Իսրայէլը դարձեալ հարուածեց Լիբանանի հարաւը, այս անգամ, ըստ իրեն, այնտեղ կայք հաստատած պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան կեդրոնները, ուրկէ հրթիռներ արձակուած էին դէպի իսրայէլեան տարածքներ:
Գիտենք, որ իրանամէտ «Հըզպոլլա» կուսակցութիւնը կը գործակցի «Համաս»ի հետ, սակայն նորութիւն էր, որ այդ կազմակերպութիւնը Իսրայէլի վրայ Կազայէն հրթիռ արձակելու փոխարէն՝ նոյն գործողութիւնը Լիբանանէն կը կատարէ. արդեօք Իսրայէլին պատրուակ չտալո՞ւ համար որ Կազան հարուածէ ու պաղեստինցիներ սպաննէ. բայց այս պարագային ալ լիբանանցիք պիտի վնասուին, չէ՞:
Իսրայէլի համար սովորական գործողութիւն դարձած է ատենը անգամ մը սուրիական տարածքներ ռմբակոծելը, իրանեան ոյժերու կուտակումներուն վրայ, որոնք հազիւ թէ հակազդեցութիւն կ՛ունենան Սուրիայէն: Միջազգայնօրէն դատապարտելի այս արարքները՝ ինքնիշխան պետութեան մը տարածքները օդուժով ներխուժել, աւերներ գործել եւ մարդիկ սպաննելը, երեւի ձեւով մը արտօնուած է մէյ մը Թուրքիոյ, որ իրաքեան սահմանները բռնաբարէ եւ քրտական շրջանները ռմբակոծէ, մէյ մըն ալ՝ Իսրայէլին, որ ազատ-համարձակ Լիբանանն ու Սուրիան թիրախ կը դարձնէ: Ո՛չ ՄԱԿ-ը, ո՛չ ալ արեւմտեան պետութիւնները կը դատապարտեն: Անոնց համար ԱՄՆ-ի գերազանց հովանաւորութիւնը վայելող Իսրայէլը դատապարտելը բացառուած է, ճիշդ հարուստի շփացած զաւկին նման, որ միւս երեխաներէն տարբեր իրաւունքներ կը վայելէ իր սանձարձակ չարութիւններով:
Հազիւ խօսք մը հրապարակուի Իսրայէլը դատապարտող, Մ. Նահանգները իսկոյն, լարուած մեքենայի նման իր կտրուկ յայտարարութիւնը կ՛ընէ, թէ Իսրայէլի ապահովութիւնը առաջնային է ԱՄՆ-ի համար: Յետո՞յ, ասիկա այսպէս պիտի շարունակուի՞: Երեւի՝ այո՛, գոնէ այնքան ատեն, որ նոյնն է խօսողն ու տիրողը:
1973-ի Արաբ-Իսրայէլեան չորրորդ պատերազմէն ետք (1948, Իսրայէլի պետութեան գոյառումը, 1956, Սուէզի ջրանցքին ազգայնացման առթիւ, 1967 հինգօրեայ պատերազմը եւ 1973-ի Ազատագրումի պատերազմը), երբ Սուրիան եւ Եգիպտոսը յարձակում գործեցին Իսրայէլի վրայ՝ վերադարձնելու համար 1967-ին Իսրայէլի կողմէ գրաւուած իրենց տարածքները, պատերազմի ամենաթէժ վայրկեանին, երբ սուրիական բանակը կը յառաջանար դէպի Գոլանի բարձունքներ, ԱՄՆ-Սովետ. Միութիւն միջամտեցին ու պատերազմը դադրեցուցին, որմէ ամիսներ ետք, ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ոյժերը Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին վրայ տեղակայուեցան՝ Սուրիոյ հարաւէն չնչին մաս մը ազատագրելով, մինչ Գոլանի բարձունքները մնացին ու կը շարունակեն մնալ Իսրայէլի սահմանէն ներս, եւ այդ օրէն ի վեր, ամբողջ 50 տարի, փոխադարձ յարձակումներ չեղան, քանի որ ՄԱկ-ի ոյժերուն մնալը երկկողմ համաձայնութեամբ 50 տարիէ ի վեր, վեց ամիսը անգամ մը կը վերանորոգուի: Իսկ Եգիպտոս իր յարձակումով իսրայէլեան «Պարլեւի գիծը» քանդեց ու կրցաւ գրաւուած Սինաիի թերակղզին ազատագրել:
Ամբողջ 50 տարի փամփուշտ մը չէ արձակուած Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ, կամ՝ հակառակ ուղղութեամբ, մինչեւ որ վերջերս, յատկապէս իրանեան ոյժերու ներկայութիւնը Սուրիոյ տարածքին, Իսրայէլի կողմէ իր անվտանգութեան սպառնալիք նկատելով, սկսաւ թիրախաւորել սուրիական տարածքներու մէջ գտնուող իրանեան կեդրոնները: Անշուշտ, երբ Իրանի մասին կը խօսինք, պէտք չէ մոռնալ գործակից լիբանանեան «Հըզպոլան» (Աստուծոյ կուսակցութիւնը): Ուրեմն Իսրայէլի համար Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը անընդունելի է եւ ամէն միջոցի պիտի դիմէ զայն չէզոքացնելու համար::
Իրանը յաճախ սպառնացած է Իսրայէլը աշխարհի երեսէն ջնջել եւ… այդքան միայն: Խօսքով սպառնալիք՝ առանց որեւէ գործնական քայլի, սակայն իր կառուցած աթոմակայանը, որ արդէն միջուկային ռումբ պատրաստելու մակարդակին հասած է, լուրջ վտանգ կը նկատէ Իսրայէլ եւ հարցը հոն չհասած՝ իր հարուածներով կ՛ուզէ առաջքը առնել անոր:
Սուրիական հողը թատերաբեմ դարձած է հակամարտ պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու՝ Իսրայէլ եւ Ամերիկա մէկ կողմէն Իրանի դէմ, անդին՝ ԱՄՆ եւ քրտական բանակը Թուրքիոյ դէմ- եւ տակաւին ասոնք բոլորը ԻՊԻՍ-ի (Իսլամական պետութիւն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ) դէմ… Ու Սուրիական դժոխքը կը շարունակուի:
Աստուած օգնէ Սուրիոյ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ