ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
«… Նոքա կործանեցին ու թալանեցին առանց վանքերին ու եկեղեցիներին անգամ խնայելու: Այս աւերումներով չբաւականանալով, Ահմեդի զինուորները թագաւորների ու իշխանների գերեզմանները փորեցին եւ նոցա ոսկորները այրեցին: Բռնուած գերիները խումբ-խումբ բաժանուեցան ու դառն տանջանքների ենթարկուեցան, որպէսզի ստիպուին քրիստոնէական հաւատն ուրանալ, անմեղ գիւղացիք ողջ-ողջ մորթազերծ եղան, քահանաների ու կրօնաւորների աչքերը ջերուցած երկաթներով հանուեցան, ազնուականների լեզուն ու մատները կտրտուեցան…»
1347- ին, 640 տարի առաջ պատահածի մասին է, Կիլիկիոյ վերջին թագաւորիՙ Լեւոն Ե Լուսինեանի օրով, Եգիպտոսի Մեմլուքներու կողմէ Կիլիկիոյ գրաւումի պատմութիւնն է:
Նպատակս պատմութեան վերյիշումն ու վերյիշեցումը չէ, այլ զուգահեռ մը տեսնել է անցեալի ու մեր օրերուն պատահածներուն միջեւ:
Տասնչորրորդ դարէն մինչեւ քսան, քսանմէկերորդ դար, աշխարհը որքան փոխուեցաւ, յեղաշրջուեցաւ կարելի է ըսել, այնքան զարգացաւ ու յառաջդիմեց, հասաւ մինչեւ կորիզն ատոմի ու զենիթը անջրպետի, սակայն մարդու մէջի նախամարդ-գազանը մնաց անփոփոխ:
Մնաց անփոփոխ, ծուարած հոգիին թէ ուղեղին մէկ մութ անկիւնը ու ատենը անգամ մը գլուխ կը ցցէ, կը պատռէ քաղաքակրթութեան բազմաշերտ իր պատեանը ու կը մերկանայ, վերադառնալու համար Քարէ դար, դառնալու համար վայրագ, գազանաբարոյ, արիւնարբու: Եւ այս մերկացումին գլխաւոր պատճառն ու խթանողը յաճախ եղած է կրօնը.
Թէեւ խօսքս ծայրայեղական իսլամիստներու մասին է, սակայն յետադարձ ակնարկ մը ցոյց կու տայ, որ կրօնական պատերազմներով լեցուն եղած է ամբողջ մարդկային պատմութիւնը, եւ կ՛ըսուի թէ այդ պատերազմները աւելի շատ զոհեր խլած են, քան այլ բնոյթի պատերազմներ:
Միաստուածութեան վարդապետութիւնը եկաւ միաւորելու տարատեսակ հաւատալիքներ ունեցող ժողովուրդները, սակայն տարբեր եղան անոր քարոզիչները, որոնք կոչուեցան Մովսէս կամ Յիսուս, Մոհամմէտ կամ այլ:
Իւրաքանչիւր ազգ իրեն պատշաճեցուց կրօնը եւ մեկնաբանեց անոր ուսմունքները ըստ իր նկարագրին եւ ըմբռնումներուն:
Այսօր զարմանքով կը նայիմ մեր շուրջ տեղի ունեցածներուն: Ինչ կը քարոզուի ու ինչ կը կատարուի գետնի վրայ:
Մենք իսլամական երկրի մը մէջ ապրելովՙ հայկական վարժարաններուն մէջ, արաբ-իսլամական պատմութեան դասեր ալ առած ենք, ուր հանդիպած ենք հետեւեալ արտայայտութեան. «Աշխարհը չտեսաւ աւելի գթասիրտ նուաճող մը, քան իսլամը»…
Ո՞ւր է այդ «գթասրտութիւնը» այսօր: Այս ինչ սարսափազդու տեսարաններու ականատես կ՛ըլլանք ամէն օր, այս ինչ վայրագութիւն է. եւ այս բոլորը… Յանուն Աստուծոյ, Բի՛սմ Ալլահ կրօնի անունով…
Հարիւր տարի եւ աւելի ապրեցանք իսլամներու մէջ, յաճախ կողք-կողքի, վայելեցինք անոնց բարութիւնը, ազնուութիւնը, սէրն ու յարգանքը, մեր կրօնական, ազգային, կրթական, մշակութային եւ այլ բոլոր հաստատութիւնները գործեցին անխափան:
Ի՞նչ եղաւ յանկարծ, ինչո՞ւ ամէն ինչ գլխիվայր շրջուեցաւ եւ յանուն ինչի՞:
Կրօնը ամենազգայուն լարն է հաւատացեալի մը մէջ, այդ լարին հազիւ դպչիս, հակազդեցութիւնն ու հակադարձութիւնը ակնթարթային կ՛ըլլան: Այս տկարութիւնը շատ լաւ ձեւով շահագործուած է ղեկավարներու կողմէ, որոնք բազմահազար հաւատացեալներ ոտքի հանած են մէկ կոչով (խաչակրաց արշաւանքները միեւնոյն պարունակին մէջ չե՞ն իյնար):
«Արաբական գարուն» ըսին ու արիւն հոսեցուցին արաբական երկիրներուն մէջ, յատկապէս Սուրիոյ մէջ: Մէկ` քաղաքական քողի տակ- կրօնական «մաքրագործումներ», մէկՙ կրօնական քողի տակ- քաղաքական, աշխարհագրական տեղաշարժեր ու «վերադասաւորումներ».
Պահ մը ակամայ կը մտածես, որ համայնավարները սխա՞լ ըրին կրօնին կռնակ դարձնելով…
«Յանուն Աստուծոյ» մարդիկ կը սրահատուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, կը ցցահանուին եւ Աստուած…
Աստուած կը տեսնէ ու կը զարմանա՞յ…
Ո՛չ, Աստուած չի տեսներ, չի զարմանար, չի զայրանար, քանի որ կռնակը դարձուցած մարդկութեան, կը մտածէ նոր «Ջրհեղեղ»ի մը մասին:
Երեւան