Թշնամին աստիճան մը եւս սեղմելով օղակը Արցախի քաջարի ժողովուրդին վզին եւ անգամ մը եւս
լկտիօրէն խախտելով իր իսկ ստորագրած 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրը, պաշտօնապէս
արգելափակեց Բերձորի (Լաչինի) ճանապարհը, այնտեղ զինուորական անցակէտ մը տեղադրելով:
Անցակէտի տեղադրման թուականի ընտրութեան մէջ, Ալիեւ անգամ մը եւս դիմած է իր սիրած
խորհրդապաշտութեան (symbolism): Ան շատ հաւանաբար, ծաղրելու համար մեր Հայրենիքն ու
ժողովուրդը ղեկավարող ապիկար իշխանութիւնն ու անոր գլխաւոր ղեկավարը, ընտրած է 2018ին
պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք իշխանութեան հասած խմբակին, մեր Հայրենիքին
իշխանութիւնը պաշտօնապէս զաւթած ըլլալու օրուան թուականը՝ 23 Ապրիլը…:
Այս իրավիճակին ի տես, եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրող համահաւասար կողմը, որ նաեւ
անմիջականօրէն առնչուած է այս խնդրին հետ՝ ՀՀ-ն, ընդամէնը Արտագին Գործոց նախարարութեան
մակարդակով դատապարտումի կոչ մը հրապարակեց: Երեւի պէտք է գոհ ըլլալ այս բանով, որովհետեւ
խաղաղութիւն մուրացող իշխանութիւն մը կրնար նաեւ ընդամէնը «մտահոգութիւն» յայտնող
յայտարարութիւն մը ընել այս առիթով:
Իսկ ժողովրդային մակարդակով, ապաւինողականութեան ռահվիրայ մեր ազգը (ներառեալ հակառուս
զանգուածը անշուշտ) նոյն օրը, հեռատեսիլներուն առջեւ գամուած կամ մարզասրահին մէջ ֆիզիքական
ներկայութեամբ, ծանրամարտի եւ ըմբշամարտի եզրափակիչ հանդիսութիւն կը դիտէ, ձեռքի տակէ
այպանելով Ռուսաստանը կամ ակնկալելով անկէ, որ իբրեւ եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրող
կողմերէն մին, ի՛նքը միջամտէ լուծելու մեր հարցերը:
Այս բոլորին զուգահեռ, կայ նաեւ այլ վիճակ մը: Երկու անգամ այս իշխանութիւնը ընտրած ազգիս
համապատասխան մասսային մէկ կարեւոր մասը, փոխանակ իր չունեցած խելքը այպանելու, նստած՝ բախտը
կ՛անիծէ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր