ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ, Ֆրանսա
Մտածումներս, օրին, խմբած էի հատորի մը մէջՙ «ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՀՕՏԸ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» խորագրով: Նոր տագնապներ կը մղեն զիս կրկին արտայայտուելու: Միշտ հաւատացած եմ Հայաստանեայց եկեղեցիի պատմական եւ ազգաշէն առաքելութեան, երէկ, նաեւՙ այսօր: Այդ առաքելութեան հաւատացած է եւ կը հաւատայ ժողովուրդը, որ ԷԿԼԵԶԻԱ-ն է, ան է ԵԿԵՂԵՑԻՆ, բառին ստուգաբանական իմաստով:
Մեր ժողովուրդի պարագային, եկեղեցին ընդելուզուած է մեր կեանքին: Աշխարհի մէջ խօսուած ժողովրդավարական ճառերէն շատ առաջ, հայ հաւատացեալները տէր եղած են իրենց եկեղեցիին, կառուցած են զանոնք, բայց մասնակցած են, երբ հիմնական ընտրութիւններու առջեւ կանգնած է ան: Այլ խօսքով, ԷԿԼԵԶԻԱ-ն, ժողովուրդը, աշխարհականներ ներկայ եղած են հաւատքի եւ հաւատամքի ընտրանքներու որոշման կայացման: Պատմութիւնը լաւ ուսուցիչ է:
Յաճախ կը մոռնանք, որ Հայաստանեայց եկեղեցին ԿՂԵՐԱՊԵՏԱԿԱՆ չէ: Այս յիշեցումը եւ ըմբռնումը կարեւոր է, ընկերութիւններու հոլովոյթին եւ ազատութիւններու տիեզերական զարգացման ընթացքին մէջ: Եկեղեցականները, քահանայէն մինչեւ կաթողիկոս, պաշտօնի կը կոչուին ժողովներու կողմէ, ուր աշխարհականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, կը նշանակէ որ անոնք իրենց գործունէութեան համար հաշուետու են ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատգամաւորներու առջեւ: Այսինքն, եկեղեցականը տէրը չէ եկեղեցիին, ունենալով հանդերձ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ: Այլ խօսքով, եկեղեցիի աշխարհիկ մարզը կը ղեկավարուի (կամ պէտք է ղեկավարուի) աշխարհականներով, որոնք կը կազմեն ԵԿԵՂԵՑԻՆ, եւ հոգեւորականները կը սպասարկեն: Այս ձեւով կը կազմուի Հայ առաքելական եկեղեցիի համայնքը:
(Կաթողիկէ եկեղեցին կղերապետական է, այսինքն կղերն է տէրը հոգեւոր եւ աշխարհիկ մարզերուն միաժամանակ:)
Դժբախտաբար, դարերու ընթացքին, նոյն այդ մեր ԷԿԼԵԶԻԱն ենթարկուած է ցնցումներու: Ան յաճախ զիջած է կրօնականներու եւ աշխարհական ջոջերու փառասիրութեան առջեւ, վերածուած է «ընտրանի»ի շրջանակի: Ամէնէն յատկանշական օրինակը հետեւեալն է. Ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովին համար համայնքը, օրինակ Ֆրանսայի համայնքը, 25.000 հոգիի դիմաց կընտրէ մէկ պատգամաւոր: Ոչ մէկ տեղ այդ 25.000-ը չէ հրաւիրուած ընտրելու զինք ներկայացնող պատգամաւորը: Ոչ ոք իրապէս ցանկացած է այս անհեթեթ կացութիւնը սրբագրել:
Անշուշտ պատասխանատու է նոյն այդ ԷԿԼԵԶԻԱ-ն, ժողովուրդը, որ աստիճանաբար հեռացած է իր եկեղեցիէն, բախտաւոր պարագային անկէ ակնկալելով ծիսական բաժինը միայնՙ մկրտութիւն, ամուսնութիւն եւ թաղում: Պէտք է խօսիլ նաեւ քաղաքական-գաղափարաբանական ազդեցութիւններու մասին, անոնք քանդիչ բնոյթ ունեցած են եւ ունին, օրինակ, երբ ղեկավարութիւն խաղցող անձը ամբարտաւանութեամբ կը յայտարարէ, թէ «ի՞նչ գործ ունինք եկեղեցիին հետ», ֆրանսերէնով աւելի արհամարհական է խօսքը (quest-ce quon foutre de le՛glise), կամ երբ եկեղեցին գործածուած է որպէս քաղաքական-քարոզչական միջոց, միաժամանակ յայտարարելով «անաստուածութիւն» եւ այդ ուսուցանելով սովետներու երկրին մէջ: Համակարգՙ որմէ եօթանսուն տարուան տիրապետութենէ ետք դուրս եկաւ Հայաստանը:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք երկրին եւ սփիւռքներու մէջ նոր կացութիւն ստեղծուած է:
Յոռեգոյն խուլերը անոնք են. որոնք չեն ուզեր լսել:
Յիշեցում մը:
1989-ին, Հայաստան դեռ խորհրդային էր, Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի հանգամանքով Փարիզ կը գտնուէր Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ խիստ նշանակալից եւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրաւ բեմէն, ըսելովՙ որ վաղը սփիւռքի մէջ մենք կը նշանակենք մեր ներկայացուցիչները եւ անոնց միջոցով կը կառավարենք սփիւռքը… Եթէ տարրական առարկայական վերաբերումը ունինք ներկայ կացութեան նկատմամբ, պիտի նկատենք, որ ազգային-համայնքային-միութենական-կուսակցական-եկեղեցական բոլոր մարզերուն մէջ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ուղեգիծը կը գործադրուի, մեր անտարբերութեամբ եւ կամ մեղսակցութեամբ: Գովասանքի եւ շքանշաններու ծարաւ ունեցող մեծեր ու պզտիկներ քայլ կը պահեն, եւ սփիւռքը աստիճանաբար փուլ կու գայ, կը դառնայ անինքնութիւն հաւաքականութիւն մը, որուն համար սահմանուած գործունէութիւնը միայն նիւթական մատակարարումն է, եւ այդ ընելու համար մարդիկ եւ միութիւններ կը մրցին եւ ըստ այնմ… կարժեւորուին: Ծանօթ է իրողութիւնը:
Այլ խօսքով, հայրենահանուածներու հայկական բռնագրաւուած հայրենիքի իրաւատէր սփիւռքի հայկական նկարագրով պահպանումը աստիճանաբար կը դադրի մտահոգութիւն ըլլալէ: Այդ պահպանումը կրնա՞յ կատարուիլ հայրենալքման հետեւանքով անհարկի կերպով աճող սփիւռքով:
Միշտ կը յիշեմ, եւ կը յիշեցնեմ, որ Պղատոն Սոկրատի ըսել կու տար որ «հարցումները աւելի կարեւոր են, քան անոնց տրուած պատասխանները»:
ԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ, ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԵՒ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓՍԻՔՈՏՌԱՄՆԵՐ (PSYCHODRAMES)
Այս ենթահողի վրայ կը ծագին նաեւ այլ խնդիրներ, որոնք կը բարդանան, երբ նկատի չեն առնուիր ժամանակը, ընկերամշակութային փոփոխութիւնները, տարբերութիւնները եւ ակնկալութիւնները, որոնց կը փորձենք լուծումներ գտնել աւանդութիւններու եւ հանգամանաւորական իրաւունքներու կառչելով:
Հայաստանեայց եկեղեցիի «մէկութիւն»ը պէտք է պահպանել, թէեւ յոռեգոյն տարակարծութիւններու եւ վէճերու ընթացքին ան կասկածի առարկայ չէ եղած: Այսինքն, դաւանական (իմա՛ աստուածաբանական) խնդիրներ չկային եւ չկան, օրինակ, Էջմիածին-Անթիլիաս անհասկացողութիւններուն մէջ: Այս իրողութիւնը բաւարար չափով չէ ըսուած, որպէսզի էկլեզիան, սեղմ շրջանակէ դուրս եղող ժողովուրդը գիտնայ: Բայց եղած են եւ կան կազմակերպական-վարչական (իմա՛ իրաւասութեան) խնդիրներ, որոնք կրնան լուծուիլ ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերման ձգտելով, այլ զարգացնելով յաւելեալ պարտաւորութեան գիտակցութիւն, առանց դիմելու տապարի հարուածներով մաքրագործումներու, ինչպէս այդ կըլլար պատմութիւն դարձած խորհրդային դրախտին մէջ, եթէ յիշողութիւնները թարմացնենք: Այսօր ալ տասնեակներով եկեղեցականներ կարգաթող կամ կարգալոյծ կըլլան: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Այժմ, ժողովրդավարական ըմբռնումներու հետ քայլ պահելով, ընտրական, կազմակերպական, վարչական եւ նշանակումներու պարագային, անհրաժեշտ է միամտութիւններէ հրաժարիլ եւ թոյլ տալ, որ ապակեդրոնացման եւ ինքնակառավարման սկզբունքները գործեն, թեմը, ընդհանրապէս թեմերը, նախաձեռնեն եւ գործեն, յարգելով սկզբունքներ, օրէնքներ եւ ընկերային-քաղաքակրթական եւ մշակութային տարբերութիւններ եւ ինքնութիւններ, ստեղծելով միութիւն փոխըմբռնման եւ փոխադարձ հասկացողութեան գետնի վրայ, առանց տապարի հարուածներու, diktat-ներու, որոնք, վերջին հաշուով, կառուցողական չեն:
Ստեղծուած անհաճոյ դրութիւնը դարմանելու համար տեսանկիւն եւ վարուելակերպ պէտք է փոխել:
Յաւելեալ պարտաւորութիւնՙ ազգային ծառայութեան համար, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքՙ շահախնդրութիւններով, փառասիրութեան եւ իշխանատենչութեան համար: Այս իմաստութիւնը եթէ գերակշիռ ըլլայ, «խնդիրներ»ը կը լուծուին: Բայց այդ ընելու համար, օրէնքի կողքին անհրաժեշտ են իրաւ ղեկավարումը, ոչ թէ պարտադրուած, այլ եսերէն անդին ճառագայթող իրաւ հեղինակութիւնը: Այսՙ ընդհանրապէս, ոչ միայն եկեղեցիի պարագային, որուն ապրած ցնցումները այսօր կը մղեն մտածելու:
Տարիներէ ի վեր «խնդիրներ» կան թեմերու մէջ: Անոնք կան մեր պատմութենէն անկախ, մեր ժողովուրդի ապրած երկիրներու օրէնքներու, բարքերու եւ արժէքներու ազդեցութեան հետեւանքով: Իրողութիւն է, եւ պէտք չէ զայն շրջանցել, Հայաստանեայց եկեղեցին, հակառակ ուղղակի եւ անուղղակի խորշակներու, պահած է իր հոգեւոր միութիւնը եւ կառոյցները, բայց զարգացած են կազմակերպական եւ մտայնութիւններու տարբերութիւններ: Արեւմուտքի մէջ, նոյնատեսակ օրէնքներ մշակուած են բոլոր կազմակերպութիւններու համար, նաեւՙ կրօնական: Օրինակ, Արեւմուտքի մէջ, նաեւ խորհրդային աշխարհի ու անոր փլուզման հետեւանքով ծնունդ առած հին-նոր երկիրներու մէջ, ամուսնութիւն, ամուսնալուծման դատ եւ որոշում աշխարհիկ օրէնքներու ենթակայ են, մինչ անոնք կը տնօրինուին կրօնական հաստատութիւններու կողմէՙ այլ երկիրներու մէջ: Այսպէս, Լիբանան, Սուրիա, այդ խնդիրները կրօնական հաստատութիւններու իրաւասութիւններուն մաս կը կազմեն: Հայաստանեայց եկեղեցին եւ համայնքը իրենք չեն ստեղծեր այդ երկիրներու օրէնքները եւ ստիպուած են պատշաճիլ:
Ֆրանսան յատկանշական պարագայ է: Եկեղեցական կազմակերպութիւն(ներ)ը ֆրանսական օրէնքով սահմանուած եւ գործող անջատ միութիւններ են: Հայկական եկեղեցիները կը պատկանին «միութիւններ»ու, զորս կը կոչեն «կրօնական ընկերակցութիւն»ներ: Անոնց կապը ցարդ կառուցային չէր, այլ սոսկ բարոյական: Առաջնորդ սրբազանը իրաւական հեղինակութիւն չունէր: Տարիներու աշխատանքէ ետք, Ֆրանսան կրօնական ընկերակցութիւնները ներառնելով, վերածուեցաւ ԹԵՄի, եւ ընկերակցութիւններըՙ ԾՈՒԽի, իրենց համապատասխան խորհուրդներով: Այս կառոյցով, կրօնական ընկերակցութիւնները անջատ եւ անկախ կազմակերպութիւններ չէին: Եւ կարելի կը դառնային վերահսկողութիւնները, կը սահմանափակուէին հանգամանքներու «ազատութիւններ»ը:
Ցարդ, այդ բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, ԹԵՄի ստեղծումը նախորդած ամբողջ ժամանակաշրջանին համար, իսկական գնահատման եւ հաշուեքննական առարկայական ուսումնասիրութիւն եւ գնահատում (audit) չեղաւ եւ չհրապարակուեցաւ, ինչ որ պատճառ էր, եւ է, քննադատութիւններու, որոնք երբեմն կը դառնան զրպարտութիւն, կամ պարզապէս բամբասանք, անկարելի դարձնելով ԹԵՄի կառավարումը: Աւելցնենք ԹԵՄ ըլլալու եւ ղեկավարելու փորձի պակասը տարբեր խորհուրդներու մէջ, նաեւ եկեղեցիի եւ ընդհանդրապէս պատմութեան տեղեկութիւնը, ինչ որ առիթ կու տայ ներսէն եւ դուրսէն «տիքթաթ»ներով գործելու ոճի, միջամտութիւններու, ուրկէ որ ալ գան անոնք, որոնք կը յանգեցնեն, ժողովուրդի եւ ժողովրդավարութեան հակակշռի բացակայութեանՙ կղերապետական ընթացքի, եւ անոր մերժումի պարագայինՙ տագնապի:
Այս պղտորութիւններու պատճառով, արեւմտեան սփիւռքը, մասնաւորաբար եւրոպական ցամաքամասի վրայ, Հայաստանեայց եկեղեցիի բաղկացուցիչ կառոյցները «խնդիրներ» ունին, ոչ-կրօնական բնոյթի պառակտումներ: Ժողովներ, անդադրում երթեւեկ, մերժումներ: Երբ հայոց եկեղեցի կայ, պառակտումներու ճնշման ներքեւ, կրօնական նոր համայնք կը ստեղծուի եւ ոչ-հայկական եկեղեցիին մէջ տեղի կունենան արարողութիւնները: «Փսիքոտռամ»ներՙ սկսած, տեւող: Անոնց վրայ կը գումարուին իրաւ կամ սխալ գայթակղութիւններ, երբ «ներքին» համարուած հարցերը լուծելու համար (օրինակՙ ընտրութիւն պետական-դատական հսկողութեամբ) կը դիմուի դատարան, կամ Ս. Էջմիածինէն ղրկուած եկեղեցական մը կամբաստանուի, կը դատապարտուի որպէս քրէական յանցաւոր եւ հսկողութեան ապարանջանով ստիպուած է ապրիլ: Ժողովրդական իմաստութիւնը կըսէՙ «առանց կրակի մուխ չըլլար», բայց ենթական կը պաշտպանուի եւ չի վերադառնար հոն ուրկէ եկած էր, յաւելեալ նիւթ մատակարարելով վէճերու եւ քննադատութիւններու:
Այս անփառունակ կացութիւնը պիտի շարունակուի, քիչ մը աւելի շեշտելով արեւմտեան աշխարհի կրօնքի հանդէպ անտարբերութիւնը, որմէ զերծ չեն մեր համայնքները, քիչ մը աւելի տկարացնելով սփիւռքի ներազգային հիւսկէնը:
Ո՞վ, ի՞նչ պիտի շահի եւ ո՞ւր հասցնելու համար հայ համայնքները:
Միշտ պէտք է կրկնել սոկրատեան իմաստութիւնը. «Հարցումները աւելի կարեւոր են, քան անոնց տրուած պատասխանները»…
ՊԱՅԹԻՒՆԱՎՏԱՆԳ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸՙ ՈՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՈՎ
Կացութիւնը այսպէս կրնար երկար տեւել, ներքնապէս փտեցնելով համայնքի ուժերը, եթէ հաւաքաբար դէմ յանդիման չգտնուէինք Նորվան արք. Զաքարեանի անսպասելի առաջնորդական պաշտօնէ հրաժարականին:
Այս հրաժարականը, ըստ ձեւի եւ ըստ խորքի, ընթացիկ ըսի-ըսաւներէ անդին, ԹԵՄի իւրաքանչիւր անդամը պէտք է մղէ մտածելու: Ոչ միայն պաշտօնի վրայ գտնուողները, այլ նաեւ ժողովուրդը, շարքային հայը, ան ծուխի մը անդամ ըլլայ թէ ոչ, այսինքն էկլեզիան, որ իսկական տէրն է եկեղեցիին:
Իմանալով սրբազանի հրապարակային ելոյթը, վերահասու եղայ, որ առաջնորդական պաշտօնէ իր հրաժարական գիրը ղրկուած էր Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին, մինչդեռ, ինք ընտրուած էր Ֆրանսայի թեմի պատգամաւորներուն կողմէ: Իսկ Կաթողիկոսական պատուիրակի պաշտօնէ հրաժարման գիրը բնական է որ ղրկուի Կաթողիկոսին:
Առաջնորդի եւ Կաթողիկոսական պատուիրակի հանգամանքները տարբեր են եւ եղած պէտք է որ ըլլային նաեւ անցեալին: Հռոմի սրբազան քահանայապետը, տարբեր երկիրներու մէջ, ունի իր պատուիրակները (Nonce Apostolique), ինչպէս Փարիզի մէջ, որ ունի իր Առաջնորդ արքեպիսկոպոսը, ինչպէս Լիոնը, Մարսիլիան եւ ուրիշ քաղաքներ:
Ինչպէ՞ս բացատրել եւ հասկնալ առաջնորդական պաշտօնէ հրաժարման գիրի ուղղակի Կաթողիկոսին ղրկուելու պարագան: Հրաժարական մը միշտ կունենայ իր դրդապատճառը: Կաթողիկոսը առաջնորդ սրբազանի հոգեւոր մեծաւորն է, բայց իր գործին եւ գործունէութեան պատասխանատուն Թեմական խորհուրդն է: Եթէ առաջնորդ սրբազանը, նման ծանրակշիռ որոշում ուզած է նախ հաղորդել իր մեծաւորին, կարդարանայ:
Արդ, Թեմական խորհուրդին կը մնայ քննել այս հրաժարման իսկական դրդապատճառները, ի հարկին յառաջացնելով յատուկ ՔՆՆՉԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ, հրապարակելով այդ քննութեան արդիւնքները: Նկատի ունենալով, որ այս հրաժարումը կրօնական բնոյթ չունի, ան պէտք է որ քննուի Թեմական խորհուրդին կողմէ, յետ քննութեան ընդունուի կամ մերժուի: Առաջնորդի մը իր պաշտօնէն հրաժարումը փակ շրջանակի մը չի վերաբերիր եւ զանգուածը իրաւունք ունի գիտնալու իսկական պատճառները: Այս պարզ հրապարակայնութեան եւ թափանցիկութեան խնդիր է, եւ յարգանքՙ Թեմական խորհուրդին եւ առաջնորդին վստահութիւն տուած ժողովուրդին նկատմամբ:
Առաջնորդ սրբազանը, իր տարբեր ելոյթներու ընթացքին, սրտի ցաւով խօսեցաւ այն բազմաթիւ պատճառներուն մասին, որոնք զինք մղած են հրաժարելու: Կը խորհիմ, որ Թեմական խորհուրդը, ի հարկին առաջարկուած քննիչ մարմինը, պէտք է լսէ սրբազանը եւ հրապարակէ այդ լսումներու արդիւնքները: Ժողովուրդը գիտնալու իրաւունք ունի, քանի որ ան է ի վերջոյ իսկական դատաւորը:
Մամուլի մէջ լոյս տեսած տեղեկութիւններէն ի յայտ կու գայ (տե՛ս Նոր Յառաջ), որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին «պաշտպանեալ»ն է վերեւ նշուած եւ դատարանի հետ խնդիրներ ունեցող եկեղեցականը: Կըսուի, նոյն թերթին մէջ, որ խնդրայարոյց եկեղեցականի պարագան խոր տարակարծութեան պատճառ է Կաթողիկոսին եւ Առաջնորդին միջեւ: Աւելին, Առաջնորդը, արքեպիսկոպոս մը, տեւաբար քննադատութեան եւ արհամարհանքի թիրախ եղած է իր հոգեւոր պետին կողմէ, այնքանՙ որ կացութիւնը հալածանքի բնոյթ ստացած է: Յառաջադէմ երկիրներու մէջ, աշխատավայրի մէջ բանաւոր հալածանքը յատուկ բնորոշում ունի, կըսենՙ harclement, եւ ան օրէնքով դատապարտելի է: Թեմական խորհուրդին պարտականութիւնն է այս խնդրին յստակացումը, յանուն արդարութեան, առանց իրականութիւնները ջնարակելու, յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան:
Առաջնորդ սրբազանը հեզահամբոյր մտաւորական մըն է, որուն նախաձեռնութիւնները պատմական նշանակութիւն ունին Ֆրանսայի մէջ: Ան է որ Լիոնի Institut catholique-ի մէջ ստեղծեց հայկական աստուածաբանական կաճառ: Պէտք չէ մոռնալ, որ հակառակ թերահաւատութիւններու, ինք եղաւ ստեղծողը Լիոնի հայկական վարժարանին: Այժմ, ոգի ի բռին կաշխատի Ալֆորվիլի հայկական դպրոցի կառուցման, նոյնիսկ եթէ անդուռ բերաններ արհամարհանքով զինք «իտէալիստ» համարեն, ինչպէս ուրիշներ, նման պարագայի մը կըսէին «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած» (un coup dռpռe dans leau):
Առաջնորդ սրբազանը հրաժարած է: Կըսէ, որ իր որոշումը անդառնալի է: Թէեւ անգլիացին կըսէ, որ «երբեք պէտք չէ ըսել երբեք» (never say never):
Ստեղծուած կացութիւնը առիթ պէտք է ըլլայ թեմական մարմիններու կատարեալ ինքնավարութիւնը վերհաստատելու եւ գործնականացնելու մեր եկեղեցիի բազմադարեան աւանդութիւնը, որ եկեղեցականը կը սպասարկէ եւ ինչ կը վերաբերի կազմակերպական հարցերու, զանոնք կը յանձանձեն աշխարհականները, այսինքնՙ թեմական խորհուրդները:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՙ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գտնուելով դէմ առ դէմ ներկայ կացութեան, Թեմական խորհուրդը մեծ պատասխանատուութիւն ունի զինք ընտրող էկլեզիային եւ պատմութեան առջեւ, որպէսզի բարձրաստիճան եւ բարի համբաւ ունեցող եկեղեցական մը ինչ-ինչ հաշիւներու նոխազ չըլլայ:
Առաջին հերթին, առանձին կամ բանիմաց եւ սրտցաւ ազգայիններու անմիջական գործակցութեամբ, աննախընթաց եւ բացասական հետեւանքներով յղի ազգային տեսանկիւնէ սպառնական կացութիւնը պէտք է որ վնասազերծէ, ստանձնելով կացութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ անկախ նախձեռնութիւններու դիմելով:
Կիսամիջոցներով չբաւարարուող ղեկավարութիւն պէտք է:
Նաեւ, էական է, լայնածիր լուսաբանական հանդիպումներ կազմակերպել թեմի բոլոր ծուխերուն մէջ, երթալով դէպի համայնքները, հաստատելով իրաւ երկխօսութիւն հաւասարներու միջեւ:
Առաջին հերթին կոչ պէտք է ընել խորապէս վիրաւորուած հեզ եւ հանդարտաբարոյ եկեղեցականի հասկացողութեան եւ համագործակցութեան, յետս կոչել տալով առաջնորդական պաշտօնէ անոր հրաժարականը: Թեմական խորհուրդը միաժամանակ պարտի երաշխաւորել Առաջնորդ սրբազանի վարկն ու հեղինակութիւնը, առանց որոնց ան կը դառնայ բարոյազրկուած ոմն, չի կրնար գործել:
Ապա, Ս. Էջմիածինի հետ սրտբաց եւ կառուցողական բնոյթով զրոյց պէտք է ունենալ, Թեմական խորհուրդի կողքին բանիմաց ազգայիններով, կարելի դարձնելու համար թեմի լիակատար ինքնակառավարումը, միջամտութիւնները սահմանափակելով, զանոնք հասցնելու համար նուազագոյնի:
Թեմին մէջ գործելու կոչուած եկեղեցականներու ընտրութիւնը կը կատարէ Թեմական խորհուրդը, առաջնորդ սրբազանին հետ, սահմանելով նախապայմաններ: Այդ նախապայմաններուն մէջ, պատրաստութեան կողքին, նկատի կառնուին համայնքի իւրայատկութիւնները: Այսպէս, պաշտօնի կոչուող եկեղեցականը պարտի տիրապետել արեւմտահայերէնի, զայն օգտագործել հօտին հետ հաղորդակցութեան բոլոր մակարդակներուն: Հրաւիրուող եկեղեցականներուն հետ կը կնքուի տեւողութեան համաձայնագիր, փորձի ժամանակաշրջանի մը համար, մէկ կամ երկու տարուան, որուն աւարտին կը կնքուի նոր համաձայնագիր, ըստ գնահատումներու:
Թեմին հետ համաձայնագիր կնքած եկեղեցականները ամբողջական կերպով ենթակայ կըլլան Թեմական խորհուրդին եւ առաջնորդին, կը հետեւին անոնց տնօրինումներուն:
Որպէսզի կարելի ըլլայ ունենալ եկեղեցիի եւ հօտի համար քաղաքակրթական-մշակութային նոյն աւազանէն եկող սպասաւորներ, լուսաբանական աշխատանքով կոչ կըլլայ կոչումներու, ամուսնացեալ եւ կուսակրօն քահանայութեան թեկնածուներու, որոնց պատրաստութեամբ կը զբաղի թեմը, զանոնք ապա ղրկելով Ս. Էջմիածին, Երուսաղէմ, կամ այլուր, կատարելագործելու համար իրենց գիտելիքները:
Թեմական խորհուրդի աշխատանքները դիւրացնելու, անոնց թափ տալու եւ առաջնորդ սրբազանին օժանդակելու համար, առաջնորդարանը հարկ է օժտել ձեռնհաս դիւանապետով մը, գործադիր, եւ ի հարկին ծրագրող:
Թեմական խորհուրդը, Առաջնորդ սրբազանին հետ, կը մշակէ անմիջական, մօտաւոր եւ հեռաւոր ապագայի ծրագիրներ (կրօնական դաստիարակութեան, դպրոցներու, եկեղեցաշինութեան), ուժականութիւն տալու համար Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ անոր համայնքներուն:
Այս եւ այլ աշխատանքներու համար հարկ է լսել ժողովուրդը, յաղթահարել անոր անտարբերութիւնը եւ ուժականութիւն տալ համայնքներուն:
Առաջնորդ սրբազանին իր պաշտօններէն հրաժարման գիրը պիտի կարենա՞նք վերածել արթնութեան թափի, թէ՞ երեւոյթը պիտի մնայ դիպուածի մակարդակին եւ պիտի շարունակենք մահաքունի տանող լճացումը: Այս ալ հարցում էր:
Չի բաւեր եկեղեցիին բակը, կիրակիի պատարագէն ետք քանի մը սրտցաւ խօսքեր փոխանակել: Ազգը եւ եկեղեցին աւելիին կարիքը ունին, նաեւ շաբթուան միւս օրերուն, առանց բաւարարուելու բան չնշանակող կարգախօսներով եւ եսերու բաւարարութիւն տուող դատարկ հանգամանքներով, հրաւէրներով, լամբակին կախուած շքանշաններով:
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ մեր վաղը այսօրուընէ աւելի լաւ ըլլայ: Միշտ կրկնելով, որ Հայոց եկեղեցին ազգային հիմնական եւ հիմնարար կառոյց եղած է եւ է:
(կրճատումներով)