Արցախեան ճգնաժամին խորացումը, արցախահայութեան դէմ աւելի քան 105 օրէ ի վեր շարունակուող շրջափակումը, նոյնիսկ Արդադատութեան միջազգային դատարանի 2023 փետրուար 22 թուակիր վճիռին ու անոր հետեւած միջազգային այլ ատեաններու որոշումներուն արհամարհումը, անգամ մը եւս, թերեւս աւելորդ անգամ, կը հաստատեն հին ճշմարտութիւնը, թէ ուժի իրաւունքն է, եւ ո՛չ իրաւունքի ուժը, որ տիրող կը մնայ աշխարհի վրայ: Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հետ, աջակցութեամբ Իսրայէլի, Փաքիստանի, Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ երեւելի եւ աներեւոյթ այլ ուժերու, 44-օրեայ պատերազմին, օգտուելով հայոց բանակի անպատրաստ վիճակէն, ինչպէս նաեւ ներքին դաւադրութիւններէն՝ պարտութեան մատնեց մեր երկիրը եւ այժմ, արդէն շուրջ երեք տարի, կը սպառնայ, միշտ ուժի իրաւունքով, ոչնչացնել առաջին հերթին Արցախի մնացորդացը, ապա ամբողջ Հայաստանը որպէս պետութիւն եւ ազգային հաւաքականութիւն:
Ի՞նչ կընենք մենք, որպէս պետութիւն ու որպէս ազգային հաւաքականութիւն՝ հայրենաբնակ թէ սփիւռքացեալ: Զօրաշարժի կենթարկե՞նք մեր ներքին ուժերը, ի մի կը բերե՞նք մեր կարողութիւնները, փոքր կամ մեծ, երբեմն կազմակերպ, աւելի հաճախ տարտղնուած մեր «ազդեցութեան գօտիները», մտային ու նիւթական կարողութիւնները: Դժբախտաբար՝ ո՛չ:
Նման պարագաներուն, շատ բնականօրէն, մեր հայեացքը կուղղենք դէպի հայոց պետական իշխանութիւն, անկէ ակնկալելով համընդհանուր զօրաշարժի ազդանշան, ուժերու եւ ջանքերու համակարգում, առաջնորդութիւն: Ի զուր, կրկին դժբախտաբար: Մեր երկրի ներկայ իշխանութիւնները ոչ միայն ի վիճակի չեն, այլեւ համաձայն չեն այդպիսի նախաձեռնութիւններու: Անոնք կը գտնուին «խաղաղութեան դարաշրջան» ստեղծելու երազախաբութեան մէջ: Անոնց մեծ մասը այժմ եւ միշտ կը գտնուին ու պիտի գտնուին սեփական իշխանութիւնը պահպանելու եւ իշխանութեան միջոցով սեփական բարեկեցութիւնը ապահովելու մարմաջի մէջ: Վկա՛յ՝ Human Rigts Watch-ի մեզի համար ամօթալի զեկոյցները Հայաստանի մէջ տիրող համակարգային կաշառակերութեան (corruption) եւ ազատութիւններու սահմանափակուածութեան մասին: Եւ ասիկա այն պայմաններու տակ, երբ իրենք՝ իշխանաւորները, առաջին հերթին՝ բարձրագոյն իշխանաւորը, կը պնդեն ցեղասպանութեան եւ ռազմական ներխուժման անմիջական վտանգի մասին՝ չես գիտեր ժողովուրդը վախցնելով Ատրպէյճանին անձնատուր ըլլալու փաստաթուղթ ստորագրելո՞ւ, թէ՞ Արցախը ամբողջութեամբ եւ Զանգեզուրն ալ միասին զիջելու նպատակով: Անշուշտ, այդ պնդումները անհիմն չեն, բայց անընդունելի են այդ վտանգները համազգային ուժերով չդիմակայելու, չդիմադրելու տրամադրութիւնն ու ոգին:
Օրհասական այս պահուն ազգային ուրիշ ի՞նչ ուժէ կարելի է կառչիլ: Խորհրդարանական ընդդիմութեա՞ն: Դժբախտաբար՝ ո՛չ: Ազգային ժողովին մէջ սովորաբար մեկուսի գործող, խորհրդարանական դոյզն համախոհութիւն ստեղծելու անատակ ընդդիմութիւնը, գէթ ներկայ իր վիճակին մէջ, աւա՜ղ, չի կրնար երաշխիք դառնալ Արցախի փրկութեան, արցախահայութեան ապահով եւ ազատ ապրելու ձգտումներու իրականացման: Առաւելագոյնը զոր կրնար ընել ընդդիմութիւնը՝ արցախահայութեան պորտալարը՝ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը գոց պահելու ատրպէյճանական քաղաքականութեան դէմ խորհրդարանական յայտարարութեան նախաձեռնութիւնն էր, որ տապալեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կոչեցեալ մեծամասնութեան կողմէ:
Ուրիշ ո՞վ կամ ո՞վքեր կարող են դառնալ համահայկական հուժկու նախաձեռնութիւն ստեղծելու կռուան. մեր ավանդական կուսակցութիւննե՞րը: Իցիւ թէ: Անոնցմէ ամենակազմակերպ կառոյցը՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը, հակառակ Հայ դատի գրասենեակներու օգտակար գործունէութեան, կորսնցուցած կը թուի ըլլալ իր կեդրոնը: Հի՜ն հիւանդութիւն՝ «Արեւելեան» եւ «Արեւմտեան» բիւռօներ: Մինչ ՍԴՀնչակեան կուսակցութիւնը կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր գոյութեան իմաստաւորումը: Իսկ ինչ կը վերաբերի իմ կուսակցութեան՝ ՌԱԿ-ին, տեւական ժամանակ է, որ անիկա առեւանգուած կը մնայ մի քանի անձերու կողմէ, որոնք ուրիշ բան չեն գիտեր ընել, եթէ ոչ՝ զբաղիլ իրենց փառասիրական գիջութեամբ…
Կը մնայ համազգային մեր մեծագոյն կառոյցը՝ Հայ Առաքելական եկեղեցին, որ օրերս, Արցախի շրջափակումի 100-րդ օրուան առթիւ, Վեհափառ Հայրապետի եւ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի անունով հրապարակեց Միջազգային դատարանին որոշումը արհամարհելու, միջազգային դատական ատեաններու վճիռները կոպտօրէն շրջանցելու Ատրպէյճանի ընթացքը դատապարտող, որուն մէջ, սակայն, չկար հակազդեցիկ գործողութեան որեւէ նախաձեռնութիւն: Մինչդեռ Մայր աթոռը կրնայ, Մեծի տանն Կիլիկիոյ աթոռին, ինչպէս նաեւ յարանուանական մեր միւս եկեղեցիներուն հետ կեդրոնաձիգ կառոյցը դառնալ համազգային քաղաքական, քարոզչական, մտաւորական ու տնտեսական համահայկական ներուժը համախմբելու, հաւաքաբար եւ համախոհութեամբ գործնական աշխատանքային ծրագիրներ եւ համապատասխան որոշումներ կայացնելու համար:
Օրհասական այս վիճակին մէջ, զարմանալի եւ արտակարգ, մեզի համար գոյատեւման պայքարի, համահայկական դիմադրողականութեան օրինակ եւ կռուան կը մնայ արցախահայութիւնը, անոր չընկճուելու, իր հողին ու ջուրին կառչած մնալու կամքը: Այդ կամքը կրնայ փրկել ամբողջ Հայաստանը, մեր պետականութիւնը, ազգի լինելիութիւնը:
Պէտք է բոլորուինք արցախահայութեան շուրջ: Ուժեղացնենք զայն եւ ուժեղանանք անով: Ուրիշ ելք չկայ:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ