Հիմա, որ արդէն գրեթէ ամիս մը անցաւ Արցախի յանձնումէն, կրնանք աւելի հանդարտ մտածել, փորձել հասկնալ պատահածը, ի մի բերելով անոր մասնիկներն ու տրամաբանական եզրակացութեան մը հանգիլ: Անձնատուութեան այդ 24 ժամերը կարելի է մրցանշային համարել, ուր այնքան անպատասխան մնացած հարցեր ու հարցումներ կան, որոնց մեկնաբանութիւնը պահանջք է համայն հայութեան կողմէ:
9 բալանոց երկրաշարժի մը ցնցումին չափ ցնցում յառաջացուց եղածը: Արցախ-Արցախ պոռացինք, երգեցինք, պատմեցինք, սորվեցուցինք մեր փոքրիկներուն, բացինք անոր պատմութեան էջերն ու հպարտութեամբ լեցուցինք հայոց սրտերը աշխարհի չորս ծագերուն: Եւ ի՞նչ պատահեցաւ. մէկ վայրկեանի մէջ փուլ եկաւ այդ ամէնը, որ կառուցած էինք սիրով, հպարտութեամբ, քրտինքով եւ արիւնով. փուլ եկաւ այնպէս, ինչպէս ամենափոքր հպումիվ փուլ կու գայ խաղաքարտերով զգուշութեամբ ու դժուարութեամբ կառուցուած տնակը:
Հապճեպ նախագահ փոխուեցաւ, ըսինք` յանձնել ուզողը գնաց, յոյսը դրինք նորին վրայ եւ ափ ի բերան մնացինք, երբ երկու շաբաթ հազիւ անցած, շատ արագ որոշուեցաւ,-կամ նախօրօք որոշուածը գործի դրուեցաւ,- լքել Արցախն ու լուծարել պետականութիւնն ու կառավարութիւնը, յանձնել զէնք ու զինամթերք ու հեռանալ…
Յարձակման առաջին օրը մեր զոհերուն չափ սպաննուած ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանը, եթէ անշուշտ իրական է հաղորդուած լուրը: Թշնամիին անչափելի զինատեսակներով, մեր սահմանափակ զէնքերով դիմադրութիւնը այսպիսի արդիւնք արձանագրելէ ետք, ալ ինչո՞ւ վախնալ եւ անմիջապէս զէնքերը վար դնել: Պէտք չէ՞ր թոյլ տայինք որ շարունակուէր կռիւը, յուսալով որ Հայաստանն ալ ճակատ կը բանայ, գուցէ կը բացուէր Բերձորի անցքը, ապահովութիւն փնտռողները կ՛անցնէին այդ անցքէն, կ՛երթային, մնացողներն ալ կը կռուէին մինչեւ վերջ:
Խելքս տեղ չ՛ըներ, չեմ հասկնար, այսքան արագ, ինչպէս կ՛ըսեն ափալ-թափալ պարպել Արցախը: Արդեօք բնակչութեան կեանքի ապահովութեան գի՞նն էր ասիկա, հապա՞ ղեկավարները, նախկին նախագահները… Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր բնակչութեան հեռանալէն ետք անոնք մնային կառավարական պալատին մէջ, զէնք ի ձեռին կռուէին ու պատուով նահատակուէին, փոխանակ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ ստրկանալու: Արդեօք այս մարդոց համար յատուկ համաձայնութիւ՞ն կայ, որ եղածը ձեւական է ու ժամանակ մը վերջ ազատ պիտի արձակուին: Եթէ ոչ մէկ խոստում տրուած է, կամ համաձայնութիւն գոյացած, ապա ուրեմն այս մարդիկը վախկոտ են եւ ըրածնին պատիւ չի բերեր Արցախին:
Իրենց մասին ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն, ե՞րբ պիտի դատուին, պաշտպան փաստաբաններ աշխարհի զանազան հայագաղութներէն պիտի չերթա՞ն պաշտպանելու զիրենք:
Դարձեալ պիտի օրինակ բերեմ պաղեստինցիները, 5000-է աւելի զոհ, անոնց 2000-ը երեխաներ, 15000 վիրաւորեալներ, կենսական միջոցներէ զրկուած, դեռ կը կռուին ու նպատակ չունին ծունկի գալու: Անոնք իրենց նահատակները ուրախութեան կանչերով կը յուղարկաւորեն, իսկ մե՞նք: Ու կը տարուիս մտածելու, թէ մեր պատմութեան հերոսական էջերը անկեղծօրէ՞ն գրուած են, թէ՞ ուռեցուած են:
«Հողը տուողը, հողին կու տանք» ըսողները ո՞ւր են, մեր նեմեսիսները ո՞ւր են, Արցախը քանի մը ֆէտայական սխրագործութիւններո՞ւ ալ արժանի չէր, որ քիչ մը կռնակնիս ուղղէինք:
Դարձեալ գացինք, ինկանք նոյն եւրոպական ծուղակը. Խոստումներ, խոստումներ, դատապարտումներ, ժողովներ, համագումարներ ամենաազդեցիկ ատեաններու մէջ, սակայն՝ «ձայն բարբարոյ յանապատի»:
Համաս-Իսրայէլեան պատերազմէն քանի մը օր ետք, ամերիկեան ռազմանաւերը, օդանաւակիրները հասան Միջերկրականի արեւելեան ափերը, օգնելը ասանկ կ՛ըլլայ, ոչ թէ խօսքով: Մեր «բարեկամները» վարպետ են խոստումներ տալու մէջ: Կրնային, բանալ թող տային Լաչինի անցքը, կեցնել թող տային շրջափակումը, հասցնել տային մարդասիրական օգնութիւնները, թող չտային որ սգաւոր դառնան Արցախցի մայրերը, ոչ թէ ամէն ինչ վերջանալէ ետք, թաշկինակներ ուղարկէին որ աչքերնին չորցնեն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ