«Լաւ պտոյտ մը եղաւ, ահագին պատկերներ քաշուեցանք, ատենապետնիս ալ ընտրեցինք ու հիմա կ’երթանք»…
Հեռաձայնողը ինծի Պէյրութէն ծանօթ տիկին մըն էր, հին կուսակցական, աշխոյժ, քիչ մը պարզամիտ, շատախօս, բայց բուխսիրտ ռամկավար մը։
– Ո՞ւր էիր, մէյ մը չերեւցար, գոնէ քեզի ալ կը տեսնէինք, անանկ կ’երթայինք։ Պէյրութը առաջուանը չէ, դժուար է հոս գալը, սուղ է ամէն բան,- առանց շունչ առնելու՝ վրայ-վրայ արտասանուած խօսքերը հազիւ կրցայ ընդմիջել.
– Հոս ի՞նչ կ’ընես։
– Ամա՜, չե՞ս գիտեր, պատգամաւորական ժողովի եկած ենք, վաղը ետ կ’երթանք Պէյրութ։ Շատ լաւ ժամանակ անցուցինք, բաւական տեղ գացինք, ահագին պատկեր քաշուեցանք, ատենապետնիս ալ ընտրեցինք, հին ընկերներ ալ տեսանք, բոլորն ալ ծերացեր են, մեծ մասը նախկին պէյրութցիներ, մէկ մասն ալ՝ նախկին հալէպցիներ…
– Ի՞նչ կը նշանակէ նախկին,- կրկին ընդմիջեցի զինք։
– Այսինքն հոս՝ Երեւան կ’ապրին։
– Անոնք տասը տարի է արդէն հոս կը բնակին, բայց դեռ Սուրիա՞ն կը ներկայացնեն, պէյրութցիներն ալ Պէյրո՞ւթը։
– Ի՞նչ կայ որ, Ղարաբաղէն ալ պատգամաւոր մը կար։
– Ղարաբաղէ՞ն, ո՞վ էր։
– Առաջին անգամ կը տեսնէի, անունը Բորսուղ կամ ատանկ բան մըն էր։
– Ղարաբաղը հինգ ամիս պաշարուած է, ի՞նչպէս դուրս ելեր է։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ Ալիեւը ռամկավարներուն յատուկ արտօնութիւն տուեր է դուրս ելլելու,- քմծիծաղով հարց տուի։
– Չեմ խորհիր,- ըսաւ լուրջ-լուրջ՝ հեգնանքս չհասկնալով։- Կարծեմ ան ալ հոս կ’ապրի։
– Ուրեմն տեւական Երեւան ապրելով կրնաս «Արցախի շրջանակ» կամ «Սուրիոյ շրջանակ» ըլլալ։ Հոս Շարժայէն, Տուպայէն ալ եկածներ կան, կրնան ՌԱԿ Իմարաթներու շրջանակը կազմել։ Նախկին մելգոնեանցիներ ալ կան, ուրեմն կրնան կղզիին վրայ Ռոպինսոնը մինակ չձգել, անոր «Ուրբաթը» եւ «Շաբաթը» ըլլալ։
– Ռոպինսոնը ո՞վ է…
– Ասատո՛ւրը։ Խեղճը միս-մինակ է կղզիին վրայ։ Կրնան միասին «ՌԱԿ Մեծն Կիպրոսի շրջանակ» կազմել եւ 4-5 պատգամաւորով ներկայանալ։
Այս անգամ խօսակիցս էր ընդմիջողը.
– Ի՞նչ կայ որ, կեդրոնական վարչութիւնը իրաւունք չունի՞։
– Անշուշտ իրաւունք ունի,- համաձայնեցայ ես,- վարչութիւնը ամէն բանի իրաւունք ունի, մանաւանդ երբ Կանոնադրութենէն աւելի բարձր, աւելի հզօր, սփիւռքատարա՜ծ, աշխահատարա՜ծ մարմին մըն է եւ ունի աշխարհակալ առաջնորդ մը, որ ուզածը կրնայ ընել՝ պատուոգիր տալ, կախակայել, օդանաւի տոմս տալ, վտարել, քոմպիններ ընել, պետական պաշտօնեաներուն քծնիլ, կաթողիկոս գահընկեց ընել եւլն։
– Լաւ յիշեցուցիր, շիտակը շատ նեղուեցայ. մեր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օրհնութիւնը չէր ղրկած։ Ինչո՞ւ արդեօք։
– Ըսի արդէն. հինգ տարի առաջ ձեր ղեկավարները միացեր էին «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» շարժումին եւ կ’ուզէին գահընկեց ընել Վեհափառը։
– Քա՜, ի՞նչ կ’ըսես, ատանկ բան կ’ըլլա՞յ, հիչ չէի լսած։
– Կ’ըլլայ, կ’ըլլայ։ Դուն նեղուելու պէտք չունիս։ Վեհափառին օրհնութեան փոխարէն կրնայիք «Ամենայն Հայոց Սարկաւագին» օրհնութիւնը ստանալ, ատիկա ձեզի շատ է անգամ։
– Ատ ո՞վ է։
– Անունը չեմ գիտեր, բայց համայն Ֆրանսան կը ներկայացնէ։
– Գիտցայ, մօրուքով մարդը։
– Դուն ան ըսէ, Պէյրութէն քանի՞ պատգամաւոր եկած էր։
– Ամա՜, չե՞ս յիշեր. մենք միշտ հինգ պատգամաւոր ունինք, մէկն ալ ես եմ։
– Մէկն ալ ես տեսայ, կարծեմ Վազգէն է անունը։ Մի քանի տարի առաջ հոս եկած էր ձերին ղեկավարութեան դէմ պայքարելու,- ըսի հեգնանքով։
– Շահինեա՞նը, կարծեմ Աւստրալիան կը ներկայացնէ։ Ան ալ՝ ուր հաց, հոն կաց տեսակէն է։ Տօքթորը զինք չէր բերեր, եթէ ղեկավարութեան դէմ եղած ըլլար։
– Տօքթորը ո՞վ է,- հարց տուի ես։
– Չե՞ս գիտեր, ընկեր Աւետիսը, ատամնաբոյժը։
– Կը ներես, մոռցեր էի, որ Պէյրութ ատամնաբոյժներն ալ տօքթոր կը կոչուին։
– Անշուշտ, ինքը մեր ատամնաբոյժն է, տոմսս ալ իր միջոցով կարգադրուեցաւ,- ըսաւ խօսակիցս եւ համոզկեր շեշտով շարունակեց.- գիտես, ամուսինս չ’աշխատիր, եկամուտ չունինք, թէ չէ, կը յիշես, ի՜նչ ժախա կեանք մը կ’ապրէինք։ Բայց ամմա, դո՛ւն ինչու չէիր մասնակցեր։ Ձեր տեղացիներէն մէկը եկած էր, Հրաչեա էր անունը։ Ըսին՝ այստեղի ռամկավարներուն ատենապետն է։ Լաւ պիչիմով մարդ մը կ’երեւար։ Յայտնի՞ մէկն է։ Իր ըսածներէն բան չհասկցայ։
– Այո,- պատասխանեցի,- յայտնի մարդ մըն է, բայց յայտնի է անով, որ ոչ մէկ բանի մէջ յայտնի է։
Բարեկամուհիս ըսածէս բան չհասկցաւ, բայց նորէն պնդեց իր ուշացած հրաւէրը։
– Իշտէ անոր հետ գայիր։
– Անոր հետ տեղ չ’երթցուիր, քանի որ ինքը տեղ երթալու համար Լոս Անճելըսէն հրաման պէտք է առնէ, Վարդանէն։
– Վարդանը ո՞վ է, կը ճանչնա՞մ։
– Ես ի՞նչ գիտնամ,- ըսի ես,- նախկին երուսաղէմցի է, դրամ ունի ու կը կարծէ ամէն ինչ ունենալ՝ շքանշան, պատիւ, պաշտօն, գրպանի կուսակցութիւն նաեւ։ Առաջինն է մեր կուսակցութեան մէջ, որ կաշառքով ընտրել տուաւ իր այստեղի ըրթան։ Իրմէ առաջ երբեք չէր պատահած. ուիսքի-միսքի հիւրասիրելով ձայն հաւաքելը լսեր էինք, բայց cash դրամ՝ առաջին անգամ։ Առաջին անգամն էր ՌԱԿ-ի պատմութեան մէջ։
– Ինչո՞վ կը զբաղին, ձայներնին բնաւ չեմ լսեր, ֆէյսպուքի մէջ ալ չկան։
– Ձայներնին բնաւ չ’ելլեր, Վարդանը կը նեղուի։ Երկիրը իրար կ’անցնի, Արցախը կը կորսնցնենք, իրենք կարծիք չունին, բերաննին չեն բանար։ Ընդամէնը կնիք մը ունին,- հոս փեչաթ կ’ըսեն,- մենք ենք ըսելով կը յոխորտան, թէեւ բան մը չունին յոխորտալու. Վարդանը քիչ մը դրամ կը ղրկէ, իրենք անով քէֆ կ’ըլլան։
– Դուն ալ հիչ մարդ չես հաւնիր,- պոռթկաց խօսակիցս,- Պէյրութ ալ ասանկ էիր։ Կը յիշե՞ս, օր մը մեր Շուշանիկ ակումբի աղջիկներով վռադ կռիւի եկանք, «Զարթօնք» ի գրասենեակդ։ Երգիչ Ատիսին դէմ թերթին մէջ բաներ մը գրեր էիր…
– Կը յիշեմ, կը յիշեմ, երանութեամբ կը յիշեմ այդ օրերը։ Գոնէ աշխուժութիւն կար, երեւութական կամ ոչ՝ գոնէ սկզբունքայնութիւն կար, պայքար կար, մրցակցութիւն կար, ամէն մէկս մեր սկզբունքը կը պաշտպանէինք։ Ի՜նչ հրաշալի էին Սիւզին եւ միւս ընկերուհիները։
– Չէ, հիմա մեռած է կուսակցական կեանքը,- ընկճուած՝ յարեց խօսակիցս,- կը կարծեմ՝ հոս գալով քիչ մը պիտի փոխուինք։
– Կը սիրեմ յուսալ,- մխիթարական շեշտով ըսի եւ կրկնեցի առաջին հարցումս.
– Հոս գալով ի՞նչ ըրիք։
– Ճիշդը՝ լաւ ժամանակ անցուցինք։ Եռաբլուր գացինք։ Ա՜խ, այդ ի՞նչ էր, այդքան ճահել-ճիվելեկ տղաք հողին տակ։ Սիրտս ճմլուեցաւ։ Գոնէ Ծիծեռնակաբերդ գացինք՝ ծառ տնկելու։
– Ծառ տնկելէ առաջ հոն ջուրի խողովակներ պիտի անցընել տայիք։ Հոս «ղրեր» կ’ըսեք այդ տեղին, անջուր տափաստան է։ Տնկածդ մէկ օր չի դիմանար հոն։ Կը նշանակէ՝ ձեր տնկած ծառը չոր փայտի կտոր պիտի մնայ…
– Բայց չես ձգեր կոր պատմեմ,- ըսաւ խօսքս կտրելով,- շատ պատկերներ քաշուեցանք, «Զինուորի տուն» գացինք, վիրաւոր տղաքը տեսանք։ Յետոյ՝ ժողով, ժողով։ Գիտես, ժողովներէն գլուխս կը ցաւի։ Հասլու, ատենապետը ընտրեցինք միաձայն, գոնէ ատանկ ըսին։
– Բայց ըսիր որ քուէարկութիւն եղած է, ուրիշ թեկնածու կա՞ր։
– Ո՜չ, ի՞նչ թեկնածու։ Բոլորս եկեր էինք նոյն անձը ընտրելու։
– Այդ պարագային քուէարկելու պէտք չկար, հոս գալու ալ պէտք չկար։ «Այո» կ’ըսէիք՝ կը վերջանար,- ըսի իրեն՝ քուէարկութեան մը իմաստը հասկցնել ջանալով։ Տպաւորութեամբս՝ կարծեմ ըսածներէս բան մըն ալ չհասկցաւ։ Ստիպուած եղայ իրեն վերյիշեցնելու։- Կը յիշե՞ս,- ըսի,- քու եւ իմ սիրելի ընկեր Գերսամը ի՞նչ կ’ըսէր։ Կ’ըսէր՝ ես, Գերսամ Ահարոնեանս, ընտրուելու համար պէտք ունիմ նոյնիսկ կաթոճի Անդոյին քուէին, ինքն ալ, ես ալ մէկ ձայն ունինք, անարդար, անխիղճ կերպով հաւասար ենք իրարու։ Հասկցա՞ր հիմա։
Չեմ կարծեր որ հասկցաւ, թէեւ ձայնը իբր համամտութիւն կ’արտայայտէր։ Խիղճը հանգիստ էր, քուէն տուեր էր տուած խոստումին համաձայն։ Մնացա՞ծը։ Կարեւոր չէ՛։
Վերջին պահուն, հեռախօսը անջատելէն առաջ, իր բառով՝ միւժտէ տալու պէս ըսաւ.
– Գիտե՞ս, վարչապետ Փաշինեանը մերիններէն խումբ մը իր գրասենեակը ընդունեց։
– Գիտեմ, ըսի, «միջնորդ տէրպապա» Վիգէնը նկարին մէջն էր։ Կը մաղթեմ, որ թոռնիկներդ օր մը չամչնան այդ ընդունելութեան համար։
Երեւակայական հարցազրոյցը վարեց՝
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
«ՊԱՅՔԱՐ», 4 հունիսի, 2023 թ.