Երէկ այս նկարին հանդիպեցայ ֆէյսպուքի հարթակին վրայ: Կատարուածէն անտեղեակ ընթերցողին համար նախ յստակացնեմ, որ ըստ երեւոյթին, երեխայի մը մկրտութեան արարողութեան հետ առնչուած նկար է, Անթիլիաս, Լիբանան եւ ո՛չ Կիլիկիոյ թագաւորի մը օծման կարգի յաւերժացումը…:
Նաեւ յիշեցնեմ, որ նման պատկառելի ներկայութիւն տուեալ արարողութեան մը համար, անպայմանօրէն ձրի «հաճոյք» մը չէ…:
Առաւել եւս, շեշտեմ, որ այս բանը կը պատահի Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի օրերուն, մինչ այլ երեխաներ հացի են կարօտ իսկ Արցախը ամիսներէ ի վեր պաշարուած է, ուր սկսած են գրանցուիլ սնունդի պակասի հետեւանքով անմեղ երեխաներու մահուան դէպքեր:
Առանց հաստատելու, կ՛ենթադրեմ, որ մկրտութեան նման արարողութեան մը յաջորդած ըլլալու է «յաւուր պատշաճ»ի խնճոյք մը: Պարզապէս կը յուսամ, որ տուեալ հաւանական խնճոյքին ընթացքին օղիի բաժակները վեր՝ հեռակայ հայրենասիրութեան զգացական խօսքեր ու Արցախին կենացը խմելու կեղծիք տեղի ունեցած չըլլայ…:
Շատ բան չունիմ աւելցնելու, բացի ցաւով նշելէ, որ կատարուածը հաւատքի հետ որեւէ առնչութիւն չունի, այլ՝ մեղքի համազօր ցուցամոլութիւն մըն է, որմէ դժբախտաբար շատեր կը տառապին: Կը մնայ հարց տալ, որ այս պարագային մեղքը նման ծախսեր յանձն առնողի՞նն է, թէ՞…
Իսկ նկարին մէջի հոգեւոր հայրերուն պէտք չէ՞ յուշել, որ ամէն պարագային կրնային ներկայ ըլլալով հանդերձ նուազագոյնը գոնէ այսպէս չնկարուիլ, որովհետեւ կ՛ենթադրեմ, որ ճոխութիւն պիտի ըլլար յուսալը, որ անոնք ունենային այն գիտակցութիւնը, թէ իրենց պարտականութեան մէջ կ՛իյնայ սերունդները դաստիարակելը, նման ցուցադրական բաներէ հեռու մնալը: Պէտք չէ՞ նաեւ ցաւով մտածել, որ այս պարագային մեր դպրոցներն ու եկեղեցին ձախողած են մտային ու հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբելու իրենց առաքելութեանը մէջ:
Աւարտին ըսեմ, թէ այս առիթով սոյն նկարէն աւելի յստակ եւ ցցուն նկարներ ալ հրապարակուած էին, որ զանց կ՛առնեմ, այստեղ հրատարակելով նկարչական որակով ամենաանյստակը միայն, որովհետեւ, ցաւօք, քննադատութեանս ենթակայ նկարին մէջ վարդապետներու շարքին կան եպիսկոպոսներ ու արքեպիսկոպոսներ, որոնք նաեւ համայնքներու առաջնորդներ են… :
Վերջապէս այս ամէնէն անտեղեակ անմեղ երախային հոգեկանն է, որ զիս կը մտահոգէ, որովհետեւ որպէս Մարդ լաւ դաստիարակութեան մը պարագային ան ապագային շա՜տ կրնայ ամչնալ այս նկարին գոյութեամբ, որուն համար իր ծնողքն ու իր առաքելութենէն շեղած համակարգն է պատասխանատուն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» Լիբանան