Ցեղասպանութեան դարադարձին ընդառաջ, արդէն ամէնուրեք թուրք լայնախոհ մտաւորականներ կը հրաւիրուին հայկական շրջանակներէ ներս արտայայտուելու Առաջին աշխարհամարտին տեղի ունեցած Մեծ եղեռնի ու տեղահանութեան մասին, տալով իրենց անձնական տեսակէտները, երբեմն- երբեմն մեղմ դատապարտութիւններ ընելով Օսմանեան կառավարութեան եւ իթթիհատականներու հասցէին: Ու դեռ կարգ մը թուրք պատմաբաններ, թէեւ աւելի յանդուգն ուրիշներէն, աւելի իրապաշտ ու առարկայական կը մօտենան հայոց իրաւունքներու հարցին:
Նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ապրիլ 10-ին, Ֆէր Լոնի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ումիթ Քուրթ ներկայացուց 1915-1922 տարիներուն հայ ունեւոր դասակարգին ունեցած կորուստը եւ մասնաւորաբար Այնթապի հայութեան վերնախաւին ունեցած կալուածներուն կողոպուտը տեղացի թուրք հասարակութեան կողմէ: Ինչպէս ծանօթ է, Այնթապի եւ Կեսարիոյ հայութիւնը շատ աւելի բարեկեցիկ է եղած բաղդատմամբ Կիլիկիոյ միւս շրջաններու վիճակէն: Այդ կողոպուտին շնորհիւ Կիլիկիոյ այդ շրջաններուն մէջ թուրք նոր բարեկեցիկ հասարակութիւն մը ծնունդ կ՛առնէր:
Դասախօսը, որ իր կարգին ծնած է Այնթապ եւ ծանօթ միջավայրին, կու տայ լայն բացատրութիւններ Այնթապի ծանօթ հայ ընտանիքներու ունեցած կալուածներուն, ապարանքներուն եւ հարստութիւններուն մասին: Կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ «Լքուած կալուածներու օրէնք»ին մասին, ինչ որ նոր հետաքրքրութիւն մը սկսած է բերել բոլոր այն հայերուն մօտ, որոնք տակաւին իրենց մեծ հայրերէն մնացած ունին օրինաւոր կալուածական վաւերագրեր եւ այլ փաստաթուղթեր: Անշուշտ հարց է, թէ որքան կարելի է վստահիլ զանոնք յանձնելու թուրք փաստաբաններու… Սակայն եւ այնպէս, այդ օրէնքին սահմանին մէջ, ըստ դասախօսին, տակաւին կը պաշտպանուին հայոց կալուածական իրաւունքները, տարբեր հարց, թէ ո՞ր հայը պիտի ուզէր այս օրերուն երթալ հօրենական ծննդավայր ու իր ընտանիքին հետ հաստատուիլ իր պապենական կալուածին վրայ…:
Պարոն Քուրթ շուտով պիտի պաշտպանէ իր դոկտորականը Քլարք համալսարանի պատմաբանութեան ճիւղին մէջ, մինչ այդ ան դասախօս է Սթանպուլի Սաբանջի համալսարանէն ներս: Համակրելի եւ համոզիչ իր երեւոյթով ու ներկայացումովՙ ան մասամբ վստահութիւնը կրցաւ ունենալ ներկաներուն մէկ մասին: Ըսենք, որ նիւեորքաբնակ նախկին պոլսահայերն ու թուրքահայերն են, որ նախաձեռնարկ կ՛ըլլան նման թուրք պատմաբաններու եւ մտաւորականներու դասախօսութիւն տալու հայ համայնքին:
Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ, դասախօսութեան աւարտին, հարցեր տալու դասախօսին: