Ռուս-Ուքրաինական պատերազմի երկուքուկէս տարիներու ընթացքին արեւմտեան պետութիւնները ցարդ 380 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տուած են Ուքրանիոյ, որուն կողքին 118 միլիառի զինատեսակներ: Այսինքն 398 միլիառ տոլար օժանդակութիւն ստացած է Ուքրանիան, – (բացի նորագոյն խոստումներէն),- որ տակաւին կը պայքարի, մերթ-մերթ պաշտպանութենէն յարձակողականի անցնելով: Վստահ եմ, նոյնչափ մըն ալ Ռուսիան ծախսած է, որովհետեւ ցարդ կողմերէն ոչ մէկը յաղթած կամ պարտուած է, կը նշանակէ հաւասար են ոյժերը, իսկ պատերազմը կը շարունակուի: Երկու երկիրները 996.000.000.000 (համարեա՛ մէկ թրիլիոն տոլար) թափած են այս պատերազմին մէջ: Այո՛, թափա՛ծ են, ինչպէս թափած են նաեւ հարիւրհազարաւոր մարդկային կեանքեր, ինչպէս նաեւ քաղաքներ ու բնակավայրեր քարուքանդ դարձուցած են:
Հիմա Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր»-ի աւարտին տրուած հարցումին նման մենք ալ ըսենք՝ եւ այս բոլորը ինչո՞ւ համար: Արեւմուտքի յառաջխաղացքը դէպի Արեւելք զսպելո՞ւ համար, Արեւելքի նախկին համակիրները Նաթօ-ի սայլին կապելո՞ւ համար:
Որքան ալ փորձենք նոր ու տարբեր պատճառաբանութիւններ մէջտեղ նետել, իրականութենէն բան չի փոխուիր, իմա՝ յանուն աշխարհատիրութեան:
Միամտօրէն սկսինք մտածել, թէ ռուս-ուքրաինական, Իսրայէլ-պաղեստինեան, առաւել «Հըզպալլա», Սուտանի երկփեղկուած բանակին, Եմէն եւ Հութիներուն պատերազմներուն ու բախումներուն համար թափուած միլիառավոր տոլարներով աշխարհի վրայ քանի՞ միլիոն անօթի մարդիկ ուտելիք կ՛ունենային, քանի՞ միլիոն անօթեւան մարդիկ տուն կ՛ունենային, քանի՞ միլիոն հիւանդ ու վիրաւոր բուժում կը ստանային, քանի՞ դպրոց ու գործատեղի կը կառուցուէր եւ քանի՞ միլիոն մարդ կը փրկուէր ու կ՛ապրէր:
Ըսածներս երեւակայական, անիրագործելի բաներ չեն, սակայն մարդասիրական գործօնէն աւելի կարեւոր՝ կայ ծաւալապաշտական ու աշխարհատիրական գործօնը: Այս մասին որու որ ըսես, համաձայն կ՛ըլլայ, բայց իրականութենէն բան չի փոխուիր:
Ամէն օր աշխարհի մէջ այնքան դրական, գօտեպնդիչ նորութիւններ կան, գիտական-ճարտարագիտական, արուեստներու, արհեստներու եւ այլ ոլորտներու մէջ, մարդու կեանքը բարելաւող, մարդու կեանքը երկարող, հիւանդութիւններու դէմ պայքարող, ու այդ նորութիւնները գնահատող, մրցանակներ շնորհող կազմակերպութիւններ, որոնց ի լուր եւ ի տես՝ մարդիկ լաւատեսութեւմբ կը լեցուին եւ, միւս կողմէ՝ պատերազմ, աւեր ու աւար, անհաշիւ զոհեր, անհաշիւ փլատակներ, անդամազրկուած ընտանիքներ ու սգաւորներու բանակներ, որ մարդ կը շուարի, թէ որո՞ւ հաւատայ, բարիի՞ն, թէ՞ չարին. անշո՛ւշտ բարիին, պիտի ըսէք, տրամաբանութիւնը ա՛յդ կը թելադրէ, սակայն, չես հասկնար՝ ինչո՞ւ բարին չի տիրապետեր:
Մէկ կողմէն խաղաղութեան, գրական, գիտական նուաճումներու համար Նոպէլեան մրցանակներ կը շնորհեն, միւս կողմէ զինատեսակներ արտադրող գործարանները անդուլ-անդադար, օր ու գիշեր կ՛աշխատին զանազան երկիրներու զէնքի պահանջները գոհացնելու համար. պետութիւնները հերթի կանգնած են, կ՛ուզեն օր առաջ համալրել իրենց բանակները ամենաարդիական, ամենամահասփիւռ զէնքերով, իսկ զէնքի պահանջքն ալ՝ սովորական դարձած պատճառաբանութեամբ՝ «Խաղաղութի՞ւն կ՛ուզես, զէնք պիտի ունենաս»ն է, սակայն եթէ բոլոր երկիրները իսկապէս խաղաղասէր են, կը նշանակէ վտանգ չկայ եւ զէնքի անհրաժեշտութիւն չկայ: Կ՛ըլլա՞յ այդպիսի բան, չ ըլլար, մեծ երկիրներու հետ յարաբերութիւն մշակելու համար, պարտադիր, անոնցմէ զէնք ալ պէտք է գնես: Ամէն տարի նոր ու արդիականցուած զէնք, նո՛րն ալ պիտի գնես ու կուտակես, է՞, վերջը՞, ե՞րբ պիտի գործածես այդ զէնքերը… Մի՛ մտահոգուիր, զէնքին հետ զանոնք գործածելու առիթ ալ կը ստեղծեն, հապա ի՞նչ կ՛ընեն այդ երկիրներուն գաղտնի սպասարկութիւնները, ապահովական ծառայութիւններու անմեղ անուան տակ:
Ինչ որ է, շատ չխորանանք, մաղթենք, որ մարդկութիւնը օր մը անդրադառնայ այս գահավէժ անկումին ու նոր զարթօնք մը ապրի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԵԼԵԱՆ