Ապրիլ 24-ը կը մօտենայ, եւ ես կ՛ուզեմ որ աշակերտներովս յիշատակի ձեռնարկ մը կազմակերպենք: Անցեալ ամիսներուն միեւնոյն խմբակով բաւական յաջող ելոյթներ ունեցանք՝ Թումանեանի հեքիաթներով, իսկ հիմա ատենն է լրջանալու, այդպէս կը յուշէ եւ կը պարտադրէ առիթը:
Աշակերտներս, որոնք ուրախութեամբ եւ թռվռալով կը մասնակցէին հեքիաթներու փորձերուն, հիմա իրենցմէ կը պահանջեմ, որ այս անգամ առիթը Ցեղասպանութիւնն է, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչումն է, հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ աւելի լուրջ ըլլան, չկատակեն, յատկապէս երբ կը կարդան Վահագն Դաւթեանի «Ռեքվիէմ»-ը: Կ՛ենթարկուին, սակայն վայրկեաններ անց կը վերադառնան իրենց մանր-մունր չարաճճիութիւններուն: Կը սաստեմ, կը լռեն, ետ կը կարդան, սովորական, դասարանին մէջ անսխալ կարդալու արտորանքով, յանուն բարձր նիշի մը: Քանի մը անգամ ես կը կարդամ, յուզախառն ապրումով, բառերուն յարմար ձայնային ելեւէջներով… Կը խնդրեմ որ ընդօրինակեն զիս, նոյն ձեւով կարդան… չեղաւ, չեմ յաջողիր զիրենք պահանջուած տրամադրութեան մէջ դնել, ու կը հասկնամ որ անիմաստ է իմ պահանջս, անկարելի է այս 11-12 տարեկան մանկահասակ աշակերտները դնել պահանջուած կաղապարին մէջ: Նոյնիսկ եթէ փորձեն ու ձեւով մը ընդօրինակեն, կը զգամ, որ կեղծ է, ոչ մէկ զգացում, ուսուցչին խաթեր համար որոշ անյաջող կամ յաջող կապկում մը, եւ այդքան միայն:
Անշուշտ կը նեղուիմ անյաջողութեանս համար, սակայն վերջապէս կ՛ըմբռնեմ, որ ի՞նչ իրաւունք ունիմ բռնանալու եւ իմ հոգեվիճակս պարտադրելու: Ես՝ Եղեռնէն հրաշքով փրկուած ծնողքիս առաջին սերունդի անդամս, իսկ ասոնք արդէն չորրորդ սերունդ, նկարի մը պատճէնի պատճէնին, պատճէնին, պատճէնը… Ի՞նչ կը մնայ բնօրինակէն, գրեթէ ոչինչ: Այս սերունդը Հայաստանի մէջ ծլարձակող մատղաշ այն սերունդն է, որ հեքիաթներու մէջի զգայացունց դրուագներէն, արիւնարբու գազաններէն, հրէշներէն ու վիշապներէն վախցողը չէ, ոչ թէ քաջ է, այլ վտանգին ահաւորութեան գիտակցութիւնը չունի իր մատղաշ հոգիին խորքը, չէ տեսած, չէ ապրած, նոյնիսկ եթէ շարժապատկերներուն մէջ տեսած է՝ գիտէ որ իրական չեն, րոպէական վախի ճիչ մը, ու արդէն վերջ:
Կեանքի դառնութիւնները տարիքի հետ աւելի զգալի կը դառնան, երթալով կը ծաւալի անոնց ազդեցութիւնը, այն որ անցողակի էր պատանեկութեանդ, թեթեւօրէն չ՛անցնիր երիտասարդութեանդ ընթացքին, իսկ հասուն տարիքիդ արդէն կամաց-կամաց կը կքիս անոնց բեռին տակ: Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, բնութիւնը այնպէս մը դասաւորեր է ամէն ինչ, որ որեւէ խախտում կրնայ ընդհանուր հաւասարակշռութեան համար աղէտ դառնալ:
Մանուկները դաստիարակելու է իրենց փոքր տարիքէն, սակայն ի՞նչ սորվեցնելու է. լեզու, թուաբանութիւն, գիտելիքներ, պատմութիւն… բայց պատմութեան այս ամենասեւ է՞ջն ալ բանալու է անոնց առջեւ: Որոշ մանկավարժական ուղղութիւն մը դէմ է, որ անոնց ուղեղները թունաւորենք պատերազմներու ու ջարդերու մասին պատմելով. այլ տեսակէտ մը կը թելադրէ փոքր տարիքէն պատրաստել երեխան, որ իր ազգի դատին պաշտպանը դառնայ երբ մեծնայ, չմոռնայ, ճանչնայ թշնամին եւ արդարութիւն պահանջէ՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Ո՞վ պիտի պահանջէ եւ ի՞նչ պիտի պահանջէ, ինչպէ՞ս պիտի պահանջէ: Խօսք շատ, գո՞րծ… գործ ալ շատ, բայց անբաւարար, բայց անպաշտպան, անոյժ: Կորսուած դատ մը կը հետապնդես, արդարութիւն պահանջած ատեն ձեռքիդ երկաթէ շերեփ, ոչ թէ թուղթէ, ոչ թէ բողոքով, գանգատով, խնդրանքով ու մուրացկանութեամբ, այլ ոյժի սպառնալիքով: Ունի՞ս՝ ոտքի ելիր, չունի՞ս՝ սպասէ յարմար առիթի երբ պատրաստ ըլլաս, ոչ թէ բարեկամներէ խնդրես որ օգնեն:
Ամէն Ապրիլ 24-ի այս երեխաները մէկ ձեռքով իրենց ծնողներուն ձեռքէն բռնած, միւսով՝ փունջ մը ծաղիկ, Ծիծեռնակաբերդ կը բարձրանան՝ Ապրիլեան յուշահամալիրի անմար կրակին առջեւ խոնարհելու: Հոգեպարար է անոնց տեսքը, յուզիչ եւ գօտեպնդիչ, որ ահա՛ մեր ապագայ երիտասարդութիւնը, որ պիտի հետապնդէ մեր դատը…
Քիչ մը շատ լաւատեսական եղաւ, սակայն անհրաժեշտ է հաւատա՛լ, իսկ հաւատալու համար անհրաժե՛շտ է մեզի յաջորդող այս սերունդը ճի՛շդ դաստիարակել, ճի՛շդ ժամանակին, ճի՛շդ գիտելիքներով եւ ակնկալութիւններով: Հո՛ս է ծնողքին եւ ուսուցիչներուն անժխտելի դերը: Թէ չէ դարուս ամենագրաւիչ խաղերն ու խաղալիքները իրենց կործանարար դերը կը կատարեն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ