Այսուհետ azgonline.am-ը սկսում է տպագրել Սփյուռքում լույս տեսնող առաջատար թերթերի և հանդեսների խմբագրականները և լավագույն վերլուծական հոդվածները։ Մեր առաջին համագործակցությունը սկսում ենք Բոստոնում լույս տեսնող Պայքար շաբաթաթերթի հետ։
Խմբագրական
«Դու մեծ մահերով հարուստ ժողովուրդ» գրած է Սիլվա Կապուտիկեան. այս պատերազմով աւելի եւ աւելի եւս «հարստացաւ» հայ ժողովուրդը, որովհետեւ անցեալի մահերուն վրայ բարդուեցան նաեւ 5000 նոր դիակներ` մատաղ զինուորներու. 5000 կեանքեր որոնք պիտի ծաղկէին դեռ ու կազմէին 5000 նոր ընտանիքներ, որոնք չկազմուեցան եւ պիտի չկազմուին երբեք: Որդեկորոյս մայրեր, այրիացած կիներ եւ որբացած երեխաներ կը փնտռեն դեռ իրենց հարազատները եւ չեն կրնար գտնել ու չունին անգամ պատասխաններ թէ անոնք պիտի վերադառնան երբեւէ հայրենիք` ողջ կամ անկենդան:
Դժբախտաբար պարտեալ կառավարութիւնը կը շարունակէ մնալ կազմալուծման մէջ է եւ չունի պատասխաններ մեռածներու եւ ողջերու մասին. ու չունի պատասխաններ թէ ի՛նչ կը կատարուի երկրէն ներս եւ դուրս:
Թշնամին եկած ու նստած է սահմանին: Ոչ միայն կորսուած է Արցախը այլ սակարկութիւններ կը կատարուին նոյնինքն Հայաստանի հողին մասին ու շուրջ` ռուսերու, ազերիներու եւ թուրքերու միջեւ:
Հայաստանի վարչապետը կը փորձէ հանգստացնել հանրութիւնը թէ Հայաստանի զինուած ոյժերը տէրն են սահմաններու կացութեան, սակայն Սոտքի մէջ եկած ու ոսկիի հանքերուն վրայ նստած են ազերիները եւ բնակչութիւնն է որ կը կատարէ պաշտպանի դերը: Կապանի բարձունքներուն վրայ ռազմական դիրքեր բռնած են ազերիները, իրենց թիրախին տակ առնելով բնակչութիւնը: Պատերազմի կորուստը Արցախի շուրջ կը կարծուէր ըլլալ սակայն կը պարզուի որ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ նաեւ Հայաստանի հողը:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կազատար խողովակներու պայմանագիր կը կնքեն Նախիջեւանի վրայով կազ մատակարարելու Թուրքիոյ. ծրագիր մը որ կ’ենթադրէ հայկական հողի տարանցիկ հատուածի մը գործածութիւնը, սակայն, պայմանագրի կնքումի պահուն Հայաստանի իշխանութեանց կարծիքն ու հաւանութիւնը փնտռող չկայ, որովհետեւ երկու թշնամի պետութեանց կողմէ տուեալ առնուած է որ արդէն կարիքը չկայ նման հաւանութեան մը:
Թշնամիները այնքան լկտիացած են որ արդէն որոշած են տարածաշրջանին մէջ տնօրինումներ կատարել: Նախագահ Էրտողան կ’առաջադրէ տնտեսական համագործակցութեան հարթակ մը կազմել, ընդգրկելով Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Իրանը եւ Ռուսաստանը, եւ մե՜ծ զիջումով` հաւանական կը նկատէ նաեւ Հայաստանի մասնակցութիւնը այդ հարթակին` որոշ պայմաններով – Էրտողան կ’ըսէ – «Հայաստանը պէտք է խելքը գլուխը հաւաքէ: Հայ քաղաքական գործիչները, սփիւռքը իրենց ժողովուրդը հասցուցած են դժբախտութեան: Եթէ հայ ժողովուրդը կարողանայ դասեր քաղել պատերազմէն` ապա տարածաշրջանին մէջ կը սկսի նոր դարաշրջան մը: Ատրպէյճանի հողերուն ազատագրումը չի նշանակեր որ պայքարը աւարտած է»:
Պարզ է որ պատերազմէն «դասեր քաղելու» թելադրանքը եւ սպառնալիքը որ «պայքարը աւարտած չէ» արդէն ազդարարութիւններ են որ եղեռնագործը տակաւին ուրիշ փորձանքներ ալ կը ծրագրէ հասցնել Հայաստանին: Արդէն, Էրտողան պատերազմի ընթացքին յայտարարած էր որ Թուրքիա կը մտնէ Կովկաս «մեր նախնիներու առաքելութիւնը» շարունակելու:
Հարց է թէ Թուրքիոյ այս սպառնալիքներուն դիմաց ի՞նչ կ’ընէ քաղաքակիրթ աշխարհը – մանաւանդ` ի՞նչ դիրք կը բռնէ Ռուսաստանը:
Ֆրանսա եւ Պելճիքա պաշտօնապէս դիրքաւորուեցան այս սպառնալիքներուն դիմաց` որոշումներ կայացնելով Արցախի անկախութեան կայացման ի խնդիր` «անջատում` ի խնդիր փրկութեան սկզբունքով». որովհետեւ յստակօրէն տեսանելի է որ թուրք ազերիական գործակցութեան նպատակը նոր ցեղասպանութիւնն է, նոյնիսկ 21րդ լուսաւոր դարուն:
Իսկ միւս կողմէ մեր դաշնակից Ռուսաստանը իր սեփական խնդիրները կը լուծէ Թուրքիոյ հետ, Հայաստանի գլխուն վրայէն: Իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Փութին յայտարարած է թէ Արցախի հողը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ թէ Արցախի իրավիճակը պէտք է ճշդուի ապագային: Ներկայ իրավիճակը պիտի մնայ անփոփոխ: Արդէն այստեղ Արցախի ժողովուրդին կամարտայայտութեան իրաւունքը կ’ոտնակոխուի. իրաւունք` զոր Ռուսաստան ընդունած էր պաշտպանել Մինսքի խումբի ծիրէն ներս: Այսպիսի փոփոխութիւն մը ենթադրել կու տայ որ մեր ռազմական դաշնակիցը այստեղ եւս խնդիրը պիտի լուծէ ի նպաստ Ռուսաստանի` Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն տալով Արցախի հայութեան, որպէսզի հինգ տարի վերջ երբ Պաքու պահանջէ ռուս խաղաղապահներու հեռացումը իր հողէն (ինչ որ շատ հաւանական է) Ռուսաստան իրաւունքը ունենայ «իր քաղաքացիները» պաշտպանելու Ատրպէյճանի հողին վրայ:
Իսկ գալով Էրտողանին ի՞նչ ըսել կ’ուզէ Հայաստանի ժողովուրդին «խելքը գլուխը հաւաքելու» թելադրանքով` այն է թէ ան շնորհը պիտի ընէ սահմանները բանալու, եթէ Հայաստան յանձնառու ըլլայ հրաժարելու ցեղասպանութեան «պնդումներ»էն, Սեւրի պաշտօնագրէն, հատուցումի պահանջէն եւ հաւանաբար նաեւ` Կարսի դաշնագրի ջնջումը պահանջելէն:
Որքան որ ալ պարտուած ըլլայ Հայաստանը` տակաւին ոյժն ունի թուրքին պահանջը մերժելու. մանաւանդ սահմանները բանալու խոստումը աւելի շնորհ մըն է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին: Հայաստանը կարիքը չունի իր շուկան ողողելու թրքական եւ ատրպէյճանական ապրանքներով: Մանաւանդ որ ցեղասպանութեան հարցը այսօր միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկախ խնդիր մը չէ: Հակառակ իր ռազմական ու քաղաքական նուաճումներուն, Թուրքիա միջազգային հասարակութեան մօտ կը մնայ միեւնոյն ցեղասպան երկիրը եւ չի կրնար մաս կազմել քաղաքակիրթ երկիրներու ընտանիքին: Հետեւաբար ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան կշիռը միջազգային տարողութեամբ խնդիր մըն է եւ Թուրքիա հայութեան այս տկար վիճակէն օգտուելով կը փորձէ զայն դարձնել աժան վաճառքի ապրանք:
Ինչ կը վերաբերի Արցախի իրաւական վիճակին` նախագահ Փութինի հաստատումը քաղաքական որոշում մըն է եւ ոչ` պատմական եւ իրաւական: Շատ մը երկիրներ այդ քաղաքական որոշումը կ’ուզեն դիտումնաւոր կերպով շփոթել իրաւական հիմքի հետ:
1919ին Ազգերու Լիկան Արցախը ճանչցած է իբրեւ Հայաստանի մաս: Նոյնիսկ 1923ին Ստալին երբ զայն դրաւ Ատրպէյճանի հովանիին ներքեւ իրաւականօրէն զայն բնութագրեց իբրեւ «ինքնավար մարզ» (օպլասթ), որովհետեւ պատմականօրէն ան կը մնար հայկական պատմական հող, շարունակաբար բնակուած հայերէ: Երբ 1989ին Ատրպէյճան Արցախը հռչակեց Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս` ապօրինի արարք մը կատարեց. Արցախի ժողովուրդը Սովետական Միութեան սահմանադրութեամբ հռչակեց իր անկախութիւնը, այն իրաւական տուեալներով որ Ատըրպէյճան հռչակած էր իր անկախութիւնը: Եթէ Արեւելեան Թիմորի, Հարաւային Սուտանի եւ Խրիմի ժողովուրդները իրաւունք ունին հանրաքուէով որոշելու իրենց ճակատագիրը, նոյն իրաւունքը անխուսափելիօրէն կը պատկանի Արցախի ժողովուրդին: Սակայն, դժբախտաբար իրաւունքները կը պաշտպանուին եւ կ’արդիւնաւորուին զինու ոյժով: Որովհետեւ Ատրպէյճան իր սեփական հողին մաս կը նկատէ Արցախը, ատիկա իրաւական հիմք մը չունի եւ չի կրնար ունենալ:
Մինչ մեր բարեկամներն ու թշնամիները, ձեռք ձեռքի տուած, մեր հայրենիքի սահմանները կ’որոշեն եւ անոր ճակատագիրը կը տնօրինեն` ժողովուրդը անզօր կը դիտէ անիրաւութիւններն ու կը շարունակէ իր սուգը: Սակայն, այսօր է զգօնութեան պահը. ստորագրուած է զինադադարի համաձայնագիր մը բայց թուրքը կը շարունակէ պնդել թէ «պայքարը աւարտած չէ». տակաւին շատ մը հարցեր կը մնան օդին մէջ: Զինադադարի համաձայնագիրը Արցախի պատերազմի մասին էր, սակայն թուրքն ու ազերին Հայաստանի սահմանները ճշտելով զբաղած են: Ատենն է միասնական ոյժերով խափանելու այդ սադրանքները զորս թշնամիները կը սարքեն Հայաստանի շուրջ. երկրին մէջ բեւեռացումը աւելի սուր է քան երբեւէ: Մեր ներքին պայքարները միայն հաճոյք կը պատճառեն թշնամիներուն ու կը քաջալերեն զանոնք որ օգտուին մեր ներքին պառակտումներէն: «Խելքը գլուխ հաւաքելու» պահը հիմա է, որպէսզի վաղը կատարուած իրողութեանց առջեւ չգտնուինք:
Նիկոլ Փաշինեան եւ իր վարչակազմը պէտք է համոզուին որ ներկայ բարդ վիճակին մէջ երկիր կառավարելը իրենց կարողութենէն վեր է:
Այսօր միայն ազգային միասնականութիւնն է որ կրնայ յաջողապէս դիմակայել մարտահրաւէրները, որքան ալ անիրատես ու ռոմանթիք թուի այդ ցանկութիւնը: Այլապէս ալ Նիկոլ Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը չյաջողեցաւ բարելաւել իրավիճակը սովորական քաղաքացիին: «Լեգիտիմ» իշխանութիւն կամ ժողովրդավարութիւն լոզունգները, ոչ երկրին մէջ ունեցան արժէք, ոչ ալ` երկրէն դուրս: Պատերազմը ցոյց տուաւ որ Հայաստան դիւանագիտական մեկուսացման մէջ է: Եթէ ռազմավարական դաշնակից մըն ալ ունէինք` յաջողեցանք զայն ալ զայրացնել հակառուսական մամուլի պայքարով, երկաթուղիի ընկերութիւնն ու Կազփրոմը դատական հետապընդումներու ենթարկելով: «Թալանչիներ» հալածելու հիսթերիան յաջողեցաւ նոր ներդրումները վանելով եւ երկրի գործարարներուն դրամագլուխն ալ երկրէն դուրս մղելով: Կը բաւէ մաշած լոզունգներով օրօրել ժողովուրդը:
Հայաստանը անդամալուծուած է. միակ բանը որ կը գործէ արտակարգ արդիւնաւէտութեամբª համացանցն է որ իրար վարկաբեկելու հզօր զէնք է դարձած£
Ներկայ իշխանութեան անճարակութենէն օգտուելով կազմուած է 17 կուսակցութիւններէ բաղկացած ընդդիմութիւն մը, Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորութեամբ որ կը դժուարանայ դառնալ հակակշռող բեւեռ մը: Այդ խմբաւորման մէջ կազմակերպական կարողութիւն ունեցող միակ կուսակցութիւնը Դաշնակցութիւնն է: Սակայն, ընդդիմութիւնը գլխաւորելու Դաշնակցութեան յաւակնութիւնները կը վնասեն թէ ամբողջ ընդդիմութեան եւ մինչեւ անգամ Դաշնակցութեան: Վերջինս ընտրութեանց մասնակցած է թէ նախկիններու օրով եւ թէ թաւշեայ յեղափոխութեան շրջանին. եւ Հայաստանի բնակչութիւնը հասկցած է այս կուսակցութեան կարողականութիւնը:
Փաշինեանի շարժումը այնպիսի հիսթերիա մը ստեղծած է «հիներու» շուրջ որ այսօր ալ ազդեցիկ կերպով կը շահագործէ այդ վախը:
Նախագահ Արմէն Սարգիսեան իր հերթին կը փորձէ զանգուած մը ապահովել իր շուրջ, գլխաւորելու համար վերականգնումի շարժում մը: Ցարդ այդ եւս կը մնայ անզօր:
Փաշինեան եւ իր վարչակազմը ապացուցանեցին իրենց դիւանագիտական ձախաւերութիւնը:
Այսօր Հայաստան պէտք ունի հիներու եւ նորերու ներոյժին: Փոխադարձ հանդուրժողութիւնը ամէնէն թանկագին արժէքն է այս օրերուն: Ոեւէ խմբաւորման գրոհը դիմացինը տապալելու միայն կրնայ առաջնորդել ազգային աղէտի:
Միասնականութեան կոչը կրնայ քարոզչական դատարկ լոզունգ մը թուիլ. սակայն այսօր պէտք եղածը միայն այդ է: Անդրադառնանք որ երկիրը ձեռքէ կ’ելլէ: Ատկէ վերջ ի՞նչ իմաստ ունի թէ ո՞ր կողմն է ճիշդ եւ արդար:
Վահան Թէքէեան կոչ ընելով Աստուծոյ ըսած է. այս «յիմար հօտը մարդոց մի միայն դուն կեցնել կրնաս վիհին ճամբուն վրայ …»: