ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք
Ապրիլ 15-ին, ամերիկահայ բարերար Նազար Նազարեանի հրաւէրով Փաթերսընի (Նիւ Ճըրզի) «Անահիտ» ճաշարան հրաւիրուած էին շրջանի ծանօթ եւ ազդեցիկ ազգային դէմքերը ողջերթի մասնակցութիւն բերելու ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանին, որ հինգ տարուան դիւանագիտական բեղմնաւոր ծառայութենէ մը ետք կը վերադառնայ հայրենիք ստանձնելու աւելի կարեւոր պաշտօններ արտգործնախարարութենէն ներս:
Պարոն Կ. Նազարեանի ներկայութիւնը այս համայնքէն ներս եղաւ օգտաշատ. ան կատարեց հայրենանուէր աշխատանք, չգոհացաւ միայն իր դիւանագիտական պարտաւորութիւններով, այլ իր ազատ ժամերը ամբողջութեամբ տրամադրեց Նիւ Եորքի եւ շրջանի այս կարեւոր համայնքին աշխուժացումին եւ Հայաստան-Սփիւռք օգտաշատ ծառայութեան: Եղաւ արդար ու անշահախնդիր, համայնքային ձեռնարկներուն բերաւ իր անսակարկ ներկայութիւնը: Իսկ ազգային մեծ տօնակատարութիւններուն, ինչպէս` Ազգային բանակի կազմաւորման, Հայաստանի անկախութեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի անդամակցութեան եւ այլ տարեդարձներուն հրաւիրեց մայր հայրենիքի հետ տասնամեակներ ամբողջ գործակցող մեր կազմակերպութիւնները, որպէսզի նախաձեռնեն օրուան խորհուրդին վայել բարձրորակ հանդիսութիւններ:
Ան յարգուեցաւ ու մանաւանդ սիրուեցաւ ոչ միայն ազգային ու եկեղեցական կառոյցներուն առաջնորդութիւն տուող ազգայիններէն ու գործիչներէն, այլեւ` ընդհանրապէս մեր ազգակիցներէն:
Իր ներկայութիւնը հաւատք ներշնչեց բոլորին եւ հայկական դիւանագիտական ներկայութիւնը հասցուց արեւմտեան դիւանագիտական մակարդակի: Արցախի հարցով եւս, ան նոյն բծախնդրութիւնը ցուցաբերեց ՄԱԿ¬ի ընդհանուր ժողովներուն թէ զանազան յանձնախումբերուն մէջ: Պահելով մեր հայրենիքին որդեգրած երկար տարիներու արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծը, ան իր նուրբ եւ վայելուչ դիւանագիտական արտայայտութիւններով կրցաւ իր վրայ պահել ուշադրութիւնը միջազգային համայնքին:
Այս հաւաքոյթին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ազգային բարերարներ Հրաչ Թուֆայեան, Սարգիս Պետեւեան եւ Անդրէաս Ռուպեան, համախոհ ազգային կազմակերպութիւններու` ՀԲԸՄ-ի, ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի եւ Վարդանանց ասպետներու ներկայացուցիչներ, հանրայայտ բժշկապետեր` Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Յարութ Մխճեան, Թորոս Չաղլասեան, ինչպէս նաեւ մեր շրջանակին մօտ այլ տնտեսական ու ճարտարարուեստական աշխարհի մէջ յաջողած ազգայիններ:
Պրն. Նազար Նազարեան առաջարկեց բաժակ բարձրացնել եւ բարի ճանապարհ մաղթել յարգելի դեսպանին, իսկ սրտի խօսքով հանդէս եկան Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Վարդան Ապտօ, Խորէն Նալպանտեան եւ Տոքթ. Յարութ Մխճեան: Այս առթիւ իբրեւ երախտագիտութիւն դեսպանը պրն. Նազար Նազարեանին յանձնեց Հայաստանի փոստային ծառայութեան կողմէ պատրաստուած եւ Սուրբ Էջմիածնին նուիրուած արծաթեայ կնիքը:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան նմանօրինակ ողջերթի այլ հանդիպումներ եւսՙ կազմակերպուած մեր շրջանակին կողմէ: