ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ
5 սեպտեմբեր 2013-էն սկսեալ եւ մէկ ամիս տեւողութեամբ, Իտալիոյ Սոլմոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ժամանակակից արուեստի միջազգային տեղւոյն 40-րդ ցուցահանդէսը, կազմակերպութեամբ արուեստի եւ մշակոյթի «Իլ Քուատրիվիո» (Խաչմերուկ) շրջանակին եւ մասնակցութեամբ 20 երկիրներէ հրաւիրուած 125 արուեստագէտներու: Փակման հանդիսութեան ընթացքին, Եգիպտոսի կողմէ ներկայացած հայազգի արուեստագէտ-քանդակագործ Արմէն Յակոբ Կրպոյեան արժանացած է «Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահի շքանշանի» մրցանակին:
Ցուցահանդէսի մրցանքին դատական կազմին նախագահն էր արուեստի ծանօթ քննադատ Վիթորիօ Սքարպի, իր կողքին ունենալով միջազգային չափանիշով արուեստի պատմաբան-քննադատներ Ջորջիօ դի Ջենովա, Մասսիմօ Փասքուալոնէ, Ջորջիօ Սեվիզօ, Քիարա Սթրոցիէրի, Դուչիօ Թրոմբադորի եւ արուեստի սոյն ձեռնարկին կազմակերպիչ ընդհանուր քարտուղար Ջայթանօ Փալոցցի:
Արմէն Յակոբ Կրպոյեան ծնած է Գահիրէ 1969-ին եւ Հելուանի համալսարանին Գեղարուեստից կաճառը աւարտած 1992-ին:Հռոմի Եգիպտական Արուեստի ակադեմիային ստեղծագործութեան պետական մրցանակին արժանանալովՙ Իտալիա հաստատուած է 2000 թուականին:
2008-ին, Կրպոյեան կը տիրանայ Շուէտական KKV-B կազմակերպութեան հանրայայտ քանդակագործ արուեստագէտներու շնորհուող տարեկան «Քանդակագործութեան պարգեւ» մրցանակին: 2010-ին, ան կը շահի Փիէմոնթէ նահանգին միջազգային «Ումպերթօ Մասթրոիաննի» մրցանակը, Պերժէ քաղաքի հրապարակին կոթողական ցայտաղբիւրի իր ծրագրին յաջողութեան առթիւ:
Արմէն Յակոբի գործերը ինքնատիպ են, յատկանշուած պարզութեամբ, կտրուկ գիծերով նպատակին ձգտող, բիւրեղ, աննիւթական ու խորհրդապաշտ:
Արմէն Կրպոյեանի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ կը գտնուին Գահիրէի եգիպտական Արդի արուեստի թանգարանին, Ասուանի Բացօթեայ թանգարանին, Քաթարի արաբական Արդի արուեստի թանգարանին, Պելճիքայի Պօղոսեան հիմնարկի «Վիլլա Ամբէն» կեդրոնին, Իտալական Փիէմոնթէ նահանգի Պերժէ քաղաքին կայարանամերձ կեդրոնական զբօսայգիին, Մ. Նահանգներու Ֆլորիդայի «Քորալ Սփրինկզ» արուեստի թանգարանին եւ Իտալիոյ Թոսքանա նահանգին Փիէթրասանթայի Պոզէթթի թանգարանին մէջ:
Ներկայիս եգիպտահայ արուեստագէտը կՙապրի եւ կը գործէ Իտալիոյ Փիեթրասանթա (Սուրբ Քար) քաղաքին մէջ, որ պատմութեան ընթացքին համաշխարհային մակարդակով ճանչցուած է իբրեւ «Քանդակագործութեան մայրաքաղաք» եւ ուր գործած է մեծահամբաւ արուեստագէտ Միքելանջելօն, տեղւոյն լեռերուն նշանաւոր մարմարը օգտագործելով իր քանդակներուն համար: Սոյն քաղաքը կեդրոն հանդիսացած է 20-րդ դարու արդի արուեստի գործիչներէն Հենրի Մուրի, Սեզարի եւ Նիկոչչիի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից արուեստագէտներ Դամիէն Հըրսթի, Անիշ Քապուրի, Մարք Քուինի եւ ուրիշներու: