ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿի ղեկավար, ՌԱԿի Համադրուած Մամուլի հիմնասիւներէն, համբաւաւոր մտաւորական եւ հրապարակագիր, երէց ընկ. Երուանդ Ազատեան, Միամիի մէջ ԱՄՆ, վերջերս վատառողջ զգալով փոխադրուած է հիւանդանոց:
Մասնագէտ բժիշկներու հսկողութեան տակ մեր յարգելի ընկերը տեղւոյն հիւանդանոցին մէջ այժմ կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը:
Ընկեր Երուանդ Ազատեանին կը մաղթենք շուտափոյթ եւ ամբողջական ապաքինում, շուտով վերադառնալու համար ազգային, խմբագրական, մշակութային եւ քաղաքական իր աշխոյժ գործունէութեան:
ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խորհուրդ