Խմբագրական. Բոստոնում լույս տեսնող “Պայքար” շաբաթաթերթ․
Մարդկութիւնը անհամբեր կը սպասէ 2020 տարեթիւի աւարտին` նոր արշալոյս մը ողջունելու յոյսով: Տիեզերական տարածութիւնն ու ժամանակի հատուածները ոչ մէկ առնչութիւն ունին թէեւ մարդկային ապրումներուն եւ զգացումներուն հետ` հակառակը, սակայն ունի առնչութիւն, որովհետեւ մարդն ու մարդկութիւնը կ’առնչեն իրենց երջանիկ ու դժբախտ ապրումները ժամանակահատուածներու հետ: Օրինակ, երբ յիշենք 1915 թուականը` ոեւէ հայու համար ուրիշ բացատրութեան կամ նկարագրութեան կարիք չի մնար այլեւս: Միեւնոյն յիշատակութիւնը պիտի վերաբերի նաեւ 2020 թուականին, ինչպէս հայութեան, նոյնպէս նաեւ համայն մարդկութեան համար:
Արդարեւ, այս ժամանակահատուածը դարձաւ անհակակշռելի աղէտներու շրջան մը: Նոր Տարին, ինքը` 2021 թուականը, թէեւ անտարբեր է մարդկային զգացումներու նկատմամբ, սակայն մարդկութիւնը մեծ յոյսեր կապած է անոր: Հայոց պարագային, նոյնիսկ եթէ յոյսեր չիրականանան` գոնէ 2020 արիւնալի ողբերգութիւնը մեր ազգին ետին մնացած պիտի ըլլայ` առ նուազն ինքնակերտումի յոյսով:
Մարդկութիւնը պատուհասող աղէտները, կը թուի թէ, կը պատահին քանի մը դար անգամ մը. կ’երեւի մեր սերունդներուն էր վիճակուած այս դարու աղէտը (Covid-19) որ խորհրդանշուեցաւ 2020 թուականով:
Պատմութեան մէջ յիշատակուած համամարդկային աղէտներէն մէկը տեղի ունեցած է 14րդ դարուն Սեւ Մահ (Black Death) անունը կրող համաճարակով, որ խլած է ժամանակուան 500 միլիոն մարդոց թուաքանակէն 50 միլիոն զոհեր:
Աւելի մօտ ժամանակներուն, 1918-1920 շրջանին մարդկութիւնը դարձեալ դէմ յանդիման գտնուած է նման համաճարակի մը այս անգամ Սպանական ցրտահարութիւն (Spanish flu) անուան տակ, որ նոյնպէս խլած է 50 միլիոն զոհ որոնց 675,000 Ամերիկայի մէջ: Համաճարակներու յաւելումը ուղիղ համեմատութեան մէջ է մարդոց ճամբորդական հնարաւորութեանց հետ: Այսպէս 14րդ դարու Սեւ Մահի տարածումը կը վերագրուի Մետաքսի Ճանապարհի գործունէութեան: Արդարեւ, Մետաքսի Ճանապարհը կ’երկարէր Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, երբ առեւտրականներ կը ճամբորդէին ու կը փոխադրէին վաճառաշահ ապրանքներ Ծայրագոյն Արեւելքէն դէպի Եւրոպա, եւ` հակառակ ուղղութեամբ: Հետեւաբար այդ ճամբորդներուն եւ անոնց ընկերացող բեռնատար անասուններուն հետ կը տեղափոխուէին նաեւ համաճարակներու վարակները:
Թագաժահրի (Covid-19) պարագային համաճարակի տարածումը ամբողջ երկրագունդի վրայ տեւեց 6 ամիսէն նուազ, քանի տեղափոխութիւնները դարձած են այնքան արագ եւ յաճախակի:
Հին ժամանակներուն ամբողջ ցեղախումբեր կամ ազգութիւններ ջնջուած են երկրագունդի երեսէն` առանց որ տարբեր աշխարհամասերու բնակիչները տեղեակ իսկ մնան, որովհետեւ այդ ժամանակներուն աւելի նստակեաց էին հասարակութիւնները, քանի տեղափոխութեան միջոցները այնքան ալ չէին զարգացած:
Օրինակ, մայաներու ցեղը Մեքսիքոյի մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ անհետացած է. մասնագէտներ ու պատմաբաններ չեն կրնար ստուգիւ հաստատել այդ կորստեան պատճառները – գուշակութիւններ կան ջուրի պակասի, պատերազմներու եւ այլ պատճառներու մասին, որոնց մէջ կարելի է նկատի ունենալ նաեւ` համաճարակը:
Իտալիոյ մէջ անհետ կորած են Էթրուքսները, որոնք հարուստ ժառանգութիւն մը թողած են իրենց ետին, սակայն իրենց կորուստին մասին տակաւին չեն գտնուած համոզիչ բացատրութիւններ. գուցէ նորէ՞ն համաճարակը:
2020ի թագաժահրը չէ յաջողած ու չի յաջողիր բնաջնջել համայն մարդկութիւնը, սակայն անգութ կերպով կը հնձէ մարդկային կեանքեր. արդէն շուրջ 1.7 միլիոն զոհեր արձանագրուած են աշխարհի մէջ եւ կը շարունակուի զոհերու թիւը աւելնալ ահաւոր համեմատութիւններով:
Վարակի դէմ դեղամիջոցներու պակասը անճրկած էր մարդկութիւնը, սակայն գիտական տուեալներու վրայ հիմնուած փաստերով կարելի էր նուազեցնել զոհերու թիւը – դիմակներու օգտագործումը, անձէ անձ հեռաւորութեան պահպանումը եւ ձեռքերու յաճախակի լուացումով:
Սակայն Ամերիկայի մէջ նախազգուշացման այդ միջոցները քաղաքականացուեցան եւ նախագահ Թրամփ եւ իր հետեւորդները այդ զգուշացումներուն մէջ քաղաքական դիտում նկատեցին եւ ընդդիմացան անոնց, բազմապատկելով զոհերու թիւը:
Բայց, ինչպէս հեղինակաւոր բժիշկ-մասնագէտ Տոքթ. Էնթընի Ֆաուչի կը հաստատէ` լոյսը ծագելու մօտ է` որովհետեւ մարդու գիտական միտքը յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մէջ ստեղծել շիճուկը որ արդէն բաւական խոստըմնալի կը թուի ըլլալ: Առաջին շիճուկը որ սկսաւ գործադրութեան մտնել հնարուած է Pfizer եւ Biothech ընկերութեանց կողմէ: Երկրորդը` պատրաստըւած է Moderna-ի կողմէ, մեր հայրենակից Տոքթ. Նուպար Աֆէեանի գլխաւորութեամբ: Կը յուսանք որ այս հանճարեղ գիտնականներու խումբը կ’արժանանայ Նոպելեան մրցանակին:
Հայաստանի մէջ մեծ աւերներ կը գործէ համաճարակը եւ կը տարածուի ահաւոր արագութեամբ: Այդտեղ դիմակ կրելն ու կանխարգելիչ միջոցներ օգտագործելը քաղաքական նշանակութիւն չունի Ամերիկայի նման: Այլ մեր ժողովուրդին սովորական թափթփածութիւնն ու ճակատագրապաշտութիւնն են որ դեր կը կատարեն համաճարակի տարածման մէջ:
Համաճարակը կարծէք բաւարար աղէտ մը եղած չըլլար մարդկութեան գլխուն, քաղաքական ծանր իրադարձութիւններ եկան ցնցելու կեանքը Ամերիկայի եւ Հայաստանի մէջ: Ամերիկայի քաղաքական իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունին ամբողջ աշխարհի վրայ: Իսկ Հայաստանի աղէտը կը ցնցէ ամբողջ հայութիւնը:
Ամերիկայի մէջ նախագահական ընտրութեան նախորդող շրջանին եւ այդ ընտրութեան պատճառները ստեղծեցին հզօր ընկերային շարժումներ ու քաղաքական արարքներ, որոնք սկսան սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեամբ` ոստիկանութեան կողմէ: Ֆլոյտի անձը այնքան ալ նշանակութիւն չունէր` որքան իր սեւամորթ ըլլալը:
Ֆլոյտ աւազակութեամբ (carjacking) դատապարտուած անձ մըն էր որ վերածուեցաւ ազգային հերոսի. անով իմաստաւորուեցաւ սեւամորթներու կեանքի արժեւորումը Ամերիկայի մէջ (Black Lives Matter):
Քաղաքական ու քաղաքացիական այդ շարժումները առաջնորդեցին նախագահական ընտրութեան եւ անդրադարձան անոր արդիւնքին վրայ:
Ամբողջ մամուլը եւ լրատու այլ միջոցները միացած էին նախագահ Թրամփի թեկնածութեան դէմ բացի Fox հեռուստակայանէն: Դեմոկրատներու արշաւին միացած էին մեծ թիւով հանրապետականներ որոնք պայքարեցան Թրամփի թեկնածութեան դէմ: Անոնցմէ ոմանք վիրաւորուած էին նախագահին կողմէ, բայց կային նաեւ հանրապետականներ որոնք քաղաքականօրէն դիրքորոշուած էին անոր դէմ: Հակառակ այդ հզօր ընդդիմութեան Թրամփ յաջողեցաւ ապահովել քուէարկողներու աննախընթաց թիւ մը` 74 միլիոն: Իսկ Ճօ Պայտըն ընտրուեցաւ 81 միլիոն քուէներով որոնց մեծ մասը տրուած էին ընդդէն Թրամփի:
Այս տարուան ընտրութիւնը պատմականօրէն աննախընթաց էր եւ մեծապէս անդրադարձաւ անոր քաղաքական կեանքին վրայ: Նախագահ Պայտընի ընտրութեամբ նշանակալից շրջադարձ պիտի արձանագրէ Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը, որմէ կը յուսանք որ օգտուի Հայաստանը, մտացի դիւանագիտութեան մը գործադրութեամբ:
Առ այսօր նախագահ Թրամփ կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը եւ կը պատրաստուի նոր բեմադրութիւններ սարքելու մինչեւ Յունուար 20, 2021, նախագահ Պայտընի երդմնառութեան օրը, եւ գուցէ նաեւ անկէ վերջ:
Համաշխարհային աղէտի եւ հայրենական պատերազմի կորուստներու կարգին պէտք չէ մոռնալ ահաւոր աղէտը Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան` Օգոստոս 4ի Պէյրութի ահաւոր պայթումին հետեւանքով:
Լիբանանահայութիւնը կենսապարգեւ համայնքը հանդիսացած է համայն սփիւռքին, տասնամեակներ ամբողջ մատակարարելով մտաւորական սնունդ` ուսուցիչներու, գրողներու եւ գործիչներու պատրաստութեամբ եւ մատուցումով:
Իսկ Հայաստանի քաղաքական անցուդարձերը սովորական բնոյթ չունէին ու չունեցան – Եղեռնէն ի վեր ամէնէն արիւնալի պարտութիւնը կրեց մեր հայրենիքը, Արցախեան պատերազմին ընթացքին:
Համաճարակի զոհերուն վրայ աւելցան 5000 երիտասարդ զինուորներուն մահերը եւ 10,000է աւելի վիրաւորներ եկան խճողելու Հայաստանի արդէն ծանրաբեռնուած առողջապահական հիւանդանոցային վիճակը:
Պատերազմը ցոյց տուաւ որ մինակ է հայութիւնը: Իսկ մեր ռազմագիտական դաշնակիցը` Ռուսաստանը թոյլ տուաւ որ Հայաստան ընկրկի եւ փլի երեսն ի վար, յատկապէս երկու պատճառով.
Ա) Ան օգտագործեց պատերազմի առիթը իր բանակը մտցնելու Ատրպէյճանի մէջ, դիրքաւորուելով Թուրքիոյ դէմ որ Ատրպէյճանի եւ Կովկասի մէջ եկած է իր ներկայութիւնն ու ոյժը պարտադրելու:
Բ) Մոսկուա ուզեց դաս մը տալ Հայաստանին, ինչպէս տուած էր Արցախեան առաջին պատերազմին 1990ական թուականներու սկիզբը:
Որքան ալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ՙիմ քայլականները ուզեն ջնարակել յեղափոխութիւնը` պիտի չյաջողին, որովհետեւ Մոսկուա այդ շարժումին մէջ տեսաւ հակառուսական տրամադրութիւն: Եւ ՙԹաւշեայ յեղափոխութեան՚ թաւիշին տակ պարզօրէն բացայայտ էր հակառուսական քաղաքական կեցուածքը:
Զարմանալի է – գուցէ եւ` չէ – որ Փաշինեան եւ իր խումբը առանց այլ պաշտպանի կամ նեցուկի ապահովման, յանձնառու եղան սուր ճօճելու Մոսկուայի դէմ երբ անդին ուրիշ պաշտպան մը չունէր Հայաստանը:
Այսօր Արցախի հայութեան ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Նոյեմբեր 9ի եռակողմ յայտարարութիւնը ոչ մէկ երաշխիք կու տայ Արցախի հայութեան ապահովութեան մասին: Իսկ Արցախի իրավիճակին մասին Պր. Վլատիմիր Փութին արդէն կայացուցած է իր վճիռը թէ` Արցախի հողը կը պատկանի Ատրպէյճանին: Պարզ կ’երեւի որ հինգ տարի վերջ Պր. Փութին պիտի յայտարարէ որ Արցախի բնակչութիւնն ալ կը պատկանի Ռուսաստանին, այժմէն ռուսական քաղաքացիութիւն շնորհելով անոր:
Աղէտը սակայն չի վերջանար այնտեղ: Այսօր խնդրոյ առարկայ դարձած է նոյնինքն Հայաստանի ճակատագիրը: Սիւնիքի սահմանները, Սոթքը, Կապանը, Տաւուշը ինկած են թուրքերու եւ ազերիներու թնթանօթին ներքեւ:
Պատերազմը ռազմագիտական հաշուեյարդար մըն էր Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ եւ այդ հաշուեյարդարը չէ հասած իր հանգուցալուծումին: Թուրքիան կը շարունակէ հետապնդել իր համաթուրանական ծրագիրները եւ Ռուսաստան նահանջի մէջ է: Արդէն Թուրքիա Մոսկուայի միջոցաւ օրինական իրաւունք խլեց հատելու Հայաստանի ինքնիշխան հողը` Սիւնիքի վրայով ճամբայ ապահովելով դէպի Նախիջեւան: Այդ ճամբան համաթուրանականութեան ճամբան է:
Վախի, ցաւի, սուգի, անորոշութեան եւ անապահովութեան մթնոլորտին մէջ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է նաեւ քաղաքացիական կռիւներու նախապայման մը: 17 կուսակցութիւններ կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը: Ան իր կարգին կառչած է իր աթոռին եւ ՙժողովուրդի կամքին՚:
Այս պայմաններուն մէջ արտահերթ ընտրութիւններ, իշխանափոխութիւն, քաղաքական պայքար` բոլորը անիմաստ են. ո՞վ որու դէմ պիտի պայքարի, ո՛վ պիտի յաջորդէ որո՛ւն եւ ո՞վ պիտի յաղթէ եւ ո՞վ պիտի պարտուի` երբ ամբողջ Հայաստանը պարտուած է: Ալ տեղ չկայ յաղթողի ու պարտուողի: Մեր վէճերը կը դիտեն նաեւ մեր թշնամիները եւ կը զուարճանան անոնցմով:
Զգացումները բուռն են Փաշինեանի դէմ, նոյնքան բուռն է Փաշինեանի եւ իր պետական վարչամեքենային հակադարձութիւնը:
Իշխանութեան ջախջախուած աթոռը ոչ ոքի օգտակար է: Պէտք է մտածել անհնարինի մասին եւ զայն իրագործել: Ատիկա ազգային միասնականութիւնն է: Այսօր պէտք ունինք հզօր բազուկի մը` Վազգէն Սարգսեանի նման որ լռեցնէ բոլոր քաղաքական կաչաղակները, համախմբէ ազգին ներոյժը, զօրացնէ բանակը, բարելաւէ տնտեսութիւնը` խափանելով արտագաղթը, սպասելով յաջորդ պատերազմի որ պիտի չուշանայ:
Ազգային միասնականութեան յոյսով ու ակնկալութեամբ ՙգրողի գիրքը՚ ղըրկենք 2020 աղէտալի տարին եւ ողջոնենք 2021 թուականը, որ մեր ժողովուրդին իմաստութեամբ կրնայ դառնալ բախտաւոր ու բարեբեր շրջան մը: