Հին Ուխտէն դէպի Նոր Ուխտ ճամբայ բացող Աստուածաշնչական մեծագոյն դէմքը՝ Յովհաննէս Մկրտիչն է: Այդ իսկ հանգամանքով ան կոչուած է՝ Մեծ Մարգարէ, Կարապետ, Մկրտիչ:
Կարապետ կոչուած է, մարդկութեան լուսաւորութեան եւ փրկչական գործը սկսած ըլլալուն, ինչպէս նաեւ այդ սրբազան գործը նախաձեռնելով՝ հաւատացեալները ջուրով մկրտած ըլլալուն համար. հայտնում են Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն-ից։
Աւետարանիչները իր մասին տուած են բոլոր այն տեղեկութիւնները որոնք սերտօրէն կապուած են Յիսուսի կեանքին եւ գործունէութեան նախապատրաստող աշխատանքներուն հետ: Բաւարար լուսաբանութիւններ կան ծնողաց մասին, իր ծննդեան նախախնամական պարագաներու եւ Յիսուսի՝ առաքելութեան համար իր խիզախ քարոզչութեանց մասին:
Մեր սրբազան հայրապետները Աստուածայայտնութեան տօներէն անմիջապէս ետք, կարեւորութեան կարգով այնպէս կարգաւորած են, որ անիկա ըլլայ առաջին տօնը:
Հետեւաբար, 26 Յունուար, 2025-ին, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեանի կատարուեցաւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի ծննդեան նախատօնակը:
Տօնի առաւօտուն, 28 Յունուար, 2025-ին, ժամը 7-ին, Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցան Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութիւններ, ապա Աջակողմեան դասին մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննու Կարապետին անունը կրող Սուրբ Սեղանին վրայ պատարգեց եւ քարոզեց Հոգեշնորհ Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Շէրպէթճեան: