողովուրդներու բոլոր կենսունակ ոյժերը:
“Կուսակցութիւններ, յարանուանութիւններ, համայնքներ, քրիստոնեայ ցեղեր, բոլորս ալ միացած ենք միեւնոյն սրբազան նպատակին շուրջ:
“Մենքՙ ձեռք ձեռքի, պիտի աշխատինք երկրին բարոյական եւ տնտեսական բարձրացման համար, Ֆրանսայի հովանաւորութեան ներքեւ: Կը բաղձանք Կիլիկիան ընել Եւրոպայի մէկ պատկերը, նոր կեդրոն մը քաղաքակրթութեան եւ յառաջդիմութեան, ուր տեղացի իսլամ ցեղերը հաւասարապէս պիտի վայելեն բարգաւաճումի բոլոր բարիքները եւ ազատութեան երաշխաւորութիւնները, որոնք ցարդ անծանօթ էին իրենց թուրք տիրապետութան ներքեւ, եւ անոնք պիտի օրհնեն այն օրը, երբ այդ տիրապետութենէն բաժնուեցան:
“Անկախութիւն ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ բացարձակ պայման է այս երկրի քրիստոնեաներու տեւական գոյութեան համար եւ իրենք նախամեծար կը համարին մեռնիլ, քան թէ ընդունիլ ուրիշ որեւէ լուծում:
“Վստահ ենք, որ վեհանձն ու ասպետական Ֆրանսան, աւանդական պաշտպանը Արեւելքի քրիստոնեաներուն, պիտի գնահատէ արդարութիւնը մեր պահանջներուն եւ պիտի բարեհաճի ընդունիլ եւ ճանչնալ մեր անկախութիւնը եւ զայն առնել իր պաշտպանութեան եւ հովանիին տակ:
“Կեցցէ՛ Անկախ Կիլիկիան”
“Կեցցէ՛ Կիլիկիոյ հոգատար Ֆրանսան”:
Մ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ․ Ամբողջական Հայաստանի ներկայացուցիչ
Գ. ՎՐԴ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ Ատանայի Հայոց Առաջնորդ
ՅՐԹ. ԵՊԻՍԿ. ՔԵՔԼԻԿԵԱՆ․ Առաջնորդ Հայ Կաթոլիկներու
ՎԵՐ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ․ Հովիւ Հայ Բողոքականաց
ՏՔ. ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ․ Ատենապետ Հայ Ազգային Միութեան
ՎԱՀԱՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ․ Ատենադպիր Ազգային Միութեան
Ա. ՍԻՄԷՕՆ ՕՂԼՈՒ, ՏՔ. Ժ. ՏԱՆԻԷԼԻՏԻՍ, Ա. ՊԱՐՊՈՒՐ, Յոյն հասարակութեան երեւելիներ
ԺԱՆ․ Ասորիներու Ազգային Ժողովի նախագահ
ՓԷՐ ՖԻԼԻՓ, Կաթոլիկ սուրիացիներու Պատրիարքական փոխանորդ
ԹԻՒՖԵՆՔՃԻ, Կաթոլիկ քաղդէացիներու Կիլիկիոյ Պատրիարքական փոխանորդ
Պաշտօնական յայտարարութիւն հայ ժողովուրդին
“Այսօր, օգոստոս 4, 1920, կէսօրին, Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան Պր. Ներկայացուցիչը, Հայ Ազգային միութիւնը, Հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, յոյն, ասորի, քաղդէացի եւ սուրիացի հասարակութեան կրօնական եւ աշխարհական պատուիրակներըՙ միասնաբար ներկայանալով Կիլիկիոյ վարչական հակակշռի պետ գնդապետ Պրեմոնին, հանդիսաւորապէս անոր յանձնեցին Կիլիկիոյ թրքական պետութենէն անկախութիւնը եւ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ քրիստոնեայ ինքնավար վարչութեամբ մը օժտումը հռչակող պաշտօնաթուղթ մըՙ ստորագրուած բոլոր վերոգրեալներէն, յանուն Կիլիկիոյ ընդհանուր քրիստոնէից:
“Ֆրանսական հակակշռի պետը խիստ համակիր վերաբերում ցոյց տալով հանդերձ անմիջապէս իր կառավարութեան հաղորդեց այս կարեւոր պաշտօնաթուղթը, որ կոչուած է նոր թուական մը բանալ Կիլիկիոյ ժամանակակից տարեգրութեանց մէջ, խիստ պատուէր տուաւ մեզՙ յորդորել մեր ժողովուրդը հանդարտութեան եւ կարգապահութեան:
“Ազգային պաշտօնական մարմինները պարտք կը համարեն յորդորել ամբողջ ժողովուրդը, որ այս հանդիսաւոր առթիւ, ցոյց տայ անթերի կարգապահութիւն, զգուշանալով ամէն կարգի ցոյցերէ եւ համախմբումներէ, որոնք արդէն արգիլուած են պաշարման վիճակի օրէնքով:
“Հայերը իրենց այս վայելուչ վարմունքով, քաղաքին թուրք ու մահմետական բնակիչներուն հանդէպ որեւէ ապօրինութիւններէ, արբեցութենէ եւ առհասարակ անդորրութիւնը խանգարող որեւէ արարքէ բացարձակապէս զգուշանալով, պէտք է գործնականապէս ցոյց տան, թէ քաղաքականապէս հասունցած ժողովուրդ մըն են, արժանի այն ազատութեան, զոր կը պահանջեն ու կը հռչակեն իրենց քրիստոնեայ հայրենակիցներուն հետ համախորհուրդ:
“Միայն կարելի է, իբր ժողովրդային նուիրագործում անկախութեան յայտարարութեան, դրօշազարդել քրիստոնէական շէնքերն ու հաստատութիւնները, նախընտրաբար ֆրանսական դրօշակով¦:
ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Ատանա, օգոստոս 4, 1920
Յետագայ դէպքեր
Քաղաքը կը բարեզարդուի հայկական եւ ֆրանսական դրօշակներով. օրուան պատշաճ ճառեր կը խօսուին ժողովրդասրահներէն ներս. ամբողջ ժողովուրդը կ՛ունենայ խանդավառ ապրումներ, պահ մը մոռցածՙ իր ցաւերն ու տառապող, թշնամիի գնդակներուն կուրծք տուող հաճընցին եւ այնթապցին:
Այնթապցին նախընտրած էր շարունակել կռիւը իր միջոցներով եւ ֆրանսական իշխանութիւնն ալ թոյլատրածՙ բան մը որ զլացուած էր սսեցիին- բայց ինչո՞ւ:
Օգոստոսի առաջին տասը օրերը բախտորոշ օրեր էին եւ կրնային ճակատագրական քայլերու ծնունդ տալ. պէտք էր կանխել որեւէ աննպաստ վճիռ. անհրաժեշտ էր փորձել անկարելին. Օգոստոս 10էն ետք գուցէ անկարելի դառնար փոխել Կիլիկիոյ քաղաքական դիմագիծը- կորզել կիլիկեցիներու դարաւոր իրաւունքը թուրք երախէն, երբ դաշնակիցներ զայն նետէին թուրքերուն արիւնոտ գիրկը: Սեւրէն ետք դաշնակիցներ կրնային ըսել. §Կնքուած է դաշնագիր մը, կարելի չէ զայն փոխել առանց զէնքի որ կը պակսի մեզի այս պահուս¦, ինչպէս կ՛ըսէին ֆրանսացիք Կիլիկիա իրենց ոտք դնելէն ի վեր:
Կիլիկիոյ Միջքրիստոնէից Արտակարգ Խորհուրդը, Մանիֆեսթոյի յանձնումի արարողութենէն վերադարձին, կը կազմէ առժամեայ կառավարութիւն մը, վարչապետութեամբ ընկեր Միհրան Տամատեանի, նորազատ Կիլիկիոյ համար:
Անհրաժեշտ կարգադրութիւններ կ՛ըլլան յաջորդ օրուան պատմական աքտին համար:
1920 օգոստոս 5ին, կէսօրուան մօտ, առժամեայ կառավարութիւնը կ՛երթայ Սարայ եւ կը գրաւէ թուրք կուսակալին պաշտօնատեղին. կուգայ գնդապետ Պրեմոնին օգնականըՙ Կիզ, եւ փոխանակ շնորհաւորելու կը հրամայէ պարպել պաշտօնատեղին, առժամեայ կառավարութեան մերժումը կը զայրացնէ Կիզը. այս վերջինը կ՛երթայ իր մեծաւորին մօտ:
Գնդապետ Պրեմոն կուգայ երկու սենեկալցի սուինաւոր զինուորներով եւ Տամատեանին կը հրամայէ դուրս ելլել իր մարդոցմով: Տամատեան կը յիշեցնէ իր եւ իրեններուն հանգամանքը- ներկայացուցիչները Կիլիկիոյ 275,000 քրիստոնեաներուն, եւ կ՛աւելցնէ. §Բռնի ոյժը միայն կրնայ մեզ հոսկէ դուրս հանել¦:
Գնդապետ Պրեմոնՙ ինքնիրմէն ելածՙ կը հրամայէ սենեկալցիներուն. “Դո՛ւրս նետեցէք այս մարդոց դիակները”:
Ընկեր Տամատեան, տեղի չտալու համար նոր եւ համատարած արիւնահեղութեան մը (որ կրնար տեղի ունենալ իր մահով), կը ձգէ պաշտօնատեղին իրեններուն հետ եւ կը վերադառնան իրենց հաւաքատեղինՙ Հայկական ակումբ եւ նոյնհետայն յայտարարութիւնով մը ժողովուրդին կը յանձնարարեն ցոյց տալ քաղաքակիրթ ազգի մը վայել կեցուածք, սպասել դէպքերու բնականոն ընթացքին եւ վստահիլ իրենց առաջնորդներու ողջմտութեան:
Եւ սակայն, հակառակ այս զուսպ դիրքառումին, մեր տղաքը իրար կ՛անցնին. Չաքըճըի եւ Հայկունիի գլխաւորութեամբ խումբ մը նախկին լեգէոնականներ կը զինուին եւ ձեռնառումբերով բեռնաւորուածՙ կ՛որոշեն օդը հանել Սարայը (կեդրոնատեղի գնդապետ Պրեմոնի եւ կուսակալին) եւ անոր տաք մոխիր եւ աւերակին ներքեւ միանալ թշնամիներուն:
Ահաբեկածՙ Կարօ Խապայեան (“Կիլիկեան Սուրհանդակ”ի խմբագիր) կը գոցէ Գլըպին դուռները, լուր կը ղրկէ իրենց լիտըրներուն, որոնք կը հասնին շուտով եւ ահագին դժուարութիւն կը քաշեն տղաքը տարհամոզելու համար:
Ամբողջ գիշերը Չաքըճըն եւ Հայկունինՙ իրենց խումբով կը մնան գլըպին մէջ, լիտըրներով պաշարուած: Կարոյին արթնութիւնը առաջքը կ՛առնէ ահաւոր ողբերգութեան մը:
Օգոստոս 5ի պատմական աքտին յաջորդ օրերուն, գնդապետ Պրեմոն պաշտօնագրով մը ընկեր Միհրան Տամատեանին կը տեղեկացնէ Ազգային Պատուիրակութեանց իր լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքին վերջ տրուած ըլլալու իրենց որոշումը: Խախտած էր Ազգային Միութեան դիրքը:
Ցաւալի է, որ ոմանք կ՛անգիտնան այս աքտին անհրաժեշտութիւնը:
Արտատպվածՙ Վահրամ Կէօքճեանի “Հայկական Կիլիկիոյ ազատագրական պայքարը” գրքից, Բոստոն, 1979 թ.:
նկար Միհրան Տամատեան
Հայկական լեգեոնի կապիտան Ճիմ Չանգալեան