ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Արտագաղթի ու արտագաղթը կասեցնելու մասին այնքան ապարդիւն կերպով խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, որ դարձեալ նոյն նիւթին անդրադառնալը անիմաստ պիտի ըլլար:
Սակայն, անցեալ հինգշաբթի, հոկտ. 2-ին, «Մոսկուա» կինոթատրոնին մէջ նոր շարժանկարի մը անդրանիկ ցուցադրութիւնը մղեց զիս, որ վերստին անդրադառնամ այս ցաւոտ հարցին:
Ֆիլմը կը կոչուի «Մեր Երեւանը» եւ գործն է Արսէն Ասլանեանին:
Գրական պատումի մը վրայ կառուցուած չըլլալով, շարժապատկերը լրիւ ռեկլամային է, ուր նկարահանուած է Երեւանը իր ամէնափայլուն երեսներով, իր լայնանիստ ու գեղեցիկ պողոտաներով, կանաչազարդ պուրակներով, փարթամ շէնքերով, արձաններով, զբօսավայրերով… Մէկ խօսքով, Երեւանը ներկայացուած է այնպէս, որ կրնայ ախորժակը գրգռել ու հրաւէր կարդալ ամենադժուարահաճ զբօսաշրջիկին իսկ, սակայն ըստ սցենարին, ան ուղղուած է հայութեան, մասնաւորաբար քաղաքը կամ երկիրը լքող քաղաքացիին, ինչպէս ցոյց կու տար առաջին իսկ դրուագը, ուր ընտանիք մըՙ հայր, մայր եւ զաւակ, օդանաւակայան կը մտնեն արտագաղթելու նպատակով:
Վերոյիշեալ նախաբանէն ետքՙ հաճելի շրջապտոյտ, ուր բեմադրիչն ու նկարողը կարողացած են որսալ եւ պաստառին բերել Մայրաքաղաքի ամենաընտիր երեսները, այնքան հմայիչ, այնքան գրաւիչ.
Յետո՞յ:
Երեւանի անվերջանալի տեսարժան վայրերու տողանցքէն ետք, յանկարծ, քաղաքը լքած ընտանիքը օդանաւակայանէն դուրս գալով, կը վերադառնայ Երեւան… քանի որ Երեւանը աննկարագրելիօրէն գեղեցի՞կ է, շքեղ ու հարու՞ստ, կախարդող ու հմայի՞չ: Եւ այսքանը, ըստ ֆիլմը պատրաստողներուն, բաւական է, որ մարդիկ չլքեն «Մեր Երեւանը» ու լքածներն ալ ետ գան…
Եղա՞ւ:
Ուրեմն Երեւանը լքողները ծանօթ չեն իրենց ապրած քաղաքի գեղեցկութեան եւ երբ ծանօթանան այս ֆիլմին միջոցով, վազելով ետ կու գան:
Շատ միամիտ վերաբերմունք է ասիկա, շատ ցաւոտ հարցի մը առնչութեամբ:
Որպէս այս ֆիլմի գլխաւոր հովանաւոր, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը ա՞յս ձեւով կ՛ուզէ կանխել արտագաղթը: Իսկ ֆիլմը պատրաստողները ինչո՞ւ միայն Երեւանի փայլուն երեսը նկարած են. ինչո՞ւ տեսախցիկը չէ մտած բակերը, չէ նկարած կուտակուած աղբն ու թափթփածութիւնները, չէ նկարած մուրացկաններն ու արեւածաղիկի սերմ ծախող մամիկները: Ո՞ւր է Երեւանի տգեղ երեսը, եթէ նպատակը մեր Երեւանը ցոյց տալն է: Մեր տգեղութիւնները կոծկելով, օտարակա՞նը կը խաբենք, թէ՞ մենք զմեզ:
Թերեւս այդ խեղճուկ, այդ անհրապոյր բակերուն մէջ աւելի գեղեցիկ ու սրտայոյզ յուշեր կան, որոնք աւելի թանկ արժեն, քան դուրսի փարթամութիւնը: Թերեւս հարցին այդ անկիւնէն մօտենալը աւելի սրտաշարժ պիտի ըլլար, աւելի ազդեցիկ:
Տեսարաններուն ուղեկցող Երեւանին նուիրուած երգերն ու մեկնաբանութիւնները յաւելեալ փայլք մը կու տան ֆիլմին, սակայն միւս կողմէ հովանաւոր հաստատութեանց ցայտուն գովերգութիւնը շատ բան կը պակսեցնէ անոր համեստ գեղարուեստական արժէքէն:
Նայինք, թէ այս ֆիլմը քանի՞ արտագաղթող ետ պիտի բերէ…
Հալէպ-Երեւան