Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեց .- «Արմինիըն Ռիվիու»ի խմբագրութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է պարբերաթերթին նորագոյն թիւը (2013ի գարուն-ամառ), միաժամանակ աւելցնելով, որ թերթին նոր օգնական խմբագիր նշանակուած է Դալար Շահինեանը:
Նորագոյն թիւի առաջին յօդուածին հեղինակն է Ալպեր Ստեփանեանը, որ վերաքննութեան կ՛ենթարկէ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը» գործէն որոշ հատուածներՙ զանոնք բաղդատելով յունական եւ հայկական այլ աղբիւրներու հետ:
Երկրորդՙ Ռուբէն Շուգարեանին պատկանող յօդուածը, կառնչուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող ջանքերուն եւ անոնց ձախողութեան, իսկ երրորդ յօդուածը զրոյց մըն է Թաներ Աքչամի, Ուղուր Ումիդ Ունգորի եւ Մեհմեդ Փոլաթելի միջեւ, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայերէ բռնագրաւուած կալուածներուն եւ հարստութեանց մասին:
Թիւին մէջ կան նաեւ գրախօսականներ: Լեւոն Չորբաճեան գրած է Հայկական ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն նուիրուած չորս հատորներու մասին, իսկ Լեռնա Էքմեքճիօղլու անդրադարձած է Լեւոն Եօթնեղբայրեանի յուշերուն նուիրուած հատորին: Տիգրան Բ.ի մասին հատոր մը վերլուծած է Լեւոն Սարեան, իսկ Գարեգին Նժդեհի գրութեան հաւաքածոյի մը մասինՙ Վարդան Մաթէոսեան:
«Արմինիըն Ռիվիու»ի գլխաւոր խմբագիր Ասպետ Գոչիկեանի կողքին, նոր օգնական խմբագիր նշանակուած Դալար Շահինեանը բաղդատական գրականութեան ճիւղին մէջ դոկտորի իր վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ ներկայիս կը դասաւանդէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնգ Բիչի մասնաճիւղի բաղդատական համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքին մէջ: Ան ներկայիս կ”աշխատի արեւմտահայ գրականութեան նուիրուած ուսումնասիրութեան մը վրայ, համաշխարհային գրականութեան պարունակէն ներսՙ բաղդատելով համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներէն ետք յաջորդաբար Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ զարգացած արեւմտահայ գրականութեան ու լրագրութեան կեդրոններուն իւրայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց կապերը Խորհրդային Հայաստանի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու հայութեանց հետ: Ան յաճախ կը գրէ համացանցային «Քրիթիքս Ֆորում» թերթին մէջ ու վարիչն է «Սարոյեան ծրագիրին», որուն նպատակն է բարելաւել Գլենդէյլի Շամլեան ազգ. վարժարանի մէջ հայերէնի դասաւանդման եղանակները: