Օրեր են անցեր, բայց ես տակաւին Տաւուշի գիւղերու բնակիչներու դէմքերուն արտայայտութիւնը չեմ կրնար ջնջել մտապատկերէս, երբ անոնք մտիկ կ՛ընէին վարչապետին բացատրութեան, անոր ձեռքի Հայաստանի մետաղեայ քարտէսը դիտելով: Այդ խոժոռ դէմքերէն թոյն կը կաթէր, երբ անոնք կը հասկնային վարչապետին համոզիչ խօսքերուն տակ թաքնուած վտանգալից գոյժը, թէ յանուն խաղաղութեան պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձնել այն, ինչ որ իրենց կը պատկանի, մեզի տրուելիքին դիմաց:
Այդ սրահին մէջ հաւաքուածներուն իւրաքանչիւրը նման էր լարուած ռումբի, որեւէ վայրկեան պայթելու պատրաստ:
Թէ քանի՞ ոստիկան կար սրահին մէջ որեւէ ոտնձգութեան առաջքը առնելու, չեմ գիտեր, սակայն Երեւանի քաղաքացին կրնայ պատկերացնել, քանի որ կրկնուող երեւոյթ է հսկայ թիւով ոստիկան պահակներու ներկայութիւնը բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր որեւէ խլրտում կրնայ պատահիլ:
Անմիջապէս յիշեցի երեւանաբնակ հալեպահայ այն վարձակալները, որոնք իրենց տանտէրերէն ազդարարութիւն ստացան բնակարաննին պարպելու, զանոնք ռուս եկուորներուն կրկնակի գինով վարձու տալու համար: Հոն՝ վարձուած բնակարան մը պիտի յանձնէին, ու նեղ կացութեան պիտի մատնուէին յարմար գինով ուրիշ բնակարան մը գտնելու տաղտուկին պատճառով: Այստեղ՝ հարցը ուրիշ էր, մարդոց յիշողութեան մէջ դեռ թարմ էր Արցախի բնակիչներուն տնաւէր ըլլալն ու գաղթականի վիճակով Հայաստանի կառավարութեան ողորմութեան ապաւինիլը:
Ես չեմ գիտեր, թէ այդ գիւղերուն ազերի բնակիչները Ատրպէյճանի՞ քաղաքացիներ էին, թէ՞ Հայաստանի: Սովետական շրջանին ամբողջ Սովետական Միութեան տարածքը իր 15 հանրապետութիւններով եւ ինքնավար անհաշիւ մարզերով բոլորին հայրենիքն էր, որպէս մէկ վարչատարածք. ով ուր ուզէր, կրնար ապրիլ, խառն էին բնակիչները, բայց մէկ հայրենիքի զաւակներ՝ մէկ եւ միատեսակ անձնագրով: Թէեւ այդպէս էր գործնապէս, սակայն իրարամերժ ազգութիւններու ալ ներքին հարցերը անպակաս էին. գունաւորը, գունաւոր՝ սակայն համատարած կարմիրը՝ գոյներու թագաւոր:
Շատեր կ՛ըսեն տարատեսակ բնակիչները դրացնութիւն կ՛ընէին, իրարու հետ հաշտ ու խաղաղ կ՛ապրէին, գոնէ երեւութապէս: Ոսպն ու բրինձը իրարու հետ կը խառնես ու համեղ ապուր մը կը պատրաստես, սակայն ոսպը ոսպ կը մնայ, բրինձն ալ՝ բրինձ:
Գանք մեր տալիքին ու փոխարէնը՝ առնելիքին. մենք տարածքներ պիտի զիջինք, իսկ փոխարէնը «խաղաղութիւն» կոչուած վերացական բան մը պիտի ստանանք: Այս ի՞նչ տեսակ առեւտուր է, ասիկա միայն «տո՛ւր» է. արդէն վաղուց ներխուժուած տարածքներ, ապա ամբողջ Արցախ մը ու տակաւին Տաւուշի չորս գիւղեր: Այս բոլորին վրայ ալ Ալիեւի արհամարհալից խօսքերը, սպառնալիքները…
Եթէ գրաւուած եւ գրաւուելիք գիւղերը ժամանակին ազերիներով բնակեցուած էին եւ այդ պատճառով ալ ազերիական հողեր կը նկատուէին Ատրպէյճանի կողմէ, ուրեմն մեր Արցախն ալ, իմա՝ Լեռնային Ղարաբաղը, ՄԵ՛ՐՆ է, քանի դարերով հայերով բնակեցուած է: Ինչո՞ւ երկու չափ-երկու կշիռ պէտք է ըլլայ:
Ես այս «խաղաղութեան գործընթացը» շատ չհաւնեցայ: Իսկական խաղաղութիւն կ՛ըլլայ երկու կողմերուն փափաքով ու համաձայնութեամբ. Մեր կողմէ այդ փափաքը այնքան չափազանցուած է, որ մուրացկանութեան կը նմանի, մինչդեռ Ատրպէյճանի կողմէ այդպիսի բան չ երեւիր, եղածն ալ միջազգային ճնշում գործածողներուն աչքին փոշի փչելու պէս բան մըն է: Թրքերէն լաւ ասոյթ մը կայ՝ «Սէն սալլա պաշընը, պէն պիլիրիմ իշիմի», որ թարգմանի՝ «Դուն գլուխդ շարժէ, ես գիտեմ ընելիքս»… Ալիեւը միտքէն կ՛ըսէ՝ գլխու շարժումով այո ըսենք, մէյ մը սա խաղաղութիւն կոչուածը թող վաւերացուի ու սահմանները բացուին, յետոյ ես գիտեմ ընելիքս:
«Ազգ»ի նախորդ համարին մէջ վերլուծական մը կարդացի Մարիետա Խաչատրեանի կողմէ՝ Ատրպէյճանի ռազմական ոյժին մասին, լուրջ այդ յօդուածը ցոյց կու տար, որ Ատրպէյճանը այնքան ալ հզօր չէ եւ մեր ռազմական կարողութիւնները այնքան ալ պակաս չեն որ սարսափինք, ուրեմն, քիչ մը գլուխ չբարձրացնե՞նք, հերիք չէ՞ խոնարհուած մնանք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ